«Միայն մէկ գիր, Մեսրոպեան գիր,
եւ մենք դարձանք լոյսի երկիր»
Գէորգ Էմին
Հայոց Ազգի ինքնութեան, մշակութային ինքնուրոյնութեան հիմնաքարը հանդիսացող Մեսրոպեան հանճարի Այբ ու Բէնի գիւտով սկիզբ առած պատմակերտ հանգրուանը քէրթուածի մէկ տողի մէջ խտացնող այս բառերը, մեր առջեւ կը բանան դարերու վրայ երկարող ու հայոց մշակութային անկախ հարստութիւնը կերտող աշխարհը։
Ք.ե. Հայոց Պատմութեան չորրոդ դարը յատկանշնուեցաւ քրիստոնեայ Հայաստանով, որ հայկական ինքնութեան նկարագրին անքակտելի մասը կազմեց, այնքան մը միազանգուեցաւ հայ ժողովուրդի գոյութեան հետ, որ Եղիշէ պատմիչի բառերով դարձաւ հայուն մորթին գոյնը։
Իսկ, Հայոց Պատմութեան հինգերորդ դարու Հայոց գիրերու գիւտը, Քրիստոնեայ Հայաստանը դրոշմեց հայկական իւրայատուկ գոյնով, որով քրիստոնեայ համայն աշխարհի խճանկարին մէջ Հայ Ազգը իր հայացած քրիստոնէական հաւատքով զատորոշուեցաւ։
Հայոց Այբ ու Բէնի գիւտով սկիզբ առաւ Հայոց Պատմութեան ոսկեդարը։ Հայ Ազգը դադրեցաւ այլ ազգերէ՝ ըլլայ պարսկական, հելլենական կամ ասորական քաղաքակրթութիւններէն լոյս առնող արբանեակ եւ ունեցաւ իր մշակութային արեւը, որով լուսաւորեց ի՛ր միտքն ու հոգին։
Հայոց Պատմութեան ոսկեդարը պայմանաւորուեցաւ հայ դպրոցով։ Ս. Սահակ Հայրապետի ու Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Վռամշապուհ թագաւորի տեսլապաշտ ջանքերով, Հայաստանի ամբողջ տարածքին բացուեցան հայ դպրոցներ, որով հայ Ազգի սերունդները սկսան ստեղծագործել սեփական գիրով։
Հայ դպրոցը ոսկեդարու կերտման նախապայմանն էր։ Հայ դպրոցը պատմական հանգրուանի մէջ սկսաւ, բայց այդ հանգրուանով չսահմանափակուեցաւ, այլ եղաւ Հայ Ազգի գոյութեան, ինքնութեան եւ մշակութային հարստութեան համար անփոխարինելի եւ հրամայական նախապայման։ Հայոց Պատմութեան յետագայի բոլոր ժամանակները կը հաստատեն, որ հայուն համար` իր հայրենիքին մէջ, թէ օտար երկնակամարներու տակ, օտար ամայի ճամբէքներու վրայ եղած ատեն, միշտ ալ հայ դպրոցը եղաւ իր գոյերթին նախապայմանը։
Հաւանական է որ, Ք.ե. 387-ին Հայաստանի առաջին բաժանումը պարսկական եւ հռոմէական կայսրութեանց միջեւ, Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի համար կարեւոր մէկ պատմական փորձառութիւն մը հանդիսացաւ, որ Հայ Ազգի գոյութեան ամրակուռ կռուան երաշխաւորելու իր ապագայատեսիլ եւ հանճարեղ ռազմավարութիւնն էր հայերէն սեփական լեզուով գիր գրականութիւն հաստատելը, որպէսզի գալիք դարերուն քաղաքական նման կացութիւններուն մէջ գտնուելու պարագային, հայ Ազգի զաւակները միշտ ալ պահեն իրենց հայկական ինքնութիւնն ու նկարագիրը եւ իրարու միացած մնան՝ թէկուզ հեռու եւ տարբեր միջավայրերու մէջ ապրելով։ Հայ Սփիւռքի պատմութիւնը պերճախօս վկան է, որ օտար միջավայրերու մէջ հասակ առնող նոր սերունդներ իրենք զիրենք ճանչցան եւ իրարու հաղորդ մնացին հայրերն լեզուով եւ ինքնութեամբ։
* * *
Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի հանճարով ճամբայ ելած հայ Ազգի ինքնատիպ մշակոյթի գոյերթի պատմական հեռանկարին յարաբերաբար զուգահեռ մը գծելով վերջին հարիւրամեակին հայութեան յետեղեռնեան գոյապայքարին հետ, յատկապէս Սփիւռքի տարածին հայկական գաղութներուն հաստատման ու կազմակերպման հանգրուանին, նկատելի է թէ ինչպէս որ Ս. Մեսրոպ հայ դպրոցներ բացաւ, նոյնը ըրին իւրաքանչիւր գաղութի պատասխանատուները, երբ ոտք դրին օտար ափերու վրայ։ Հարցը որ կը տրուի ան է, որ հինգերորդ դարուն, Հայաստանի մէջ կար մշակոյթ եւ քաղաքակրթութիւն, թէկուզ օտար, ինչո՞ւ Ս. Մեսրոպ հրամայական անհրաժեշտութիւն նկատեց ստեղծել հայ գիր ու գրականութիւն, որուն հիմնաքարը եղաւ հայ դպրոցը։ Նոյնպէս Սփիւռքի պատասխանատուներ, ուր որ գացին ու հաստատուեցան, արդեօք այնտեղ չկայի՞ն դպրոցներ եւ կրթութեան հաստատութիւններ, թէկուզ օտար, ինչո՞ւ համար անպայման ամէն բանէ առաջ պէտք էր հայ դպրոց բանալ։
Պատասխանը յստակ է ու մէկին։ Հայ նոր սերունդներուն համար հայեցի հարազատ կրթութիւնն էր անցեալին եւ կը շարունակէ ըլլալ ցայսօր անհրաժեշտ, պահելու համար իրենց հայկական նկարագիրը, ազգային պատկանելիութեան գիտակցութիւնը եւ մշակութային ժառանգութիւնը։ Եւ այդ իրականութեան անփոխարինելի երաշխիքը հայ դպրոցն է, իր հայկական հարազատ միջավայրով, լեզուով, զգացումով ու ապրումով։ Հայ դպրոցին հետ պէտք չէ վերաբերիլ սոսկ որպէս կրթական հաստատութիւն մը։ Հայ դպրոցը օտար այլ վարժարաններու կարգին եւ անոնց նման դպրոց մը չէ։ Ինչպէս իւրաքանչիւր նորածին ունի զինք ծնող հարազատ բնական մայրը, որ կարելի չէ փոխարինել այլ կնոջմով, այդպէս ալ հայ նոր սերունդին ազգային հարազատ սնունդ ջամբողը, դիեցնողը հայ դպրոցն է։
Սփիւռքի տարածքին հարիւրամեակ բոլորած գաղութներուն իրականութեան մէջ, կարգին հայախօսութիւնը, հայերէնագիտութիւնը դարձած է հազուագիւտ, այլապէս՝ մակերեսային վիճակ մը կը պարզէ։ Հայկական կառոյցներու կեանքին մէջ այլեւս շատ քիչ են անոնք, որոնք կրնան սահուն հայերէն խօսիլ, գրել կամ կարդալ։
Ազգային կառոյցներէն ներս հազուագիւտ են անոնք, որոնք կրնան պատասխանատուութիւն ստանձնել եւ պահանջուած հայերէն լեզուի գիտութեամբ շարունակել նախնեաց գործունէութիւնը։ Եւ երբ պատահի գտնուի անձ մը որ ունի կարողութիւնը շարունակելու, կ՚ըսենք, «որովհետեւ ան այսինչ հայկական դպրոցը աւարտած է…»։
Այն ինչ որ մեր ազգային կեանքին մէջ բնական ու թիւով շատ պէտք էր որ ըլլար, այսօր դարճած է պերճանք եւ հազուագիւտ։
Ժամանակէ մը ի վեր, հայ դպրոցին հետ առնչուած ամէն առիթի, ամէնուր այլեւս, կոկորդ կը մաշեցնենք, մելան կը հոսեցնենք ապացուցելու, համոզելու հայ դպրոցին կարեւորութիւնը, սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան համար անոր անփոխարինելիութիւնը, եւ հետեւաբար՝ մեր գաղութային ազգային կեանքի կենսունակութեան կարիքներուն ցանկին վրայ անոր առաջնահերթութիւնը։ Հայ դպրոցը կարիքը չունի պաշտպան փաստաբանի եւ ջատագովութեան։
Հայոց պատմութիւնը՝ սկսեալ հինգերորդ դարէն ի վեր, պերճախօս վկան է հայ դպրոցի ազգային անառարկելի սերնդակերտ առաքելութեան։ Հայ դպրոցը վերարժեւորումի կարիքը չունի, այլ մենք է որ, բոլորս անխտիր, կարիքը ունինք մեր մօտեցումը, մեր վերաբերումը վերականգնելու հայ դպրոցին նկատմամբ։
Ներկայ կեանքի պայմանները եւ տնտեսական դժուարութիւնները ոչինչ են համեմատաբար այդ պայմաններուն եւ տնտեսական կացութեան, երբ մեր նախնիք օտար ափերուն վրայ հիմը դրին հայ դպրոցին։ Գաղթականութեան ամենաթշուառ եւ ամենադժուար պայմաններուն մէջ, անոնք առօրեայ հացին եւ ֆիզիքական գոյատեւումին հետ միասին, առաջնահերթ նկատեցին հայ դպոցը ի խնդիր հայ սերունդներուն ազգային գոյատեւման։
Հայ դպրոցը կը մնայ իր սերնդակերտ առաքելութեան վրայ։ Պարզապէս մենք բոլորս անխտիր եւ անվարան՝ կրթական դաստիարակներ դպրոցէն ներս, ազգային պատասխանատուներ դպրոցին շուրջ, հայ ծնողներ եւ մինչեւ իսկ դպրոցին մէջ աշակերտ չունեցող ընտանիքներ, պէտք է գիտակցինք մեր հայկական կեանքի կարիքներուն եւ նախընտրութեանց մէջ հայ դպրոցին առաջնահերթութիւնը վերականգնել։ Հայ դպրոցի անդաստանին ջրտուքը որքան արգասաբեր ըլլայ, այնքան օգուտ կը քաղէ ամբողջ գաղութը. անոր բերքն ու բարիքները կը սնուցանեն ու քաղցրացնեն բոլորիս ազգային կեանքը։
Սերունդներ, դուք ձեզ ճանաչէ՛ք հայ դպրոցով։
Ա՛յս է կարգախօսը հայ դպրոցին։
Բարի վերամուտ բոլորիս։
Գեղամ Արք. Խաչերեան
Առաջնորդ Յունաստանի հայոց Թեմին
Աթէնք, 2021