­Մօտ ե­րեք բախ­տո­րոշ տաս­նա­մեակ­ներ ան­ցած են այն թո­ւա­կա­նէն, երբ ա­զա­տագ­րա­կան ա­րիւ­նա­լի պա­տե­րազ­մէն նոր դուրս ե­կած նո­րա­զատ Ար­ցա­խի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ­Հայ Օգ­նու­թեան ­Միու­թեան կը նո­ւի­րէին թշնա­մի ռմբա­գոր­ծում­նե­րէ կի­սա­քանդ շէնք մը՝ վե­րա­կա­ռու­ցե­լու եւ ի սպաս դնե­լու զայն պա­տե­րազ­մի որ­բե­րու եւ օգ­նու­թեան կա­րօտ ըն­տա­նիք­նե­րու մա­նուկ­նե­րուն որ­պէս ա­պաս­տան։ ­Տա­րին չան­ցած՝ Հ.Օ.Մ.ի ­Սօ­սէ ման­կա­պար­տէզ-ման­կամ­սու­րը գոր­ծի կ­՚անց­նէր ե­րե­քէն վեց տա­րե­կան 87 ե­րե­խա­նե­րով։
Այս­պէս, 1998 թո­ւին, կի­սա­նո­րոգ այդ շէն­քին մէջ հի­մը կը դրո­ւէր –­ այ­սօր ար­դէն պատ­մա­կան դար­ձած – Հ.Օ.Մ.ի ­Սօ­սէ ման­կա­պար­տէզ­նե­րու հայ­րե­նի հո­ղի վրայ կա­ռու­ցո­ւող ցան­ցին։ Եւ ա­հա՛, տաս­նըի­նը տքնա­ջան տա­րի­ներ ետք, Ար­ցա­խի մայ­րա­քա­ղաք Ս­տե­փա­նա­կեր­տի այդ նո՛յն շէն­քի տա­րած­քին վրայ, ամ­բող­ջո­վին վե­րա­կա­ռու­ցո­ւած Հ.Օ.Մ.ի բազ­մա­յարկ ­Սօ­սէ ման­կա­պար­տէզ-նա­խակր­թա­կան կեդ­րո­նը կը պատ­րաս­տո­ւի պաշ­տօ­նա­պէս իր դռնե­րը բա­նա­լու ներ­կայ տա­րո­ւան ­Սեպ­տեմ­բեր ամ­սու 6ին՝ որ­պէս վե­րա­կա­ռոյց կո­թո՛ղ մը հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­պար­տե­լի կամ­քին ու ­Սօ­սէ ­Մայ­րի­կի մշտա­վառ յի­շա­տա­կին։
Ա­ւե­լի քան 19 տա­րի­նե­րու հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տան­քի ան­ցեալ մը կայ ­Սօ­սէ ման­կա­պար­տէզ­նե­րու մե­րօ­րեայ լու­սա­ւոր ի­րա­կա­նու­թեան ե­տին։ ­Ներ­կա­յիս, ­Հայ Օգ­նու­թեան ­Միու­թիւ­նը Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան տա­րած­քին ու­նի 8 ման­կա­պար­տէզ­ներ՝ Ս­տե­փա­նա­կեր­տի, ­Շու­շիի, ­Տո­ղի, ­Մեծ ­Թա­ղե­րու, Ա­շա­նի, Ա­կա­նա­բեր­դի, ­Քա­րե­գա­հի եւ Խնձ­րիս­տա­նի մէջ. ութ լու­սա­տու հաս­տա­տու­թիւն­ներ՝ ո­րոնց բարձ­րա­դիր փա­րո­սը, կա­րե­լի է ը­սել, Ս­տե­փա­նա­կեր­տի Անդ­րա­նիկ –­ այժմ վե­րա­կանգ­նո­ւած – ­Սօ­սէ ման­կա­պար­տէզն է իր պատ­մա­կան, Հ.Օ.Մ.ա­կա­ռոյց ան­ցեա­լով ու ներ­կա­յով։
Ամ­բող­ջաց­նե­լու հա­մար այս հա­կիրճ պատ­մա­կա­նը՝ ա­ւելց­նենք, թէ եր­կու տա­րի ա­ռաջ, Հ.Օ.Մ.ի ­Հա­մա­հայ­կա­կան 71րդ ­Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ­Ժո­ղո­վէն ան­մի­ջա­պէս ետք, 11 ­Հոկ­տեմ­բեր 2015ին տե­ղի կ­՚ու­նե­նար Ս­տե­փա­նա­կեր­տի ­Սօ­սէ ման­կա­պար­տէ­զի ներ­կայ շէն­քի հիմ­նօրհ­նէ­քի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը՝ խան­դա­վառ մաս­նակ­ցու­թեամբ հայ­րե­նի թէ միու­թե­նա­կան ա­ւա­գա­նիին, տե­ղա­կան թէ այ­ցե­լու Հ.Օ.Մ.ա­կան­նե­րու, ծնող­նե­րու եւ ա­շա­կերտ­նե­րու հոծ բազ­մու­թեան։ ­Հոկ­տեմ­բեր 2015էն մին­չեւ ­Մարտ ամ­սո­ւան վեր­ջը նոր կա­ռոյ­ցի շի­նա­րա­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը ա­նընդ­հատ ու հե­զա­սահ կ­՚ըն­թա­նա­յին, մին­չեւ ա­զե­րի զի­նեալ ու­ժե­րու Ապ­րի­լեան վայ­րագ –­ այ­լեւ ձա­խող – ­ներ­խուժ­ման գա­զա­նա­յին փոր­ձը, ո­րուն հե­տե­ւան­քով իր վերջ­նա­կան փու­լին մէջ մտած աշ­խա­տան­քը կանգ կ­՚առ­նէր։
­Թող թոյլ տրո­ւի մե­զի այժմ ը­սե­լու, թէ ան­պար­տե­լի է ու ամ­րա­կերտ հայ ժո­ղո­վուր­դի շի­նա­րար կամքն ու հա­ւատ­քը, եւ ա­նոր ար­դիւնք՝ ան­հա­մար գի­տու­թեան ու մա­տե­նագ­րու­թեան տա­ճար­նե­րը, ո­րոնց կի­սա­քանդ կա­ռոյց­նե­րը լուռ կը հսկեն հայ­րե­նի պատ­մա­կան տա­րածք­նե­րուն վրայ՝ խրա­խու­սե­լով մեզ շա­րու­նա­կե­լու մեր քա­ղա­քա­կերտ ժո­ղո­վուր­դի ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը լոյ­սի եւ յոյ­սի նոր կեդ­րոն մը ա­ւելց­նե­լու մեր հա­զա­րա­մեայ հունձ­քին վրայ։
­Շու­տով, ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 6 ­Սեպ­տեմ­բեր 2017ին, Հ.Օ.Մ.ի նո­րա­կերտ ­Սօ­սէ ման­կա­պար­տէ­զը պաշ­տօ­նա­պէս պի­տի բա­նայ իր դռնե­րը Ս­տե­փա­նա­կեր­տի մէջ, հայ­րե­նի ա­զատ երկն­քի տակ։ Այս առ­թիւ շնոր­հա­կա­լու­թեան ու ե­րախ­տա­գի­տու­թեան խօսք ու­նինք անխ­տիր բո­լո՛ր ա­նոնց, ո­րոնք ան­սա­կար­կօ­րէն տրա­մադ­րե­ցին ի­րենց թան­կար­ժէք ժա­մա­նակն ու կո­րո­վը, նիւ­թա­պէս թէ բա­րո­յա­պէս սա­տա­րե­լով այս բա­ցա­ռիկ ծրագ­րի ի­րա­կա­նաց­ման։
­Միա­ժա­մա­նակ՝ ար­դիւ­նա­ւէտ գոր­ծու­նէու­թիւն եւ յա­ջո­ղու­թիւն կը մաղ­թենք Հ.Օ.Մ.ի այս նո­րա­կերտ ու­սում­նա­կան օ­ճա­խին ներ­կայ ու ա­պա­գայ աշ­խա­տա­կազ­մե­րուն, ո­րոնց խնամ­քին պի­տի յանձ­նո­ւին Ար­ցա­խի մա­նուկ­նե­րուն հո­գե­կան ու մտա­ւոր պատ­րաս­տու­թեան սրբա­զան պար­տա­կա­նու­թիւ­նը։
Ինշ­պէս միշտ, ­Հայ Օգ­նու­թեան ­Միու­թիւ­նը, իր ­Հա­մա­հայ­կա­կան կազ­մով, կը մնայ կան­գուն ա­նոնց կող­քին՝ հա­ւա­տա­րիմ իր մար­դա­սի­րա­կան հայ­րե­նա­նո­ւէր ա­ռա­քե­լու­թեան։