Դաշնակցութեան մամլոյ եւ հանրային կապերու պատասխանատուներու համակուսակցական խորհրդաժողովի մասնակիցները կը վստահեցնեն, որ պիտի վերադառնան իրենց հին աշխատանքին` նոր մօտեցումներով ու խնդիրներով: Խորհրդաժողովի ժամանակ քննարկուած են հայկական ու կուսակցական մամուլի, համաշխարհային մակարդակով հայկական խնդիրներու լուսաբանման, ատրպէյճանական եւ թրքական քարոզչութեան հակազդելու վերաբերեալ շարք մը հարցեր:
Սփիւռքի դաշնակցական մամուլի պատասխանատուները հանդիպում
ունեցան հայաստանեան մամուլի ներկայացուցիչներուն հետ
Համաժողովի վերջին օրը մասնակիցները իրենց քննարկումները այլ ձեւաչափով անցուցին` հանդիպում ունենալով հայաստանեան լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ: Ներկայ էր նաեւ Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ Սաթիկ Սէյրանեան:
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի հանրային կապերու գրասենեակի պատասխանատու Արտակ Սարգսեան նշեց, որ Հայաստան կը գտնուին Հ.Յ.Դ. լրատուամիջոցներու պատասխանատուներ աշխարհի 15 երկիրներէ: «Կը քննարկէինք ո՛չ միայն ներ-կուսակցական խնդիրները քարոզչական ճակատի վրայ, այլեւ ընդհանուր` մեր համազգային խնդիրները, զորս ունինք արտաքին եւ ներքին հարթակներու մէջ»,- ըսաւ ան: Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան ափսոսանք յայտնեց, որ ինք Հայաստան չէ գտնուած եւ չէ կրցած մասնակցիլ դաշնակցական մամուլի հերթական խորհրդաժողովին: «Իրօք, այս խորհրդաժողովները, որոնք պարբերական են, երկու տարին անգամ մը կատարուած աշխատանքները ամփոփելու եւ նոր հորիզոններ գտնելու լաւ առիթ են: Ուրախութեամբ կը տեսնեմ, որ նաեւ դաշնակցական մամուլի ներկայացուցիչներու սերնդափոխութիւնը ակնյայտ է. երիտասարդութիւնը կամաց-կամաց իր տեղը կը գրաւէ եւ վստահ եմ, որ խորհրդաժողովը ծառայած է իր բուն նպատակին»,- ըսաւ ան:
Անդրադառնալով խորհրդաժողովի մասնակիցներու հայաստանեան լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումին` Վարդանեան նշեց, որ անիկա շատ կարեւոր է: «Սա այն դաշտն է, ուր անջրպետներ, բաժանումներ չկան: Դուք իշխանութիւն էք, դուք իշխանութեան համակարգ էք, եւ պիտի կարենանք միասնաբար լուծել այն խնդիրները, որոնք կան մեր հասարակութեան, պետականութեան, սփիւռքի, Արցախի առջեւ` միասին, իրարու աջակցելով, լրացնելով: Բնական է` մօտեցումները տարբեր են, ամէն մէկը իր ձեւով կը նայի իրականութեան, բայց այս դաշտին մէջ համախոհութիւնը, գործակցութիւնը շատ կարեւոր է: Ուրախ կ՛ըլլամ, որ այսօրուան անմիջական շփումներէն ետք ուղղակի կապեր հաստատուին մեր տարբեր լրատուամիջոցներուն միջեւ, ամէնօրեայ կապեր ըլլան, իրարու փոխանցենք գաղափարներ եւ կարենանք մեր երկիրը, հասարակութիւնը աւելի լաւ դարձնել»,- ընդգծեց ան:
Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ Սաթիկ Սէյրանեան ըսաւ, թէ ընտրուելով այդ կառոյցի նախագահ՝ ելոյթին մէջ նշած է սփիւռքի մամուլին կարեւորութիւնը: «Նախ եւ առաջ կարեւոր կը նկատեմ՝ արհեստավարժ առումով: Մենք տարբեր երկիրներու մէջ կ՛աշխատինք, եւ մեզի համար շատ կարեւոր է փորձի փոխանակումը արհեստավարժ մակարդակի վրայ: Յունիսի սկիզբը միութիւնը պիտի ունենայ արտահերթ համագումար, որուն ընթացքին պիտի ներկայացուի նոր կանոնադրութիւնը: Այդտեղ առանձին հատուած պէտք է ըլլայ սփիւռքեան մամուլին հետ գործակցութեան վերաբերեալ»,- տեղեկացուց ան:
Հ.Յ.Դ. մամլոյ եւ հանրային կապերու խորհրդաժողովին յայտարարութիւնը
«10էն 12 Մարտ 2018ին, Երեւանի մէջ, գումարուեցաւ Հ.Յ.Դ. մամլոյ եւ տեղեկատուական այլ միջոցներու եւ հանրային կապերու պատասխանատուներու խորհրդաժողովը, որուն կը մասնակցէին 12 երկիրներէ շուրջ 40 խմբագիրներ եւ հանրային կապի պատասխանատուներ:
Խորհրդաժողովը անդրադարձաւ Հ.Յ.Դ. աշխարհատարած լրատուամիջոցներու գործունէութեան, արձանագրեց յաջողութիւններն ու գոյութիւն ունեցող հիմնահարցերը, քննարկեց հայաստանեան եւ համահայկական հարցերու լուսաբանման պարագան, արդի աշխարհի մէջ տեղեկատուական դաշտի դիմագրաւած մարտահրաւէրները, Հ.Յ.Դ. հանրային կապերու ռազմավարութեան սկզբունքները եւ իրականացման կառուցակազմերը:
Առանձին քննարկման նիւթ դարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան 100ամեակի ձեռնարկներու հարցը՝ կուսակցական լրատուամիջոցներու ընելիքներու դիտանկիւնէն: Խորհրդաժողովը կարեւոր համարեց գործակցութիւնը հայ մամուլի միւս միջոցներուն հետ՝ Հայաստանի, Արցախի, ազգային այլ հարցերու հետապնդումը համադրուած ջանքերով իրականացնելու գործին մէջ:
Մերժելով հակապետական, ապազգային, արտաքին եւ ներքին ապակառուցողական հակաքարոզչութիւնը, խորհրդաժողովը միաժամանակ կարեւոր համարեց մամուլի բազմակարծութիւնը, այլակարծութեան իրաւունքը եւ դատապարտելի համարեց ազատ խօսքի նկատմամբ դրսեւորուող որեւէ կաշկանդում»: