Ինչ­պէս ար­դէն ծա­նօթ է մեր ըն­թեր­ցող­նե­րուն, ­Յու­նաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան 200-րդ ­տա­րե­դար­ձին ա­ռի­թով, ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս շնոր­հա­ւո­րա­կան նա­մակ­ներ ղրկած էր ­Յու­նաս­տա­նի վար­չա­պետ ­Քի­րիա­քոս ­Մի­ցո­թա­քի­սին եւ ­Յու­նաս­տա­նի ե­կե­ղեց­ւոյ պետ Իէ­րո­նի­մոս ար­քե­պիս­կո­պո­սին։ Օ­րին, անդ­րա­դար­ձած էինք նա­մակ­նե­րու պա­րու­նա­կու­թեան եւ ­Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տի մաղ­թանք­նե­րուն։
­Պա­տաս­խա­նե­լով Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սի նա­մա­կին, վար­չա­պետ Ք. ­Մի­ցո­թա­քիս ու­ղար­կած է շնոր­հա­կա­լա­կան նա­մակ, ո­րուն թարգ­մա­նու­թիւ­նը կը ներ­կա­յաց­նենք ստո­րեւ.-

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս
­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ
Ա­թէնք, 23 Ապ­րիլ 2021

­Վե­հա­փառ ­Տէր,
­Թոյլ տո­ւէք շնոր­հա­կա­լու­թիւն­ներս յայտ­նել ­Ձեզ՝ ան­ձամբ, ինչ­պէս նաեւ ­Յու­նաս­տա­նի հայ հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րուն, մեր ազ­գա­յին վե­րած­նուն­դի տօ­նին ա­ռի­թով ին­ծի ուղ­ղո­ւած մաղ­թանք­նե­րուն հա­մար։
­Մեր ժո­ղո­վուրդ­նե­րը ա­ւան­դա­բար կը պա­հեն բա­րե­կա­մա­կան կա­պեր։ ­Միա­ժա­մա­նակ, ­Հա­յաս­տա­նեայց եւ ­Յու­նաս­տա­նի Ե­կե­ղե­ցի­նե­րը զմայ­լե­լի յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ կը պա­հեն։ Ու­րախ ենք այս ար­ժէ­քա­ւոր ա­ւան­դին հա­մար եւ ժա­մա­նա­կի խո­րու­թեան մէջ կը ցան­կանք ամ­րապն­դու­մը մեր կա­պե­րուն, ո­րոնք մշա­կո­ւած են՝ այն­քան մեր Ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն, որ­քան եւ մեր ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն կող­մէ։
­Ձեզ կը մաղ­թեմ, ­Վե­հա­փառ ­Տէր, եր­կա­թեայ ա­ռող­ջու­թիւն, եր­կա­րա­կեա­ցու­թիւն եւ ­Տի­րոջ զօ­րակ­ցու­թիւ­նը ­Ձեր հո­գե­ւոր ու ­Հո­վո­ւա­կան բարձր ա­ռա­քե­լու­թեան մէջ, ինչ­պէս նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի ժո­ղո­վուր­դին՝ ուժ եւ հո­գե­կան ցնծու­թիւն։

­Խո­րին յար­գանք­նե­րով՝
­Քի­րիա­քոս ­Մի­ցո­թա­քիս