­Հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­կեղծ բա­րե­կամ, մեծ հա­յա­սէր եւ հա­յու­թեան մա­սին ա­կա­դե­մա­կան հսկայ աշ­խա­տանք տա­րած փրոֆ. Եան­նիս ­Խա­սիո­թիս շքան­շա­նով պար­գե­ւատ­րո­ւե­ցաւ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տին կող­մէ։­Շա­բաթ, 11 ­Մար­տի գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ե­լոյ­թի պար­գե­ւատ­րում­նե­րու ա­րա­րո­ղու­թեան սկիզ­բին, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը անդ­րա­դար­ձաւ պար­գե­ւատ­րու­մին՝ վեր առ­նե­լով հան­րա­ծա­նօթ ա­կա­դե­մա­կան դէմ­քի բա­ցա­ռիկ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը եւ ու­նե­ցած ներդ­րու­մը հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թեան գոր­ծին մէջ։ Սր­բա­զան հայ­րը անդ­րա­դար­ձաւ տաս­նա­մեակ­նե­րու վրայ փրոֆ. ­Խա­սիո­թի­սի տքնա­ջան աշ­խա­տան­քին, գի­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րուն, հրա­տա­րակ­չա­կան գոր­ծին եւ անգ­նա­հա­տե­լի ներդ­րու­մին հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան ծա­նօ­թաց­ման ջան­քե­րուն մէջ։Ն­շե­լի է Եան­նիս ­Խա­սիո­թի­սի կո­թո­ղա­կան գոր­ծը «­Հա­յե­րը եւ յոյ­նե­րը Ա­րե­ւե­լեան հար­ցի մեծ տագ­նապ­նե­րուն մէջ (1856-1914)», որ եր­կար տա­րի­նե­րու ու­սում­նա­սի­րու­թեան եւ պատ­մա­կան աղ­բիւր­նե­րու վրայ հիմ­նո­ւած ա­կա­դե­մա­կան բա­ցա­ռիկ աշ­խա­տանք մըն է։ Ն­կա­տե­լով մեծ հա­յա­սէր անձ­նա­ւո­րու­թեան յա­ռա­ջա­ցած տա­րի­քը, շքան­շա­նը պի­տի յանձ­նո­ւի Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր կող­մէ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ։