ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Առաջնորդ Յունաստանի Հայոց Թեմին
Հայոց Պատմութեան մէջ արձանագրուած բազմաթիւ դէպքերուն մէջ նշանակալից դէպքեր կան, ի մասնաւորի Ք.Ե. 4-րդ եւ 5-րդ հայոց հոգիի եւ մտքի ոսկեդարերուն, որոնք Հայ ժողովուրդին ազգային իւրայատուկ նկարագիրը կերտեցին եւ պատմութեան յառաջիկայ հոլովոյթին ընթացքը հունաւորեցին։ Այդ պատմակերտ գլխաւոր երեքն են՝ Քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակումը, Հայ գիրերու գիւտը եւ Վարդանանց դիւցանամարտը։ Հազար հինգ հարիւր տարիներէ աւելի հարիւրամեակներու հանդիսաւոր հոգեւոր եւ ազգային հանգամանքի բարձրագոյն մակարդակի նշումները, ինքնին բացայայտիչ ապացոյցներ են այս երեք դէպքերուն պատմական անժամանցելի կարեւորութեան։
Յարութեան եւ յաւիտենական կեանքի վրայ հիմնուած քրիստոնէական հաւատքը, Հայոց գիրերու գիւտով զգեցաւ ազգային նկարագիր եւ պայծառացաւ հայկական մտքին ու հոգիին եռանգաւոր մշակութային ծիածանով եւ դարձաւ գերազանցապէս հայկական։ Իսկ այդ ազգային իւրայատուկ ինքնութիւնն ու նկարագիրը ի գին ամէն զոհողութեան եւ անայլայլ արիութեամբ պահելու եւ պաշտպանելու ազգային հաւատոյ հանգանակ ձեւաւորեց Աւարայրի ճակատամարտին փայլատակած հայրենասիրական դիւցազնական ոգին։
Հայ եկեղեցին, 4րդ դարու առաջին կէսին արդէն, Հայոց Վրթանէս կաթողիկոսի սահմանած կարգի համաձայն, Հայրենիքի եւ հաւատքի համար մղուած պատերազմներուն ինկած Հայ զինուորներն ու զօրավարները սրբադասած է։
Վարդանանց դիւցազնամարտը թէեւ 451 թուականին տեղի ունեցած միօրեայ տեւողութեամբ ճակատամարտ եղաւ, բայց անոր ազդեցութիւնը շարունակուեցաւ: Որպէս դէպք ֆիզիքապէս դադրեցաւ, բայց բարոյապէս շարունակուեցաւ ու տակաւին կը շարունակուի, վերածուելով անսակարկ հայրենասիրութեան եւ հայրենանուիրումի պատգամ եւ խորհուրդ։ Աւարայրի ճակատամարտի քաջ նահատակներուն հերոսական պատմութիւնը, Հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան ընթացքին իւրայատուկ եւ կեդրոնական տեղ գրաւած է, որով սպարապետ Վարդան Մամիկոնեան եւ իր հետ միասին Վարդանանք, 5-րդ դարէն ի վեր դարձած են ճշմարիտ հայրենասիրութեան եւ անձնազոհութեան խորհրդանիշ, Հայրենիքի եւ հաւատքի պաշտպանութեան ոգեւորող ուղենիշ, եւ իրենց սխրանքով ու անձնական օրինակով ճակատագրական հանգրուաններուն ոգեշնչած ու խրախուսած են իրերայաջորդ սերունդները պայքարելու Հայ ժողովուրդի եւ Հայրենիքի յաւերժութեան ի խնդիր։
Հայրենասիրութիւնը միտք, գաղափար, տեսութիւն, գոյական չէ, այլ` ապրում, որ ապրիլ բային գոյականն է։ Եւ քանի որ ապրումը կեանքի հետ կապ ունի՝ կեանքով կ՚արտայայտուի, ուրեմն հայրենասիրութեան մասին խօսած ատեն չենք հասկնար միայն գաղափար, մտածում, պատկերացում, այլեւ` կենդանի ապրուած հոգեվիճակ։
Այս մտածումը կու գայ այն իրողութենէն, որ հայրենասիրութիւնը շատ յաճախ գործածուած եզր մըն է, անոր կարեւորութեան, անհրաժեշտութեան մասին բազմաթիւ ճառախօսութիւններ լսուած են։
Սակայն երբ հարց կու տանք, թէ ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել հայրենասիրութիւնը, ինչպէ՞ս կ’ընկալուի, ո՞վ է հայրենասէրը, ե՞րբ եւ ի՞նչ ձեւով կը դրսեւորուի, ի՞նչ է չափանիշը եւ սահմանումը հայրենասիրութեան, ամենէն ցայտուն օրինակը կու տանք պատերազմի դաշտին վրայ Հայրենիքի պաշտպանութեան համար իր կեանքը զոհած զինուորին։ Իսկ անկէ դուրս եւ պատերազմի դաշտէն հեռու չկա՞յ հայրենասիրութիւն։ Հայրենասիրութիւնը առիթներով արտայայտուած երեւոյթ չէ կամ ազգային տօնակատարութեանց եւ պատմական դէպքերու յիշատակումներու ատեն արտասանուած խօսք, այլ՝ այն իւրաքանչիւր աշխատանքը, մտածումն ու գործն է, որ ամէն օր, ամենուրեք, ամէն պարագայի ու ամէն դասակարգի ու մակարդակի կը կատարուի Հայրենիքի պահպանման գոյատեւման ու բարգաւաճման համար։ Հայրենիքին ի նպաստ առօրեայ մտածելակերպ ու գործելակերպ։ Հայրենասիրութիւնը մարդու շնչառութեան բնազդին կը նմանի, որ մարդ անգիտակցաբար անդադար կը կատարէ։ Այլապէս Հայրենիքը կը դառնայ պարագայական եւ պայմանական խնդիր։
Հայրենասիրութիւնը ապրո՛ւմ է. ապրում կը նշանակէ կեանք, զգացում, կենդանութիւն, ողջութիւն։
Հայրենասիրութիւնը Հայրենիքի մը գոյատեւման երաշխիքն է, որ կ’արտացոլայ տուեալ Հայրենիքի մը զաւակներուն կեանքին ընդմէջէն։ Որքան որ ազգի մը զաւակներուն մէջ հայրենասիրական զգացումը, ապրումը առկայ է, այդ Հայրենիքի գոյութիւնը ապահով է։ Հայրենասիրութիւնը պարտականութիւն չէ՛, այլ՝ ինքնաբուխ նուիրում՝ Հայրենիքին համար։ Հայրենասիրութիւնը ազգի մը որոշ մարդոց վերաբերող պարագայ չէ՛, այլ իւրաքանչիւր անհատի սրբազան պարտքն է Հայրենիքին նկատմամբ։ Հայրենասիրութեան թատերավայրը պատերազմի դաշտն ու պահը չէ՛ միայն, այլ՝ ան ամէնօրեայ ապրում է, որ մարդու մը ողջ կեանքի ամբողջ տեւողութեան ընթացքին իր շունչին հետ միասին կը գոյատեւէ։ Ինչպէս երբ մարդու կազմուածքէն շունչը պակսի՝ մարդը կը մեռնի, այդպէս ալ, եթէ հայրենասիրութիւնը մարդու մը մէջէն չքանայ, Հայրենիքը մահանալու վտանգի մէջ կը գտնուի։ Ի վերջոյ, Հայրենիք կ’ունենան ու Հայրենիքի կ՚արժանանան ու զայն կը պահեն այն ազգերը, որոնք ո՛չ միայն հայրենասէր զաւակներ ունին, այլեւ գիտեն հայրենասէր, հայրենանուէր ու հայրենաշէն ղեկավարներ իշխանութեան կանչել։
Պատմութեան ընթացքին, Հայ Ժողովուրդի պետական սեփական իշխանութեան բացակայութեան՝ օտար տիրապետութեան տակ թէ արտասահմանի աշխարհասփիւռ պայմաններու մէջ, ինքնութեան պահպանման գոյամարտին լծուած հայկական գաղութներու անհատական թէ հաւաքական կեանքի մէջ, Ազգն ու եկեղեցին միազանգուած այս երեք պատմական դէպքերու անխափան յիշատակումը եւ տօնախմբութիւնը բաղկացուցիչ էական մաս կազմած է նոր սերունդներու ազգային դաստիարակութեան ծրագրին մէջ։ Այս առումով ալ տարօրինակ չէ, որ ազգային գիտակցութեան խղճահարութեան զգացում առթած է, ինչպէս նաեւ նոր