ՆՈՐԱ ՍԱՐԱՖԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ

­Վե­րա­մուտ է:
­Տա­րո­ւան այս ե­ղա­նա­կին աշ­խար­հի տա­րած­քին բազ­մա­հա­զար կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­ներ կը վերսկ­սին ի­րենց աշ­խա­տանք­նե­րուն:
«­Մեր» դպրոց­ներն ալ, բո­լո­րին նման, կը բա­նան ի­րենց դռնե­րը, եւ հայ ա­շա­կերտ­ներ ի­րենց քայ­լե­րը դար­ձեալ կ­՚ուղ­ղեն դէ­պի հայ  դպրոց:
­Նոր տա­րեշր­ջա­նի սե­մին իւ­րա­քան­չիւր կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն կը ջա­նայ վե­րա­մու­տը սկսիլ նո­րա­րա­րու­թիւն­նե­րով, փո­փո­խու­թիւն­նե­րով եւ ար­դի ու թարմ ծրա­գիր­նե­րով:
­Նո­րու­թիւն­ներ բե­րե­լու այս ազ­նիւ ճի­գին հետ մէջ­տեղ կու գան նոր դժո­ւա­րու­թիւն­ներ եւ նոր խնդիր­ներ, ո­րոնք կ­՚ա­ւել­նան ար­դէն իսկ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող եւ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին կու­տա­կո­ւած մտա­հո­գու­թիւն­նե­րուն վրայ:
­Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, ար­հես­տա­գի­տա­կան մար­զին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած  ա­րագ զար­գա­ցու­մը, իր դրա­կան եւ բա­ցա­սա­կան ազ­դե­ցու­թեամբ, բնա­կա­նա­բար մուտք գոր­ծած է նաեւ մեր կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն մէջ: Աշ­խար­հը մեծ թա­փով յա­ռա­ջըն­թաց կ­՛ապ­րի, եւ նոր սե­րուն­դը են­թա­կայ է ա­մէ­նօ­րեայ յե­ղաշր­ջում­նե­րու պար­տադ­րած պայ­ման­նե­րուն: ­Հա­ղոր­դակ­ցու­թեան նոր մի­ջոց­նե­րը, ո­րոնք միեւ­նոյն ա­տեն քա­րոզ­չա­կան եւ դաս­տիա­րակ­չա­կան դեր կը կա­տա­րեն, իշ­խող ներ­կա­յու­թիւն են մեր վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ: ­Մեր ա­շա­կերտ­նե­րը, ո­րոնք սփիւռ­քի տա­րած­քին  ար­դէն կը դի­մագ­րա­ւէին պատ­կա­նե­լիու­թեան լուրջ խնդիր­ներ, ներ­կա­յիս ա­ռի­թը ու­նին պատ­կա­նե­լու ոչ թէ եր­կու, այլ բազ­մա­թիւ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րու:
Այս մտա­հո­գու­թիւն­նե­րէն մեկ­նե­լով եւ այս նո­րաս­տեղծ դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն ա­ռաջ­քը առ­նե­լու նպա­տա­կով` տա­րիէ մը ի վեր, «­Գա­լուստ ­Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եւ ANEC-ի (Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րե­ւե­լեան թե­մի Ազ­գա­յին ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի Ու­սում­նա­կան խոր­հուր­դի) վա­րիչ- տնօ­րէ­նու­հիին` ­Մա­րիի ­Կիւ­լիւ­մեա­նին կազ­մա­կերպ­չա­կան օգ­նու­թեամբ, սփիւռ­քի տար­բեր գա­ղութ­նե­րու մէջ ա­մէ­նօ­րեայ եւ միօ­րեայ զա­նա­զան վար­ժա­րան­նե­րու հա­յե­րէ­նի  ու­սու­ցիչ­ներ հեր­թա­կան «­Զում»  հան­դի­պում­նե­րով ա­ռի­թը ու­նե­ցան հե­տե­ւե­լու ման­կա­վար­ժա­կան եւ հո­գե­բա­նա­կան նիւ­թե­րով դա­սա­խօ­սու­թիւն­նե­րու եւ զրոյց­նե­րու, ո­րոնց ըն­թաց­քին ար­ծար­ծո­ւե­ցան մեր դպրոց­նե­րուն մէջ  մայ­րե­նի լե­զուն ա­ւե­լի շի­նիչ եւ կեն­սու­նակ մօ­տե­ցում­նե­րով  մա­տու­ցե­լու մե­թոտ­ներն ու ձե­ւե­րը: ­Տո­ւեալ  հան­դի­պում­նե­րուն ա­ռի­թը ըն­ծա­յո­ւե­ցաւ, մաս­նա­գի­տա­կան զե­կու­ցում­նե­րու կող­քին, լսել ե­րի­տա­սարդ սփիւռ­քա­հայ տղոց հա­յե­րէ­նը իւ­րաց­նե­լու եւ հա­յե­րէ­նով ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու  վկա­յու­թիւն­նե­րը:  «­Լե­զուն ապ­րի՞լ, թէ՞ սոր­վիլ» խո­րա­գի­րը կրող այս հան­դի­պում­նե­րուն հար­թա­կը դար­ձաւ բո­լո­րիս բարձ­րա­խօ­սը, եւ հոն­կէ ծնաւ տե­սա­կա­նէն գործ­նա­կա­նի անց­նե­լու մտա­ծում մը:
Ար­դա­րեւ, անհ­րա­ժեշտ նկա­տո­ւե­ցաւ կազ­մա­կեր­պել հա­ւաք-հան­դի­պում մը, որ­պէս­զի կա­րե­լի դառ­նայ ծա­նօ­թա­նալ, ու­սում­նա­սի­րել եւ բիւ­րե­ղաց­նել  այդ հան­դի­պում­նե­րուն ըն­թաց­քին ներ­կա­յա­ցո­ւած ծրա­գիր­նե­րուն եւ ման­կա­վար­ժա­կան մօ­տե­ցում­նե­րուն ի­րա­գործ­ման ե­ղա­նա­կը:
«­Գա­լուստ ­Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պեց եւ հո­վա­նա­ւո­րեց սոյն հա­ւա­քը, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ 24-30 ­Մա­յի­սին:
Եւ­րո­պա­յի տա­րած­քին գոր­ծող հայ­կա­կան դպրոց­նե­րու հա­յե­րէ­նի 13 ու­սու­ցիչ­ներ խմբո­ւե­ցան ­Յու­նաս­տա­նի ­Գո­քի­նիա քա­ղա­քի Հ.Օ.Մ.-ի «­Զա­ւա­րեան» դպրո­ցին մէջ:
­Վայ­րին ընտ­րու­թիւ­նը պա­տա­հա­կան չէր. տե­ղի ու­սուց­չա­կան կազ­մը, գլխա­ւո­րու­թեամբ տնօ­րէ­նու­հի ­Հայ­կան ­Մի­նա­սեա­նի, ար­դէն քա­նի մը տա­րիէ ի վեր կը գոր­ծադ­րէ ծրա­գիր մը, ո­րուն ար­դիւն­քը ակ­նե­րեւ է:
­Ման­կա­կան բազ­մա­թիւ գիր­քե­րու հե­ղի­նակ, ման­կա­վարժ Ա­նա­հիտ ­Սար­գի­սեա­նի ման­կա­պար­տէ­զի ծրա­գի­րը, լե­զո­ւա­բան եւ ման­կա­վարժ Ա­նի ­Կար­մի­րեա­նի տա­ռա­ճա­նա­չու­մի ու­սուց­ման նոր մե­թո­տի գոր­ծադ­րու­թիւ­նը յա­ջո­ղած են շնչող եւ կեն­դա­նի աշ­խարհ մը ստեղ­ծել վար­ժա­րա­նէն ներս, ուր կը տի­րէ բա­ցար­ձակ հա­մե­րաշխ եւ ներ­դաշ­նակ մթնո­լորտ` յար­գան­քով եւ գոր­ծակ­ցու­թեամբ զօ­դո­ւած, ա­շա­կեր­տա­կեդ­րոն մե­թո­տա­բա­նու­թեամբ եւ թո­ւա­յին ստեղ­ծա­րար ար­հես­տա­գի­տու­թեամբ ար­տա­յայ­տո­ւած:
Ծ­րագ­րին մա­տու­ցու­մը կը ցո­լաց­նէ ու­սու­ցիչ­նե­րուն բծախն­դիր եւ ար­հես­տա­վարժ մօ­տե­ցու­մը, որ մե­ծա­պէս կը նպաս­տէ նիւ­թը մա­նուկ­նե­րուն կող­մէ հա­ճոյ­քով ըն­կա­լո­ւե­լուն եւ ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու ա­զա­տու­թեան: ­Դա­սա­րան­նե­րը եւ դպրո­ցի տա­րած­քը գրա­ւիչ էին խօ­սուն նկար­նե­րով եւ պատ­գամ­նե­րով, հայ­կա­կան ա­սոյթ­նե­րով, ա­շա­կեր­տա­կան ա­ռօ­րեան դրսե­ւո­րող ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րով:
­Մաս­նա­կից­նե­րուն մօտ մեծ հե­տաքրք­րու­թիւն ստեղ­ծե­ցին «­Գա­լուստ ­Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կու­թեան հայ­կա­կան բա­ժան­մուն­քի ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի զար­գաց­ման պա­տաս­խա­նա­տո­ւին` Ա­նի ­Կար­մի­րեա­նին վա­րած ման­կա­վար­ժա­կան քննար­կում­նե­րը, ո­րոնց ա­ռանց­քը հան­դի­սա­ցան ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի դա­սա­ւանդ­ման յա­տուկ ծրագ­րի մը կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը եւ ստեղ­ծու­մը դպրո­ցա­վա­րա­կան ա­ռողջ մշա­կոյ­թի մը` ա­շա­կեր­տա­կեդ­րոն ըմբռ­նո­ղու­թեամբ, հա­ճե­լի եւ շի­նիչ գոր­ծե­լաո­ճով, ուր ա­շա­կեր­տը կա­րե­նայ սի­րա­յօ­ժար եւ ան­կաշ­կանդ մաս­նակ­ցիլ իր իսկ զար­գա­ցու­մին:
Ար­ժէ յի­շել, որ «­Գա­լուստ ­Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կու­թեան հայ­կա­կան բա­ժան­մուն­քի ման­կա­վար­ժա­կան եւ ու­սու­ցո­ղա­կան յա­րա­տեւ ծա­ւա­լող ձեռ­նարկ­նե­րը, ինչ­պէս` վե­րոն­շեալ ծրա­գիր­նե­րը,  մատ­չե­լի են «Զն­տուկ»  (zndoog.com) կայ­քէ­ջին վրայ, որ  ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պահ­պա­նու­մին եւ զար­գա­ցու­մին խթան եւ մղիչ ուժ հան­դի­սա­ցող պա­րարտ մի­ջա­վայր է:
Իր տե­սա­կին մէջ ա­ռա­ջի­նը հան­դի­սա­ցող այս հա­ւա­քը կա­րե­լի է նկա­տել ա­ռողջ սկիզբ մը: ­Կը մնայ ի մի խմբել ար­ծար­ծո­ւած միտ­քերն ու ա­ռա­ջարկ­նե­րը եւ անց­նիլ գոր­ծադ­րու­թեան:  ­Լիա­յոյս ենք, որ այս սկիզ­բը պի­տի ա­ռաջ­նոր­դէ նոր ծրա­գիր­նե­րու եւ հա­մախմ­բում­նե­րու, ու­նե­նայ շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւն եւ նպաս­տէ հա­մա­կար­գո­ւած նա­խա­գիծ ստեղ­ծե­լու գլխա­ւոր նպա­տա­կին:
­Վեր­ջա­պէս, այս հան­դի­պու­մը ե­կաւ ան­գամ մը եւս հաս­տա­տե­լու, որ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը սփիւռ­քի նո­րա­հաս սե­րուն­դը հայ պա­հե­լու գլխա­ւոր ազ­դակ­նե­րէն մէկն է: ­Հե­տե­ւա­բար անհ­րա­ժեշտ է ի գործ դնել անս­պառ ճիգ, ծրագ­րո­ւած աշ­խա­տանք, ստեղ­ծա­րար մի­ջոց­ներ, որ­պէս­զի նո­րա­հաս սե­րուն­դը մայ­րե­նին ճանչ­նայ եւ ըն­կա­լէ  որ­պէս ապ­րող եւ շնչող լե­զու:
­Բա­րի՛ երթ բո­լո­րիս: