151 տարի առաջ, 4 Յունուար 1866ին, հայրենի Իգդիր գաւառի Իգդիրմաւա գիւղի դարբին Առաքել Ահարոնեանի տունը ցնծութեան մէջ էր։ Այդ օր լոյս աշխարհ եկած էր Ահարոնեաններու արու զաւակ մը, որուն Աւետիս անունը տուած էին՝ Քրիստոսի ծնունդի նախօրէին ծնած ըլլալուն համար։
Եւ ինչպէս որ ժողովուրդը կ՚ըսէ, թէ սովորաբար մարդուս անունը կը կանխորոշէ անոր նկարագիրը, Աւետիս Ահարոնեան իսկապէս ալ աւետաբեր եղաւ՝ հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրութեան արշալոյսը աւետելու առումով։
Աւետիս Ահարոնեան պերճախօս մարմնաւորում մը եղաւ լռել չգիտցող, այլեւ՝ ստրկային հնազանդութեան լռութիւնը մերժող Հայու, որ իր գրիչով ու խօսքով սերունդներ ոտքի հանեց, ըմբոստացման մղեց եւ բոլորին վարակեց անսակարկ անձնուիրումի տարերքով՝ յանուն Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի ազատագրութեան սրբազան կռուին։
Գրական-ստեղծագործական ու հանրային-քաղաքական իր ողջ կեանքն ու գործունէութիւնը Ահարոնեան շնչաւորեց Հայոց Աշխարհի պաշտամունքով՝ բոցաշունչ բանաստեղծականութեամբ սերունդներուն աւետելով.
«Հայրենի աւերակների միջից Հայաստանը պիտի բարձրանայ լուսաճաճանչ ճակատով ե՛ւ լոյսի համար, ազատութեան համար, սիրոյ համար։
«Դէ՜, էլի մի անգամ եւ այսուհետեւ յաւիտենապէս, թող հնչուի մեր աշխարհում աշխատանքի մեծ երգը։
«…Ես հաւատում եմ, հա՛յ ժողովուրդ, քո դարձին, ինչպէս հաւատում եմ, որ ամէն առաւօտ արշալոյսը կը բացուի։ Հաւատում եմ, վասնզի կամրջընկեց Արաքսի ափերին Մասիսի խորհրդաւոր հայեացքի տակ մեր հայրենիքը կայ, որ մեր թրթռացող հոգին է բռնել իր մայրական քնքոյշ ձեռների մէջ եւ ակնդէտ ու խռովայոյզ՝ նայում, նայո՜ւմ է ճամբաներին։
«Եւ հեռու չէ այն օրը, երբ բազուկները տարածած, նա կ’ընդունի հեռաւոր հորիզոնների տակ յածող ու հեծող իր զաւակների կարօտակէզ բազմութիւնները, եւ բիւրաւոր ձայներ կը թնդան Մայր Արաքսի ափերին։
«Արմենիա, Արմենիա, ո՜վ իմ հոգու յաւիտենական ապաստան, ո՜վ իմ պաշտելի հայրենիք»։
Այդպէ՛ս, հայոց աշխարհի պաշտամունքին նուիրուած վեհաշուք բանաստեղծը, «Ազատութեան Ճանապարհին» անզուգական երգիչը եւ հայ քաղաքական մտքի արժանաւոր ներկայացուցիչը դառնալու կոչուած էր իգդիրցի դարբին Առաքել Ահարոնեանի յարկին տակ ծնած Աւետիսը, որուն մայրը՝ Զարդար գիւղի միակ կարդալ-գրել գիտցող կինն էր։ Հօր վաղահաս մահուան (1878) հետեւանքով՝ Ահարոնեան կարճ ժամանակ մը ստիպուեցաւ ընդհատելու տեղւոյն նախակրթարանէն ներս իր ստացած ուսումը եւ աշխատանքի անցնելու։ Բայց ուսումնատենչ պատանիին ընդունակութեանց քաջածանօթ Իգդիրի վարժարանին տնօրէնը՝ Դաւիթ Քալանթար միջնորդեց եւ, իր հոգատարութեան տակ, ոչ միայն Իգդիրի նախակրթարան վերադարձուց Ահարոնեանին, այլեւ՝ դասաւորեց, որ պատանի Աւետիս ընդունուի Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարան։
Ահարոնեան իր հիմնական ուսումն ու հայեցի կազմաւորումը ստացաւ Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանէն, որուն յեղափոխաշունչ մթնոլորտին մէջ թրծուեցան Ահարոնեանի միտքն ու հոգին։ Ուսանողական այդ շրջանէն իսկ, հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի ազատագրութեան պայքարի հունով ընթացաւ Ահարոնեան գրողին եւ ազգային գործիչին ողջ կեանքը։
Զապէլ Եսայեանի կողմէ «Հայ գրականութեան Թուխ Արամազդը» հռչակուած Ահարոնեան արձակով ստեղծագործեց։ Ոտանաւոր գրել գրեթէ չփորձեց, բայց հայոց սերունդներուն ընծայաբերեց ըստ ամենայնի բանաստեղծակա՛ն կշռոյթով բաբախուն արձակ էջեր՝ վէպ, վիպակ, պատմուածք, յուշագրութիւն եւ ուղեգրութիւն։ Բանաստեղծական շունչով յագեցաւ յատկապէս իր մշակած հայերէնը, որ մեր լեզուի զոյգ թեւերուն՝ արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի գեղեցկագոյն առանձնայատկութիւններն ու հարստութիւնները միաձուլեց եւ նորովի հնչեցուց։ Աւելի՛ն. արտակարգօրէն բեղուն գրիչ ունեցաւ Ահարոնեան եւ աւելի քան 10 հատոր կը լեցնէ 45 տարիներու վրայ երկարած ստեղծագործական իր աշխատանքին արգասիքը:
Թէեւ Ահարոնեան սկսաւ գրել 1887ին, բայց հայ գրականութեան անդաստանէն ներս անոր մրրկաշունչ ներկայութիւնը զգալի դարձաւ 1898էն սկսեալ, երբ Հ.Յ.Դ. օրգան «Դրօշակ»ի էջերուն եւ Ղարիբ ստորագրութեամբ լոյս ընծայեց հայ ազգային-ազատագրական շարժումէն ներշնչուած իր պատմուածքները։ Հետագային «Ազատութեան Ճանապարհին» ընդհանուր խորագրին տակ առանձին հատորով հրատարակուած այդ պատմուածքները՝ «Խայը», «Արիւնոտ թթխմոր», «Վազրիկ», «Աշուղը», «Դարբնի երգը», «Հայրէն» եւ միւս պատկերները բոլորն ալ անմիջապէս գրաւեցին ընթերցողի միտքն ու սիրտը՝ յեղափոխական շունչ ու ոգի ներարկելով յատկապէս ատենի նորահաս սերունդին։
Մինչեւ Աւետիս Ահարոնեան, հայ յեղափոխաշունչ գրականութեան ուղին հարթած էին արդէն Խաչատուր Աբովեան եւ Րաֆֆի։ Բայց եթէ Աբովեան եւ Րաֆֆի հայոց պատմութենէն եւ հերոսական անցեալէն կը ներշնչուէին՝ իրենց վիպականացուցած հերոսները կեանքի կոչելու համար, Ահարոնեան իր ամբողջ էութեամբ միախառնուած էր ուժեղ թափ ստացած հայոց ազատամարտի կենդանի հերոսներուն հետ։ Նոյն պատճառով ալ, հայ ժողովուրդի 19րդ դարավերջի ազգային կենսակերպին ու ժողովրդային իրականութեան հարազատ հայելին եղաւ Ահարոնեանի գրականութիւնը։
Այդպէ՛ս հայ գրականութիւնը ունեցաւ Հայ Վշտի եւ Ցասումի, Նահատակութեան եւ Հերոսական Խոյանքի, Պայքարի եւ Յաղթանակի իր մեծ երգիչը՝ Աւետիս Ահարոնեան անմահ անունով։
Իրապէս լայն բացուած կարկին մը ունեցաւ Ահարոնեանի գրական ժառանգութիւնը։ Իր գործերուն սոսկ թւումը բաւարար է՝ ընդհանուր պատկերացում մը ունենալու համար Ահարոնեանի ընդգրկած նիւթերուն, մտքի ոլորտներուն եւ բեղուն վաստակին մասին։ «Պատկերներ վերջին տարիների տաճկահայոց կեանքից»(1900), «Արցունքի հովիտ» (1902), «Իտալիայում» (1903), «Լռութիւն» (1904), «Սեւ թռչուն» (1910), «Իմ բանտը» (1911), «Պարտուածներ» (1912), «Շուէյցարական գիւղը» (1913), «Իմ գիրքը» (1927-1931) եւ այլ անուններով լոյս տեսած իր գործերը կը վկայեն ոչ միայն հայ արձակի տարբեր բնագաւառներուն մէջ Ահարոնեանի կատարած մնայուն ներդրումին, այլեւ՝ մեծ գրողին ունեցած հոգեմտաւոր լայն հորիզոնին մասին։
Խստապահանջն Յակոբ Օշական անգամ վկայեց, թէ «Ահարոնեան մեծագոյն փարոսներէն մէկն է ապրող հայութեան։ Միակ դէմքն է ան, որուն ճառագայթումը դեռ ոչ մէկուն անհաճոյ ըլլալու պարագաները ցոյց տուած ըլլայ։ Անմահ է ան ցեղի բարքերուն պատկերացումին մէջ։ Ուժով ու բարձրօրէն գեղեցիկ է մեր դիւցազնամարտէն առնուած կարգ մը էփոփէներուն մէջ»։
Իսկ հայ գրական-քննադատութեան միւս հսկային՝ Նիկոլ Աղբալեանի վկայութեամբ, «Ահարոնեան գրագէտ է մեծատաղանդ եւ ազդու, մեծագոյնը եղածներուն մէջ, որ գրիչը ի սպաս է դնում հանրային վերելքին… Որքան եւ վէճ լինի իր արուեստի կատարելութեան մասին, սակայն, եթէ տասնի ճաշակին գոհացում չի տալիս, հազարի սրտից է խօսում եւ հազարների սովորեցնում է մտածել ու գործել հանրօրէն, սա ինքնին մեծ գործ է։ Հանապազօրեայ հացն է սա քաղաքական հայութեան համար եւ մեծ խթանը ինքնամփոփ հային՝ դուրս գալու համար իր առանձնութիւնից»։
Ահարոնեանի գրականութիւնը էապէս հայելին եղաւ անոր ազգային-յեղափոխական աշխոյժ գործունէութեան։
Յատուկ շեշտադրումի արժանի են Ահարոնեանի դաշնակցական դէմքն ու վաստակը, որոնց տիրական գիծը հանդիսացաւ գաղափարական ու քաղաքական հաւասարակշռուած մօտեցումը։ Իբրեւ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքը բաղկացնող եւ տարբեր մտածողութեանց տէր գործիչներու բոլորին կողմէ ընդունուած անվիճելի հեղինակութիւն՝ Ահարոնեան իր կարեւոր ներդրումը ունեցաւ Դաշնակցութեան եւ ընդհանրապէս հայ ազգային-ազատագրական շարժումը յուզող, փոթորկող եւ ծանր պահերուն պառակտման վտանգին տակ դնող տարակարծութեանց ու հակադրութեանց հաւասարակշուած հարթումին եւ փարատումին մէջ։ Ահարոնեան օժտուած էր ներքին միասնութիւն առաջացնելու եւ արմատաւորելու բացառիկ ընդունակութեամբ։
Իբրեւ այդպիսին, Ահարոնեան Դաշնակցականը կրցաւ ամէն բանէ վեր պահել հայ յեղափոխական շարժման գաղափարական եւ կազմակերպական միասնութիւնն ու միութիւնը։ Իր վարակիչ օրինակով ու շունչով՝ յաղթահարեց արեւմտահայն ու արեւելահայը իրարմէ բաժնելու եւ զիրար հակադրելու ամէն կարգի պառակտիչ փորձութիւններ եւ սադրանքներ։ Կամրջող հեղինակութիւնը եղաւ ազգայնականին ու ընկերվարականին, դիւանագէտին ու յեղափոխականին, մարտականին եւ մտաւորականին։
Մանաւանդ Կովկասեան միջավայրի մէջ անփոխարինելի դերակատարութիւն ունեցաւ Ահարոնեան հայ յեղափոխական շարժման ներքին համերաշխութիւնը պահպանելու եւ արմատաւորելու ասպարէզին մէջ։ 1905էն 1907 ծայր առած ներքին հակասութեանց եւ պառակտիչ թափանցումներու ալիքին դէմ, որուն հրահրումին մէջ բացորոշ էր ցարական սպասարկութեանց սադրիչ քաղաքականութիւնը, Աւետիս Ահարոնեան հանդիսացաւ գլխաւոր ծառացողներէն մէկը եւ, այդ պատճառով ալ, Դաշնակցութիւնը ջլատելու Ցարական իշխանութեանց ընդհանուր գրոհի ժամանակ, 1909ին, Ահարոնեան առաջին ձերբակալուողներէն եւ Մետեխի բանտ դատապարտուողներէն եղաւ։
Նոյնպէս առանձնայատուկ ուշադրութեան եւ արժեւորման կը կարօտի Աւետիս Ահարոնեանի ազգային-պետական գործունէութիւնը՝ հայ ժողովուրդի քաղաքական կամքը յաչս աշխարհին արժանաւորապէս ներկայացնելու Ահարոնեանի վաստակը։
Սկսելով 1917ին Թիֆլիսի մէջ գումարուած Հայոց Ազգային Համագումարին նախագահ իր ընտրութենէն, անցնելով Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ բանակցութեանց գլխաւոր դէմքը հանդիսանալու իր պաշտօնավարութենէն եւ յանգելով Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութեան նախագահի հանգամանքով Սեւրի Դաշնագրի իր կողմէ ստորագրութեան, Աւետիս Ահարոնեան պատուով տարաւ բազմաչարչար մեր ժողովուրդին արդարութեան եւ ազատութեան կանչը աշխարհին լսելու դարձնելու պատասխանատու առաքելութիւնը։
Հայաստանի Հանրապետութեան խորտակումէն եւ խորհրդային լուծի պարտադրումէն ետք, Ահարոնեան իր կարգին տարագիր դարձաւ։ Հաստատուեցաւ Փարիզ, ուր շարունակեց թէ գրական-ստեղծագործական, թէ՛ քաղաքական-դիւանագիտական իր բեղուն գործունէութիւնը։
Բայց 11 փետրուար 1934ին, Մարսէյլի մէջ հանդիսաւոր ելոյթի մը պահուն, Աւետիս Ահարոնեան բառացիօրէն տապալեցաւ ճակատագրի անողոք հարուածին տակ։ Ուղեղի կաթուածը բեմին վրայ անդամալուծեց եւ ընդմիշտ լռութեան մատնեց «Ազատութեան Ճանապարհին» վիշտի ու արցունքի, ցասումի եւ պայքարի անլռելի երգիչը, որուն արտասանած վերջին բառը եղաւ «Հայ բա…նա…կ…ը»։
Հայոց Ազատամարտի անզուգական երգիչի ծննդեան տարեդարձին նուիրուած այս հպանցիկ ակնարկը կ’արժէ եզրափակել՝ վերյիշելով ու յուշելով Աւետիս Ահարոնեանի անմոռանալի ու մարգարէական ծանօթ պատգամը.-
«Հաւատա՛, հայրենիք, վիրաւոր ու արիւնաքամ, դուն դարձեալ պիտի ապրիս, վասնզի անապատների՝ բոլոր ոռնացող խուժաններն իսկ անզօր են սպաննել լոյսը, որ մի բարի աստուած, մի գթոտ աստուած մի օր քո կարկառուն բազուկների մէջ դրեց, ո՜վ դու յոյսի հայրենիք, լոյսի հայրենիք…։
«Եւ դուք, ո՛վ մեր արիւնով ու վաստակով յղփացած բարբարոսներ, ճամբայ տուէք, հաւատացէ՛ք, որ ձեր իսկ ձեռքով նահատակուած հայ ցեղի ճիգերով է, որ մի օր լոյս պիտի տեսնէ։
«Հաւատացէ՛ք ու ճամբայ տուէք»։
Ն.