Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան ե­րի­տա­սարդ հե­տե­ւեալ վեց միա­բան հայ­րե­րուն շնոր­հեց վար­դա­պե­տա­կան լան­ջա­խաչ կրե­լու ի­րա­ւունք.-

Հոգշ. Տ. ­Տա­ճատ Վրդ. Ա­շը­գեան,
­Հոգշ. Տ. Ն­շան Վրդ. ­Լա­խո­յեան,
­Հոգշ. Տ. ­Պա­րոյր Վրդ. ­Շէր­նէ­զեան,
­Հոգշ. Տ. ­Գա­րե­գին Վրդ. Շխրտ­մեան,
­Հոգշ. Տ. Սմ­բատ Վրդ. ­Սա­պուն­ճեան,
­Հոգշ. Տ. ­Զա­րեհ Վրդ. ­Սար­գի­սեան։

­Յի­շեալ միա­բան հայ­րե­րէն ­Հոգշ. Տ. Սմ­բատ Վրդ. ­Սա­պուն­ճեա­նը մեր հա­մայն­քէն ներս կը ծա­ռա­յէ որ­պէս ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին Ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ, մեր սրտա­գին շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­նե­րը կը փո­խան­ցենք սի­րե­լի ­Հայր ­Սուր­բին՝ մաղ­թե­լով, որ ան իր ա­ռա­քե­լու­թեամբ նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­ներ ար­ձա­նագ­րէ, միշտ հա­ւա­տա­րիմ մնա­լով ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան։