Երէկ երեկոյեան, Յունաստանի վարչապետ Ք. Միցոթաքիս հեռատեսիլէն սփռուած իր խօսքի ընթացքին դիմեց յոյն քաղաքացիներուն եւ յորդորեց բոլորին ու յատկապէս երիտասարդ սերունդին՝ մնալ տուն եւ պատսպարուիլ ժահրի տարածումէն։ Վարչապետը յատնեց, թէ պատերազմի մէջ կը գտնուինք աներեւոյթ թշնամիի մը դէմ, որ սակայն անյաղթ չէ։
Ան լայնօրէն բացատրեց այն քայլերը, որոնց կառավարութիւնը դիմեց հանրային առողջութիւնը պահպանելու նպատակով։ Յաջորդաբար, ներկայացուց կարգ մը ծրագիրներ, որ անմիջական կերպով պիտի կիրարկուին առողջապահութեան եւ տնտեսական մարզերէն ներս, զօրացնելու համար երկու կարեւոր ոլորտները։
Ան նաեւ յայտնեց, թէ յաջորդ երկու ամիսները աւելի դժուար պիտի ըլլան եւ կոչ ուղղեց բոլորին մնալ զգաստ, որդեգրել կարգապահ կեցուածք եւ բծախնդրութեամբ հետեւիլ բոլոր կանոններուն եւ հրահանգներուն։ Իր խօսքի աւարտին, վարչապետը դիմեց յոյն ժողովուրդի պատիւի իւրայատուկ ըմբռնումին եւ յայտնեց թէ միացած մնալով, Յունաստան յաղթական դուրս պիտի ելլէ այս տագնապէն։