Հովանաւորութեամբ՝ Հայ Գթութեան Խաչի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ՝ Թեսաղոնիկէի «Մալաքեան-Գասպարեան Ծաղկոց» շաբաթօրեայ դպրոցի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, ինչպէս նաեւ մասնակցութեամբ՝ դպրոցի աշակերտութեան, Շաբաթ՝ 10 Փետրուար 2018ի առաւօտեան ժամը 10ին, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ աշակերտական «Վարդանանց»ի տօնակատարութիւն, ուր աշակերտներ Վարդանանց երգերով եւ ոտանաւորներով ճոխացուցին օրուան գեղարուեստական յայտագիրը։ Շրջանի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեան պատգամախօսեց օրուան խորհուրդին մասին՝ յորդորելով դպրոցի մեծ անձնակազմին եւ ընտանիքին եւ յատկապէս աշակերտութեան, մշտապէս չմոռնալու մայրենի լեզուն, պատմութիւնն ու մշակոյթը ու, մանաւա՛նդ, Վարդանանց աննկուն ոգիով շարունակելու մեր պայքարը յանուն մեր հաւատքի ու հայրենիքի պաշտպանութեան։ Աւարտին, դպրոցի մեծ ընտանիքը Հայր Սուրբին հետ միասին յիշատակելի խմբանկար մը առին եւ մեկնեցան դպրոց՝ շարունակելու համար իրենց օրուան դասաւանդութիւնները։
«Վարդանանց»ի տօնակատարութիւն՝ Թեսաղոնիկէի մէջ
«Վարդանանց»ի տօնակատարութիւն՝ Թեսաղոնիկէի մէջ