Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման խորհուրդը մեզ կը ստիպէ կատարել կարգ մը խորհրդածութիւններ՝ իրողութիւններու եւ ըմբռնումներու մասին, որոնք կը յատկանշեն Հայաստանի վերանկախացեալ պետականութեան պատմութիւնն ու ընթացքը։
Մինչ երկար տարիներէ ի վեր, սփիւռքեան իրականութեան մէջ «Մայիս 28»-ի խորախոհուրդ իմաստը ունէր հայ ժողովուրդի դարերու շղթաներէն ազատագրութեան ու վերջապէս անկախ պետականութեան ստեղծման գերագոյն արժէքը, հայութեան տօներուն տօնը նկատուող անկիւնադարձային այս հանգրուանը պաշտօնապէս եւ պետականօրէն ստացաւ «Հանրապետութեան օրուան» անուանումը, մասամբ արժեզրկելով այն իմաստը, որ խարիսխը հանդիսացած էր մեր պետականութեան շարունակման ու վերակենսաւորման, յատկապէս խորհրդային պատեանի անկումէն ետք։ Իսկ «անկախութիւն» գաղափարին ու արժէքին այլ դեր վիճակուեցաւ, երբ անկախութեան օրը հաստատուեցաւ 21 Սեպտեմբերին։
Ահա այսօր, հայ ժողովուրդի հոգեմտային էութեան մէջ երկմտանք ստեղծող երկու այս պատմակշիռ թուականներու դերերու փոխանակումն է, որ հայ մարդը իրապէս կը դնէ շփոթի մը առջեւ։
Մինչ սփիւռքի մէջ, իրերայաջորդ սերունդներու մօտ «Մայիս 28»-ի գաղափարը ու նշանակութիւնը պահուեցաւ որպէս հարազատ ժառանգը՝ հայոց անկախութիւնը կերտող սերունդէն, հայրենի մայր հողին վրայ ապրող ու անոր ներգործող ուժը ստացող հայութեան համար, անկախութեան գաղափարի այս պատմական օրուան նշումը հեռու է համաժողովրդային տօնախմբութեան մը ոգիէն ու տարողութենէն։
Սակայն, պատմութիւնը անողոք է եւ ինքզինք կը կրկնէ։
Այսօր, հայրենիքին առջեւ ցցուած են այնպիսի ծանր կացութիւններ, որոնք կը յիշեցնեն Հայաստանի Հանրապետութեան 1920-ի փոթորկոտ այն օրերը, երբ ամէն կողմէ շրջապատուած Հայաստանը իր գոյութիւնը պահպանելու պայքար կը մղէր։
Սակայն, որքան ալ ընկճուած, որքան ալ հիասթափուած ըլլանք պատմական մռայլ այս պահերուն, 1918-ի հայոց ազատագրութեան, Հայաստանի պետականութեան ստեղծումի 28 Մայիսի այն օրը ոչ մէկ պարագային պէտք է զոհը դառնայ ազգային նուաստացումի յորձանքին, որուն մէջ հայ ժողովուրդի ճակատագիրը նետած են նորօրեայ իշխանաւորները իրենց տարած հայախոյս քաղաքականութեամբ։
Հայ քաղաքական միտքի պարտականութիւնն է շրջադարձել ներկայ կացութիւնը եւ Հայաստանի ու Արցախի ապագան խարսխել 1918-ի հերոսապատումի այսօրուան արգասիքը հանդիսացող մերօրեայ հայրենի պետականութեան անգնահատելի հարստութեան վրայ, որուն գանձարանը օրըստօրէ կը մսխուի ու կը չքանայ։
Ժամանակը հասած է, որպէսզի Մայիսեան անկախութեան պատմական ակունքներուն մէջ դարձեալ վերագտնել այն ուժն ու մղումը, որպէսզի գալիք սերունդները, հայու վայել յեղափոխական ոգիի առաջնորդութեամբ, տէր կանգնին մեր ամբողջական հայրենիքին ու մեր արծուաբոյնի վերադարձին մայր Հայաստանի ծոցին։
Մայիսեան անկախութեան ու անկէ առաջ նոյն ամսուան մէջ հայոց Շուշիի ազատագրութեան մեծ խորհուրդները պէտք է իրենց արժանի տեղը վերագտնեն բովանդակ հայ ժողովուրդի արժեհամակարգին մէջ։
Անոնք պիտի դառնան գերագոյն սխրագործութեան, ազատութեան ձգտող ժողովուրդի մը հաւատոյ հանգանակը, որոնք պիտի խարսխեն մեր պետականութեան հիմերը, հով ու թռիչք տալով հայ ժողովուրդի ստեղծագործ ապագային, իր իսկ սեփական ու ամբողջական հողին վրայ։
Հայ ժողովուրդը կարիքը ունի Մայիսեան օրերու անկախութիւնը կերտող ու մարմնացնող ղեկավարութեան մը նման ներշնչող առաջնորդներու։
Երեւանը վաղուց կ՚ահազանգէ։