­Մեր Փրկ­չին ­Յի­սու­սի Ք­րիս­տո­սի Հ­րա­շա­փառ ­Յա­րու­թեան ա­ռա­ւօ­տը մարդ­կու­թեան այն հիաս­քանչ ա­ռա­ւօտն է¸ ո­րուն ի տես կը զմայ­լինք¸ կը հիա­նանք այն­պէս ինչ­պէս ան­կաս­կած պի­տի սքան­չա­նա­յինք¸ ե­թէ ա­կա­նա­տես ըլ­լա­լինք աշ­խար­հի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան սկիզ­բի այն պա­հուն¸ երբ Ա­րա­րիչն Աս­տու­ծոյ ե­ղի­ցի լոյս հրա­մա­նով լոյս տե­սաւ աշ­խար­հը։ Եւ այդ­պէս¸ Հ­րա­շա­փառ ­Յա­րու­թեան ա­ռա­ւօ­տը¸ Աս­տուծ­մէ հե­ռա­ցած մարդ­կու­թեան հա­մար ե­ղաւ նոր ե­ղի­ցի լոյս¸ նոր ա­րար­չու­թիւն¸ նոր ար­շա­լոյս։
­Պօ­ղոս Ա­ռա­քեալ պեր­ճա­խօս վկան է Ք­րիս­տո­սի յա­րու­թեան հա­ւատ­քին հաս­տա­տո­ւած նոր կեան­քին¸ որ ­Կորն­թա­ցի­նե­րուն գրած երկ­րորդ նա­մա­կին մէջ կ­՚ը­սէ¸ «Ոե­ւէ մէ­կը որ Ք­րիս­տո­սի միա­ցած է¸ նոր ա­րա­րած է. այ­լեւս չէ այն ինչ որ էր նա­խա­պէս¸ ո­րով­հե­տեւ ամ­բող­ջու­թեամբ նո­րո­գո­ւե­ցաւ։ Եւ այս նո­րո­գու­թիւ­նը կու գայ Աս­տուծ­մէ¸ որ Ք­րիս­տո­սի մի­ջո­ցաւ մեզ ի­րեն հետ հաշ­տե­ցուց եւ նաեւ պաշ­տօն պաշ­տօն տո­ւաւ մե­զի՝ ու­րիշ­ներն ալ հաշ­տու­թեան բե­րե­լու»։
( Բ. ­Կորնթ. 5:17-18)։
Քրս­տո­սի հրա­շա­փառ յա­րու­թեամբ աշ­խար­հը նո­րո­գո­ւած է¸ եւ ­Յա­րու­ցեալ Ք­րիս­տո­սը՝ նոր Ա­դա­մը։ ­Յա­րու­թեան ա­ռա­ւօ­տուն¸ Ք­րիս­տո­սի թա­փուր գե­րեզ­մա­նէն հրեշ­տա­կին տո­ւած սուրբ յա­րու­թեան ա­ւե­տի­սը իւ­ղա­բեր կի­նե­րը փո­խան­ցե­ցին Ա­ռա­քեալ­նե­րուն¸Ա­ռա­քեալ­նե­րը Ե­կե­ղե­ցիին¸ եւ Ե­կե­ղե­ցիին օրհ­ներ­գու­թիւն­նե­րով ան­ցաւ սե­րուն­դէ սե­րունդ¸ ու այդ­պէս դա­րէ դար կը շա­րու­նա­կո­ւի ցայ­սօր եւ առ յա­ւէտ՝ Ք­րիս­տոս յա­րեաւ ի մե­ռե­լոց¸ մա­հո­ւամբ մա­հը կոխկռ­տեց եւ իր յա­րու­թեամբ մե­զի կեանք պար­գե­ւեց։
­Հայ ե­կե­ղե­ցին¸ ամ­րօ­րէն կառ­չած ­Յա­րու­թեան հա­ւատ­քին¸ ­Սուրբ ­Յա­րու­թեան տօ­նին յա­ջորդ ա­ռա­ջին ­Կի­րա­կին ա­նո­ւա­նեց ­Նոր ­Կի­րա­կի։ ­Սա ինք­նին ցու­ցա­նիշ է¸ թէ ­Հայ Ե­կե­ղե­ցին լա­ւա­պէս իւ­րա­ցու­ցած է վե­րա­նո­րոգ­ման հրա­մա­յա­կա­նը։ ­Նոր ­Կի­րա­կիին հայ քրիս­տո­նեան նո­րոգ զար­դա­րեալ բնու­թեամբ կը փա­ռա­բա­նէ Ա­րա­րիչ Աս­տո­ւա­ծը¸ որ վերս­տին բարձ­րա­ցուց մար­դը իր սկզբնա­կան ար­ժէ­քին ու պա­տի­ւին։
­Սուրբ ­Յա­րու­թեան գլխա­ւոր յատ­կա­նի­շե­րէն է վե­րա­նո­րո­գու­մը։ Ք­րիս­տոս Իր յա­րու­թեամբ նո­րո­գո­ւած մար­դու անդ­րա­նիկ օ­րի­նա­կը ե­ղաւ¸ եւ մար­դի­կը կո­չեց վե­րա­նո­րո­գո­ւե­լու, ­Յա­րու­թեան հա­ւատ­քով ե­րաշ­խա­ւո­րո­ւած նոր կեան­քով նոր մարդ դառ­նա­լու։ ­Պօ­ղոս Ա­ռա­քեալ իր նա­մակ­նե­րուն մէջ յա­ճախ ընդվ­զու­մով յի­շե­ցուց իր հիմ­նած ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն¸ թէ տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կեն ապ­րիլ հին կեան­քով. «­Մոռ­ցէք ձեր հին կեանքն ու նախ­կին գոր­ծե­րը¸ եւ նոր մարդ ե­ղէք՝ ձեր Ա­րա­րի­չին պատ­կե­րին հա­մա­ձայն նո­րո­գո­ւե­լով¸ որ­պէս­զի կա­րե­նաք զինք ճանչ­նալ»։ (­Կո­ղո­սա­ցիս 3:10)։
­Հարկ չկայ շեշ­տե­լու¸ թէ վե­րա­նո­րո­գու­մը ո­րե­ւէ տե­սակ կեան­քի՝ ըլ­լայ բու­սա­կան¸ ա­նաս­նա­կան կամ մարդ­կա­յին բնու­թեան գո­յա­տեւ­ման գրա­ւա­կանն է։ ­Հե­տե­ւա­բար¸ ա­ռանց նո­րոգ­ման կեանք չկայ։
­Սոյն բնու­թե­նա­կան ճշմար­տու­թիւ­նը որ­քան որ ան­հա­տին հա­մար ի զօ­րու է¸ նոյն­քան ալ՝ հա­ւա­քա­կան կեանք ու­նե­ցող մարդ­կա­յին իւ­րա­յա­տուկ ըն­կե­րու­թեանց հա­մար։
­Սուրբ ­Յա­րու­թեան վե­րա­նո­րոգ­ման հրա­մա­յա­կաին պրիս­մա­կէն դի­տե­լով մեր հա­սա­րա­կաց եւ հա­ւա­քա­կան կեան­քը¸ ագ­գա­յին կեան­քը¸ շատ ա­ւե­լի հնչեղ եւ այժ­մէա­կան կը թո­ւի ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տին՝ Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սին 2022 տա­րին Ս­փիւռ­քի տա­րի հռչա­կե­լը։ Ս­փիւռ­քի իւ­րա­քան­չիւր հա­մայնք¸ իր ազ­գա­յին կեան­քին պար­զած ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կի գնա­հա­տում մը կա­տա­րէ¸ մատ­նան­շե­լով այն­տեղ պար­զո­ւած պատ­կե­րը¸ հոն պի­տի անդ­րա­դառ­նայ թէ ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տին պատ­գա­մը¸ թե­լանդ­րանք ըլ­լա­լէ ա­ւե­լի¸ սթա­փու­մի¸ զգաս­տու­թեան¸ վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման¸ վե­րա­նո­րոգ­ման¸ վե­րաշ­խու­ժաց­ման հրա­հանգ է¸ որ ա­հա­զան­գի ուժգ­նու­թիւ­նը ու­նի։ ­Յան­ձո­ւո­ղա­կան¸ հա­մա­կեր­պու­թեան եւ ըստ այնմ ին­քար­դա­րաց­ման հո­գե­վի­ճա­կէն դուրս գա­լու եւ ներ­կա­յի բո­լոր տո­ւեալ­նե­րըն ու կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը վեսր­տին ճիշդ կեր­պով գոր­ծի լա­րե­լու տա­րի է։
Ք­րիս­տո­սի ­Յա­րու­թիւ­նը սոսկ դէպ­քի մը յի­շա­տա­կու­մը չէ¸ այլ Ե­կե­ղե­ւոյ ու­սու­ցում­նե­րուն ա­ռանց­քը կը կազ­մէ¸ եւ՝ քրիս­տո­նեայ հա­ւա­տա­ցեա­լին հա­ւատ­քի հիմ­քը. «Ե­թէ Ք­րիս­տոս յա­րու­թիւն ա­ռած չէ¸ զուր է մեր քա­րո­զու­թիւ­նը¸ զուր է նաեւ ձեր հա­ւատ­քը»։ ( Ա. ­Կորնթ. 14)։ ­Հե­տե­ւա­բար¸ բա­ւա­րար չէ ըն­դու­նիլ եւ հա­ւա­տալ Ք­րիս­տո­սի յա­րու­թեան¸ ա­ռանց որ այդ հա­ւատ­քը գործ­նա­պէս ի­մաս­տա­ւո­րո­ւի քրիս­տո­նեա­յին կեան­քին մէջ։
­Հա­ւատ­քը ա­նի­մաստ է ա­ռանց գոր­ծի¸ «­Հա­ւատ­քը ա­ռան­ձինն՝ ա­ռանց գոր­ծե­րու՝ մե­ռած է»։ (­Յա­կո­բոս 2:17)։
­Յա­րու­թեան հա­ւատ­քին հրա­մա­յա­կա­նը նո­րո­գու­թիւնն է։ Ե­թէ մեր կեան­քը ա­ւե­տա­րա­նա­նա­կան ու­սու­ցում­նե­րու հա­մա­ձայն չվե­րա­նո­րո­գուի¸ թե­րի կը մնայ թէ’ մեր հա­ւատ­քը եւ թէ՛ ա­պար­դիւն՝ մեր ապ­րած քրիս­տո­նէա­կան կեան­քը։
­Նո­րո­գու­թիւ­նը մեզ պի­տի փո­խադ­րէ կեան­քի այլ մա­կար­դա­կի՝ մար­դա­կեդ­րոն կեն­ցա­ղա­կեր­պէն աս­տո­ւա­ծա­կեդ­րո­նի։
­Սուրբ ­Յա­րու­թեան տօ­նը եւ ան­կէ հնչող բա­րի լու­րը վե­րա­նո­րոգ­ման հրա­մա­յա­կան հրա­ւէր է։ Այդ­պէս կա­րե­լի է միայն ար­ժե­ւո­րած ըլ­լալ սուրբ ­Յա­րու­թեան տօ­նը։

Ք­րիս­տոս յա­րեաւ ի մե­ռե­լոց։
Օր­հեալ է յա­րու­թիւնն Ք­րիս­տո­սի
­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան
Ա­ռաջ­նորդ ­Յու­նաս­տա­նի ­Թե­մին
Ս. ­Զա­տիկ 2022