Անի Աբիկեան
Կազմակերպութեամբ հայ կաթողիկէ համայնքի մշակութային յանձնախումբին, Հինգշաբթի, 8 Փետրուար 2024-ի երեկոյեան, Հայ կաթողիկէ «Գոյունեան» սրահին մէջ արժանաւորապէս նշուեցաւ Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց տօնը: Ելոյթը կը վայելէր հովանաւորութիւնը Յունաստանի Հայ կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդ Գերպ. Յովսէփ Թ.Ծ.Վ. Պէզազեանի։
Սոյն տօնակատարութեան ներկայ գտնուեցան Յունաստանի թեմի Առաջնորդ գերշ. Տ. Գեղամ Ս. արք. Խաչերեան, Յունահայոց Ազգային վարչութեան ատենապետ Թագւոր Յովակիմեան, Հ.Յ.Դ. Կ.Կ.-ի, Հ.Կ.Խ.-ի, Համազգայինի, Հ.Մ.Ը.Մ-ի ներկայացուցիչներ, կրօնական դասը, Հ.Կ.Խ. ազգային վարժարաններու տնօրէնուհինները, յունահայ մամուլի ներկայացուցիչներ եւ հայրենակիցներ։
Տօնակատարութեան կոկիկ յայտագիրը կ՚ընդգրկէր դասախօսութիւն եւ գեղարուեստական ներկայացումներ:
Օրուան նախագահն էր Հ.Կ.Խ. ազգային «Զաւարեան» վարժարանի վարիչ մանկապարտիզպանուհի Անի Աբիկեան: Ան ողջոյնի խօսքեր ուղղելէ ետք, բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ թէ՝ «Այսօր աւելի քան երբեք Վարդանանցի պատգամաբեր մարտով՝ եւս կոչուած ենք վերամտածելու հայ ժողովուրդի դիմագրաւուած լուրջ մարտահրաւէրները, ի մտի ունենալով, որ Վարդանանց ճակատամարտը հայուն համար երբեք չի վերջանար:
Յազկերտները որոնք կը փորձեն շեղել մեր ազգային արժէքներէն, նոյնիսկ մեր ազգէն, ամենուրէք են: Մենք կարիքն ունինք Վարդանանցի օրինակով մեր գոյատեւման նուրբ ու բարակ թելը ամուր պահելու եւ հանգոյցները քակելու. հաւաքական կեցուածքով, բայց եւ համապատասխանատուութեան բաժինով, ամուր հաւատքով եւ ազգային գիտակցութեամբ, բայց եւ ինքնագիտակցութեամբ. բարձր պահելով հաւատքի ուժը եւ ազգային ոգին. տէր մնալու մեր անցեալին, մեր ներկային ու ապագային: Տէր մնալու մեր հայրենիքին՝ Հայաստանին ու աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդին:
Բացման խօսքին յաջորդեց տեսերիզի ցուցադրութիւն՝ գեղեցկօրէն պարտրաստուած արուեստագէտ Ալիս Ֆուրունճեանին կողմէ, ուր կը ներկայացուէր Վարդանանց հերոսամարտի խորհուրդը եւ հակիրճ պատմականը, յատկապէս շեշտելով անոր կարեւորութիւնը մեր ազգի գոյատեւման մէջ:
Օրուան բանախօսը Սուրիայէն հրաւիրուած՝ տոկտ. Սարգիս Պուրունսուզեան, գրող, հրապարակախօս եւ քաղաքական վերլուծաբան, համապարփակ գիծերու մէջ եւ մասնագիտականօրէն ամփոփեց հայ ժողովուրդի պատմութեան կարեւորագոյն եւ անկիւնադարձային դէպքերը որոնք դրօշմեցին մեր ազգային ինքնութիւնը՝ Վարդանանց ճակատամարտէն առաջ ու անկէ ետք: Ան իր խօսքը աւարտեց հետեւեալ բանաձեւումով. «Վերջապէս, որքա՜ն նման է անցեալն ու ներկան: Այսօ՛ր դարձեալ բարոյալքման շրջան մը կ՚ապրինք, ուր անհաշիւ վնասներ կրած ենք: Մեր ապրած իրավիճակին մէջ իսկ ամէն բան կորած չէ: Պատմութեան աւերակներուն տակ կան թաքնուած կայծեր, որ պիտի շանթահարեն: Պիտի ունենանք նոր Վահաններ, որ պիտի տապալեն նոր Հազկերտներ եւ ունենանք նոր յաղթանակներ»:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Հռիփսիմէ Կարապետեան իւրայատուկ ոճով ասմունքեց Վարդան Մամիկոնեանի ճառը՝ պատերազմի նախօրեակին: Ապա յայտագիրը ճոխացուց երաժիշտ Ստեփան Թէքիրեան: Ան հրապուրիչ կերպով դաշնամուրի վրայ նուագեց հայկական երաժշտական կտորներու ընտրանի մը՝ Կոմիտասէն եւ Արամ Խաչատուրեանէն, առիթը տալով ներկաներուն հաճոյքով ունկնդրելու եւ վայելելու հրամցուած երաժշտութիւնը։
Փակման խօսքով հանդէս եկաւ Հայր Յովսէփ Թ.Ծ.Վ Պէզազեան: Ան ըսաւ. «Մեր դարուն մէջ վերադարձած են նահատակները, յաճախ անյայտ, գրեթէ անյայտ զինուորներ են: Անոնք տղամարդիկ եւ կանայք են, որոնք հետեւուած են ազգասիրութեան ու կրօնասիրութեան կոչման տարբեր ձեւերով։
«Այսօր հայ ազգը դարձեալ եղած է նահատակներու ազգ, եւ ինքը՝ ազգը չմոռնայ այս յայտնի կամ անյայտ զինուորները: Նահատակներու յիշատակը չմոռցուի։
Այսօր կան հարիւրաւոր եւ հարիւր հազարաւոր նահատակներ, որոնք յաճախ անտեսուած կամ մոռացուած են հանրային համարումի կողմէ, որոնց ուշադրութիւնը իւրացուած է տարբեր եղելոյթներէ:
Իրականութիւն մը կայ եւ պիտի ընդունինք՝ ցաւի դպրոցին մէջ մենք կը հասուննանք: Սակայն՝ «Այլեւս երբեք պատերազմ. Այո՛ խաղաղութեան», այս է այսօրուայ մարդոց աղաղակը, մանուկներու եւ նոր սերունդի կանչը։
Մեր Եկեղեցին, ինչպես Ընդհանրական Եկեղեցին, ծնած է Քրիստոսի խաչէն եւ մեցած է հալածանքներու մեջ»։
Գերապայծառը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց դասախօսին ու յայտագրին իրենց սիրայօժար մասնակցութիւնը բերած բոլոր անձերուն, ինչպէս նաեւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մշակութային յանձնախումբին:
Հանդիսութիւնը աւարտին հասաւ պատշաճ հիւրասիրութեամ, որու ընթացքին ներկայները առիթը ունեցան օրուան նիւթին մասին իրարու հետ զրուցելու։
***
Հատուած՝ օրուան բանախօսին արտասանած խօսքէն
415 թուին, պարսից թագաւոր՝ Վռամի մահէն ետք, անոր որդին՝ Հազկերտ Ա. կը ստանցնէ գահը (415-419թ.): Հազկերտ Ա. իր թագաւորութեան վերջին տարիներուն նկատեց, թէ ինչ կը կատարուէր Հայաստանի մէջ շնորհիւ Վռամշապուհ թագաւորի վարած իմաստուն քաղաքականութեան: Վ. Թագաւորի մահէն ետք, հայերը չկարողացան պարսկական սուրի աչքէն թաքնեցնել Մեսրոպեսն արթնութիւնը: Ըստ Ղազար Փարպեցիին. «Պարսիկները շատ լաւ գիտէին, թէ Պարսկաստանի շահերուն համար որքա՜ն վտանքաւոր էր Մեսրոպեան շարժումը: Հազկերտ Ա. Արշակունեաց Խոսրով թագաւորի մահէն ետք իր որդին՝ Շապուհը հայոց թագաւոր նշանակեց (415- 419թ.): 420 թուին, Վռամը (ճանչցուած՝ Բահրամ գուր) ստանցնեց պարսից գահը եւ Արտաշիրը Հայաստանի թագաւոր հռչակեց: Վռամը պարտութիւն կրելով յոյներուն դէմ, դաշինքի մէջ յանձն առաւ քրիստոնեաները հալածելէ դադրիլ:
Վռամ իր վարչապետի՝ Միհրներսէհի խորհուրդով վճռեց ջնջել հայոց թագաւորութիւնը:
Միհրներսէհ անմիաբան եւ փառամօլ հայ նախարարներու միջոցաւ գահնկեց ըրաւ վերջին Արշակունի ժառանգորդ՝ Արտաշիր թագաւորը (422-428թ.): Հայ նախարարները յայտարարեցին, թէ երբեք թագաւոր չեն ուզեր եւ խնդրեցին պարսիկ իշխանաւոր մը ուղարկել կառավարելու հայոց երկիրը: 429 թուին Հայաստանի վիճակը հետեւեալն էր.- թագազուրկ թագաւոր (Արտաշիր Արշակունի), անաթոռ կաթողիկոս (Սահակ Պարթեւ) եւ անմիաբան նախարարներ(բաժնուած երկու մասերու՝ պարսկամետ եւ հակա-պարսկամետ): Նոյն շրջանին կար կեղծ կաթողիկոս (Սուրմակ) նշանակուած պարսիկներուն կողմէն եւ պարսիկ մարզպան մը բեռնաւորուած ընծաներով:
Հայոց վիճակը հետաքրքրական էր: Մեսրոպեան վերածնունդին զուգահեռ կապուած էր քաղաքական անկումը: Միհրներսէհի ռազմավարութիւնը յստակ էր՝ առաջին թիրախը թագաւորական գահն էր, իսկ երկրորդը — աւելի դժուարը — հայ եկեղեցին: 439 թուին, սասանեան գահ բարձրացաւ Բահրամ գուրի որդին՝ Հազկերտ Բ.-ը (439-457թ.): Սկիզբը ըսաւ, որ քննուին կրօնները եւ ընտրուի լաւագոյնը որպէս պետական կրօն: Պարսից թագաւորի վերչին որոշումով տեղի կ՚ունենայ կրօնի վիճաբանութիւն տիրոջ եւ հպատակներուն միջեւ: Հազկերտ Բ. Առաջարկեց հաերուն ընդունիլ «մազկեզականութիւն»ը որպէս կրօն եւ ուրանալ քրիստոնէութիւնը:
Արտաշատի մէջ ժողով մը գումարուեցաւ (եկեղեցական դասը, նախարարներն ու ժողովուրդը): Ժողովը կտրուկ եւ համարձակ մերժեց Հազկերտ Բ.-ի առաջարկը: Հայերը՝ իբրեւ հպատակներ բոլոր իրենց հնազանդութիւնը եւ պարտականութիւնները պիտի կատարէին: Հայերու հնազանդութիւնը պիտի չխանգարէ մտքի, խղճի եւ կրօնի ազատութիւնը: Հայոց պատասխանը արեւելեան չափանիշով կը նկատուէր հանդուգն եւ աններելի ըմբոստութեան ապացոյց: Հայերու պատասխանն էր «Քու սուրդ եւ մեր պարանոցը»:
451 թուի Աւարայրի օրը պատմական եւ աննախադէպ օր էր: Աւարայրի օրը կը դրոշմէր հայ ժողովուրդի սիրտը եւ կը դառնար ամենաբարձր եւ ամենանուիրական պաշտամունք: Հայոց ամբողջ անցեալին մէջ չկայ ուրիշ օր մը, որ այդ օրուայ հմայքը ունի կամ կ՚ունենայ:
Վարդանի վիճակը ծանր էր: Պարսկական ծրագիրը յստակ էր, որ կը հենէր եղբայրասպանութեան վրայ, միեւնոյն ազգի երկու մասերու փոխադարձ ոչնչացում: Վարդան ընդդէմ Վասակին, որ իր հաւատարմութիւնը լաւապէս ապացուցելու համար պարսիկներուն պիտի պատերազմէր իր եղբայրներուն դէմ:
Առաւօտուն սկսաւ մարտը: Հայ մարտիկները ամէն ինչ մոռցած մխրճուեցան մարտի մէջ, որ ցոյց տան պարսիկներուն հայ ժողովուրդի ինքնաճանաչման ամբողջ բուռն թափը: Այս էր օրուան խորհուրդը կատարողը՝ Վարդան վաղուց կը ձգտէր մարտիրոսութեան: Արիւնով կը գրուէր պատմութեան նոր էջեր եւ մեծ եղելութիւններ: Տղմուտի ափին հայ արիւնը կը ճեղքէր ժամանակաշրջանը՝ անցեալը (խաւարն ու հեթանոսութիւնը) կը մերժեն անվերադառնալի կերպով: Այդ հոսող արիւնը կը հաստատէր նոր ներկան՝ հայ քրիստոնեան: Հայոց մարտիրոսութիւնը կը դառնար առաջաւոր պահակը Ասիոյ խոր անկիւնին մէջ: Այս մկրտութիւնը չափազանց սուղ էր հայոց համար: Երկիրը կորսնցուցած էր իր անդորրութիւնը, քաղաքական ուժը ոչնչացած էր եւ լքման ու կազմալծութեան շրջան մը կը տիրէր այնտեղ, հետեւաբար հայերը անհաշիւ վնասներ կրեցին:
Արդեօ՞ք հարկաւոր էին բոլոր այս վնասներն ու աւերները: Այո, այդ բոլորը կարեւոր էին, ոչ թէ քաղաքական եւ փառքի ուծի համար, այլ բարձր հեղինակութեան ստեղծման համար, որ պիտի դառնար հայ ժողովուրդի դարաւոր ուղեցոյց մը մտաւոր ինքնութեան եւ մտաւոր անկախութեան համար որպէս հայ-քրիստոնեաներ:
Ամէն ինչ կորած չէր, աւերակներու տակ կայծեր մնացած էին: Քրիստոնէութիւնը թաքուն կրօն էր, սարերն ու անտառները քաշուած էր ինչ որ մնացած էր լուսաւորութեան եւ գրականութեան փայլքի ժամանակէն: Ահա թէ ուր էին թաքնուած կայծերը: