Հ.Կ.Խաչի «Ա. Եւ Զ. Ճէնազեան» միջնակարգի, Ֆիքսի «Լ. եւ Ս. Յակոբեան», Գոքինիոյ «Զաւարեան» ազգային վարժարաններու, ինչպէս նաեւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի «Ա. Գալփաքեան» վարժարանի զանազան դասարաններու աշակերտները, իրենց ուսուցիչներու ընկերակցութեամբ՝ հերթաբար այցելեցին «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թի եւ Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան մշա­կու­թա­յին հաս­տա­տու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, ­Նէա Զ­միռ­նիի ար­դի ցու­ցադ­րու­թեանց թան­գա­րա­նին մէջ բացուած, պատ­մա­կան-վա­ւե­րագ­րա­կան լու­սան­կար­նե­րու ցու­ցա­հան­դէ­սը: Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ դիտեցին նկարները, որոնց ընդմէջէն իրենց առջեւ ներկայացուեցաւ յու­նա­հայ գա­ղու­թի ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րու պատ­մու­թիւ­նը, երբ հայ գաղ­թա­կան­նե­րը ապաստան գտան ­Յու­նաս­տա­ն՝ 1922-1940 տարիներուն: