Ա­ւագ Եր­կու­շաբ­թի՝ 26 Ապ­րիլ 2021-ին, ե­րե­կո­յեան ժա­մը 9:00-ին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի TV-100 հե­ռա­տե­սի­լի կա­յա­նէն, տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ վա­ւե­րագ­րա­կան ե­լոյ­թի մը հա­ղոր­դու­մը, նո­ւի­րո­ւած ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 106-րդ ­տա­րե­լի­ցին։
­Սոյն հա­ղոր­դու­մին պի­տի ներ­կա­յա­նան ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րապ­րող­նե­րուն յա­ջոր­դող սե­րունդ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ո­րոնք պի­տի անդ­րա­դառ­նան ի­րենց ապ­րում­նե­րուն, յի­շա­տակ­նե­րուն եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի յա­րա­տեւ պայ­քա­րի կա­րե­ւո­րու­թեան։
­Ներ­կա­յա­ցու­մի ըն­թաց­քին հան­դէս պի­տի գան դե­րա­սա­նու­հի Խ­րիս­թի­նա Ա­լեք­սա­նեան, ­Թե­սա­ղի­նի­կէի թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ ­Յա­րու­թիւն Աբ­րա­հա­մեան, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հա­մեր­գաս­րա­հի գե­ղա­րո­ւես­տա­կան տնօ­րէն Խ­րիս­թոս ­Ղա­լի­լէաս, ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու «Collgate» հա­մալ­սա­րա­նի մար­դա­սի­րա­կան ու­սուց­ման դա­սա­խօս ­Փի­թըր ­Պա­լա­քեան եւ Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­ներ ընկ. ­Տիգ­րան Պ­լէ­ճեան, ­Պետ­րոս ­Հա­լա­ճեան եւ ­Յո­վիկ ­Գա­սա­պեան։
Ե­լոյ­թի հա­ղոր­դա­վարն է Եան­նիս ­Քե­սո­փու­լոս։