սերունդներուն հայեցի դաստիարակութեան նկատմամբ այպանելի թերացում՝ եթէ պատահի որ այս կարեւոր պատմական տօներէն մէկը հանդիսաւորապէս եւ պատշաճօրէն չտօնակատարուի կամ չնշուի։ Որովհետեւ նպատակը տօնակատարութեան ընդմէջէն, իր ինքնութեան գոյամարտը մղող Հայութեան կեանքին մէջ ազգային ու հայրենասիրական ոգին արթուն պահել եւ զայն ապրումի վերածելն է։ Մանաւանդ Սրբոց Վարդանանց դիւցազնամարտի տօնակատարութիւնը, որ իր բովանդակութեամբ եւ խորհուրդով ազգային ոգի եւ ապրում ջամբող ամբողջական պատկերացում մըն է հայեցի դաստիարակութեան։ Հո՛ն է Հայոց հաւատքն ու Հայրենիքը։ Այս երկուքին միազանգումն է հայեցի դաստիարակութիւնը, որուն մէջ Հայ եկեղեցին ու հաւատքը անհրաժեշտ բաղկացուցիչ տարրերն են եւ ոչ կցորդ, որ անհատական նախընտրութեան եւ սակարկութեան առարկայ ըլլայ։ Այսպէս ցոյց տուած է դարերու ընթացքին հայեցի դաստիարակութեամբ նոր սերունդներուն հայրենասիրութիւն ջամբելու մեր անցեալի կենսափորձը։
Հայրենասիրութիւնը ապրում է։ Ապրում կը նշանակէ կեանք, զգացում, կենդանութիւն, ողջութիւն։ Իսկ հայրենասիրութեան ապրումի կը վերածուի ՀԱՅԵՑԻ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՄԲ։
Այս պրիսմակէն դիտած՝ կրնանք ամբողջութեամբ ըմբռնել ու գնահատել մեր ազգային կեանքին մէջ գործող եկեղեցական եւ ազգային կառոյցներուն դերը եւ կենսական կարեւորութիւնը, ըլլան անոնք ընտանեկան կենցաղակերպ ու մթնոլորտ, եկեղեցի, քրիստոնէական դաստիարակութիւն, հայկական դպրոց, հայկական օրաթերթ եւ մամուլ, միութիւն, կուսակցութիւն. այն ատեն կրնանք անդրադառնալ, թէ այդ հայկական բոլոր կառոյցներուն դերը որքան կարեւոր է նոր սերունդներուն մէջ հայկական պատկանելիութիւնը զգացումի, ապրումի, ազգային հպարտութեան վերածելու նպատակին համար․ այն ատեն կը հասկնանք, թէ անցնող սերունդներու պատասխանատուներ ինչու այդքան ջանք ու ճիգ չեն խնայած եւ ի գին ամէն զոհողութեան ջանացած են այդ կառոյցներուն ընդմէջէն իւրաքանչիւր հայու կուրծքին տակ հայրենասիրութեամբ բաբախով սիրտ դնել։
Փա՜ռք Հայ ազգին յաւերժութեան ի խնդիր փարոս դարձած անձնազոհ բոլոր հերոսներուն եւ նահատակներուն։
Բի՜ւր յարգանք ու պատիւ՝ նահատակ հերոսներու հայրենասիրութեան կտակն ու պատգամը հաւատարմօրէն պահած մեր բոլոր հայրենանուէր նախնիքներուն՝ վարդապետ, վարժապետ թէ դպրապետ, խմբապետ թէ խմբագիր, հայրեր ու մայրեր, եւ մանաւանդ դաստիարակներ, որոնք հայոց պատմութեան հերոսներու տիտանեան տիպարները իրենց ոգեւորիչ մատուցմամբ զանոնք ոգեղէն կենդանի կերպարներու վերածելով նոր սերունդներու հոգիներուն մէջ տաղեցին ու ազգասիրութիւնն ու հայրենասիրութիւնն վառ ապրումի վերածեցին։
Անհատնում եռանդ ու կորով, մեր նախնեաց կտակին յանձնառու՝ Հայրենիքի ու հայ ազգին յաւերժութեան ամենօրեայ համատարած, բազմատարած, բազմաճակատ պայքարին հայրենասիրական վառ ապրումներով ու տոգորմամբ զինուորագրուած ներկայի հայրենանուէր զաւակներուն։