Կիրակի՝ 19 Մարտի երեկոյեան, Դարաշամբի Ս. Ստեփանոս Նախավկայ վանքին մէջ, պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ վերանորոգուած ցուցասրահին, նախագահութեամբ եւ ձեռամբ Ատրպատականի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեանի:
Պաշտօնական հրաւիրեալներու շարքին էին Արաքսի ազատ գօտիի ընդհանուր կառավարիչ Արապպաղիի ներկայացուցիչ դոկտ. Դադաշզադէ, մշակութային ժառանգութիւններու տնօրէն դոկտ. Ապպասի եւ շարք մը արուեստագէտներ ու լուսանկարիչներ, որոնց գործերը ցուցադրուած էին ցուցասրահին մէջ: Վանքին նախկին ախոռը, որ գլխաւոր դարպասէն ներս մտնելէ ետք ձախ թեւին վրայ գտնուող առաջին մեծ եւ կամարակապ սրահն էր, հիմնովին վերանորոգութեան ենթարկուած էր եւ զանազան ցուցահանդէսներու յարմար սրահի փոխակերպուած, Արաքսի ազատ գօտիի նիւթական օժանդակութեամբ:
Առաջնորդ սրբազանը վերանորոգուած ցուցասրահի մուտքի դրան ժապաւէնը կտրելով՝ հիւրերուն հետ մուտք գործեց սրահ, որ յատուկ լուսաւորութեան սարքերով օժտուած էր, ցուցադրուած պատկերներուն կամ իրերուն վրայ լոյս ցոլացնելու նպատակով: Իրանի եկեղեցիներու պահպանման պետական հիմնարկի տնօրէն եւ շինարարական սոյն աշխատանքներու համակարգող Շերլի Աւետեան ներկաներուն բացատրութիւն տուաւ աշխատանքի սկզբնաւորութեան եւ աւարտին, ինչպէս նաեւ ապագայ հեռանկարներու մասին: Ապա՝ ներկաները միասնաբար դիտեցին պատերուն վրայ զետեղուած լուսանկարները, որոնք կը ներկայացնէին վանքին տարբեր մասերը, օրուան տարբեր ժամերուն:
Վերանորոգուած ցուցասրահի բացում՝ Ս. Ստեփանոսի մէջ
Ս. Ստեփանոս Նախավկայի վանքին մէջ բացում՝ վերանորոգուած ցուցասրահին