­Հինգ­շաբ­թի՝ 8 ­Փետ­րո­ւար 2018ին, ­Հայց. ա­ռա­քե­լա­կան Ս. ե­կե­ղե­ցին եւ հա­մայն հա­յու­թիւ­նը յի­շա­տա­կե­ցին «Սր­բոց ­Վար­դա­նանց ­Զօ­րա­վա­րացն» ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան տօ­նը:
Այս առ­թիւ եւ ըստ ա­ւան­դու­թեան սուրբ եւ ան­մահ պա­տա­րագ մա­տու­ցո­ւե­ցաւ ­Նէոս ­Գոզ­մոս (ֆիքս)ի «Ս. ­Կա­րա­պետ» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ:
Ա­րա­րո­ղու­թեան հան­դի­սա­պե­տեց եւ օ­րո­ւան խոր­հուր­դը պատ­գա­մեց ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան:
­Պա­տա­րա­գեց ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Նա­րեկ Քհնյ. ­Շա­հի­նեան:
Ս. ­Պա­րա­տա­գին ներ­կայ գտնո­ւե­ցան Ա­թէն­քի «Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ» մայր ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Հ­րայր Աւ. Քհնյ. ­Նի­կո­լեան, ­Յու­նա­հա­յոց Ազգ. ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան, շրջա­նի ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դի եւ ­Տիկ­նանց ­Մարմ­նոյ ան­դամ-ան­դա­մու­հի­ներ, Հ. Կ. ­Խա­չի ­Ֆիք­սի «Լ. Եւ Ս. ­Յա­կո­բեան» նա­խակր­թա­րա­նի եւ «­Ճէ­նա­զեան» միջ­նա­կար­գ ազ­գա­յին վա­ր­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­ներ եւ ծնող­ներ:
Եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը ղե­կա­վա­րեց ­Պետ­րոս Սրկ. ­Պար­սա­մեան, մաս­նակ­ցու­թեամբ՝ ե­կե­ղեց­ւոյ սար­կա­ւագ­նե­րուն, դպրաց դա­սին, ինչ­պէս նաեւ փոքր թի­ւով նա­խակր­թա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րուն:
Ս. ­Խո­րա­նին սպա­սար­կե­ցին դպիր­ներ ­Ժա­նօ ­Պար­տաք­ճեան (բուր­վառ եւ ­Ճա­շու ­Գիր­քի ըն­թեր­ցում) եւ ­Սար­գիս ­Չի­նա­րեան (Ք­շոց):
Ա­ւար­տին՝ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը, հո­գե­ւոր հա­յրերն ու Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը ներ­կայ գտնո­ւե­ցան ­Ֆիք­սի վար­ժա­րա­նէն ներս օ­րո­ւան տօ­նին նո­ւի­րուած ա­շա­կեր­տա­կան հան­դի­սու­թեան:

­Հո­վիւ եւ ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուրդ