­Մեր աշ­խա­տա­կի­ցին ըն­տա­նե­կան յու­շագ­րու­թեան մաս կազ­մող հե­տա­գայ վկա­յու­թիւ­նը, ընդ­հան­րա­պէս հե­տաքրք­րա­կան ըլ­լա­լուն կող­քին, նաեւ յղում ու­նի ­Գո­քի­նիոյ Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ կա­ռուց­ման, ինչ որ շա­հե­կան նշա­նա­կու­թիւն կը ստա­նայ՝ հայ ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ կող­մէ ­Դեկտեմբեր 17ին նշո­ւող ­Սուրբ ­Յա­կո­բի տօ­նին ա­ռի­թով։

«Ա­զատ Օր»

­Մօրս կող­մէ մեծ հայ­րիկս կէլ­լի­պոլ­ցի ­Հա­ճի ­Յա­կոբ Ա­ղա ­Փա­լան­ճեանն էր. Գ­րի­գո­րեան՝ ծնուն­դի ազ­գա­նու­նով, զոր սա­կայն Ա. ­Հա­մաշ­խար­հա­յին ­Պա­տե­րազ­մի նա­խոր­դող տա­րի­նե­րուն ան­ծա­նօթ պատ­ճառ­նե­րով փո­խեց ու ա­ռաւ ­Փա­լան­ճեան ազ­գա­նու­նը։ Կ­՚ապ­րէր ու կը գոր­ծէր ­Կէլ­լի­պոլ (Gelipolu-Canakcalle)։ Իր ըն­տա­նի­քը հայ հա­մայն­քէն յար­գո­ւած ու ճանչ­ցո­ւած էր։ Իբ­րեւ սպայ ծա­ռա­յեց օս­մա­նեան բա­նա­կի հե­ծե­լա­զօր­քին եւ մաս­նակ­ցե­ցաւ 1915ին տե­ղի ու­նե­ցած «­Կէլ­լի­պո­լի պա­տե­րազ­մի»ն (the Battle of Gallipoli or the Dardanelles Campaign) ։

Ի­րեն պի­տի վի­ճա­կո­ւէր՝ մա­հէ փրկել թուրք բարձ­րաս­տի­ճան սպայ մը, ո­րուն օգ­տին իր սե­փա­կան մար­մի­նը իբ­րեւ «վա­հան» գոր­ծա­ծեց՝ ոտ­քէն վի­րա­ւո­րո­ւե­լով։ ­Մին­չեւ կեան­քին վեր­ջը այդ նշա­նը կը կրէր, ինչ­պէս նաեւ՝ թե­թեւ թե­քում մը՝ քա­լե­լու ա­տեն։
Իր այս հե­րո­սու­թեան հա­մար, ա­տե­նին, ­Հա­ճի ­Յա­կոբ պար­գե­ւատ­րո­ւած է, իսկ թուրք սպան հրա­պա­րա­կաւ խոս­տո­վա­նած է, թէ իր կեան­քը ա­նոր պար­տա­կան է եւ թէ այս ի­րո­ղու­թիւ­նը եր­բեք պի­տի չմոռ­նայ։

Եր­կու­քին մի­ջեւ, հա­կա­ռակ տար­բեր ազ­գու­թեան եւ կրօ­նի պատ­կա­նե­լու­թեան, այդ­պէ՛ս սկսած է ան­կեղծ բա­րե­կա­մու­թիւն մը։ ­Նաեւ՝ եր­կուքն ալ բա­ցա­ռիկ սէր ու­նե­ցած են ձիե­րու հան­դէպ եւ վարժ հե­ծեալ­ներ ե­ղած են։ Կ­՚ը­սեն, թէ մեծ հայ­րիկս, իր սե­փա­կան 40 ձիե­րէն զատ, ու­նէր շատ գե­ղե­ցիկ ա­րա­բա­կան ձի մը. իր թուրք բա­րե­կա­մին միայն տո­ւած էր ա­նոր վրան հեծ­նե­լու մե­նաշ­նոր­հը։

1922-23 թո­ւա­կան­նե­րուն, ­Կէլ­լի­պո­լի քրիս­տո­նեայ բնա­կիչ­նե­րուն աք­սոր­ման պաշ­տօ­նա­կան յայ­տա­րա­րու­թե­նէն հա­զիւ մի քա­նի օր ա­ռաջ, թուրք սպան կը հան­դի­պի մեծ հայ­րի­կիս ու ա­նոր կը փո­խան­ցէ իր մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը՝ ը­սե­լով.- «­Սի­րե­լի բա­րե­կամս, մեծ փոր­ձանք մը ե­կած է մեր գլխուն. Ա­նա­տո­լո­ւի խո­րե­րը չե­թէ­նե­րը կը սպան­նեն ձե­րին­նե­րը։ Ո­չինչ կը խնա­յեն… ա­մէն ինչ քար ու քանդ կ­՛ը­նեն, նոյ­նիսկ ե­կե­ղե­ցի­նե­րը։ Աս­կէ մեկ­նիլ պի­տի ստի­պեն ձե­զի եւ պատ­րաս­տո­ւե­լու ժա­մա­նակ իսկ պի­տի չտան։ Այս ո­րո­շու­մը վե­րէն ե­կած է։ Ա­րագ շտա­պէ՛ ու տե­ղե­կա­ցո՛ւր հա­մայն­քիդ. որ­քան շուտ կրնաք՝ պատ­րաս­տուե­ցէ՛ք։ ­Ձեր հետ ա­ռէ՛ք նաեւ ե­կե­ղեց­ւոյ սպաս­նե­րը»։

Իս­կա­պէս, մեծ հայ­րիկս ա­ռանց ժա­մա­նակ կորսնց­նե­լու, նոյն ի­րի­կունն իսկ, ժո­ղո­վի կը հրա­ւի­րէ հա­մայն­քին ­Սուրբ ­Թո­րոս ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­կա­նու­թիւ­նը եւ կը փո­խան­ցէ տխուր ու մտա­հո­գիչ լու­րե­րը։ ­Շա­տեր թե­րա­հա­ւատ են… Ի վեր­ջոյ, կ­՚ո­րո­շեն նա­խա­պատ­րաս­տել շրջա­նի բո­լոր հայ բնակ­չու­թիւ­նը եւ, միա­ժա­մա­նակ, նա­ւե­րու օգ­նու­թեամբ փախ­չե­լու ծրա­գիր կը մշա­կեն։
Եւ ո՛չ միայն։

­Թա­ղա­կա­նու­թեան ա­մէն մէկ ան­դամ կը ստանձ­նէ սուրբ պար­տա­կա­նու­թիւն մը. գաղ­թի սնտուկ­նե­րուն կամ լա­թէ ծրար­նե­րու մէջ տե­ղա­ւո­րել Ս. ­Թո­րոս ե­կե­ղեց­ւոյ սրբա­զան ա­նօթ­նե­րը, սպաս­նե­րը, ա­ղօ­թա­գիր­քե­րը, ազ­գագ­րա­կան եւ ե­կե­ղե­ցա­կան ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող ի­րե­րը (գոր­գեր, սքեմ­ներ…), որ­պէս­զի փրկո­ւին հա­ւա­նա­կան սրբապղ­ծու­մէ։

­Մեծ հայ­րիկս բախ­տա­ւոր­նե­րէն էր. կա­րո­ղա­ցաւ ծա­խել իր սե­փա­կան ա­պա­րան­քը։ ­Բա­րե­կամ թուրք սպան գնեց։ Ան խոս­տա­ցաւ, որ երբ մեծ հայ­րիկս վե­րա­դառ­նայ, ա­նոր պի­տի վե­րա­դարձ­նէ տու­նը։ Կրկ­նա­կի էր ­Հա­ճի ­Յա­կո­բին վիշ­տը. հե­ռա­նալ իր ծննդա­վայ­րէն եւ սի­րե­լի բա­րե­կա­մէն ու բռնել գաղ­թի ճամ­բան։
­Կէլ­լի­պո­լէն՝ նա­ւը կ­՚անց­նի Ե­գէա­կան ծով, կը հաս­նի ­Յո­նիա­կան ծով (Ionian sea) ու գաղ­թա­կան­նե­րը կը ձգէ ­Քե­ֆա­լո­նիա կղզիին մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Ար­ղոս­դո­լի։

­Մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը սա­կայն չի կրնար յար­մա­րիլ այդ­տե­ղի կեան­քին։ Ի մի­ջի այ­լոց կ­՚ի­մա­նան, թէ ­Փոքր Ա­սիա­յէն հայ գաղ­թա­կան­ներ հա­ւա­քո­ւած, միա­տե­ղո­ւած են Ա­թէնք ու ­Փի­րէա։ Ու­րեմն՝ ­Հա­ճի ­Յա­կոբ եւ շա­տեր կ­՚ո­րո­շեն եր­թալ Ա­թէնք ու փնտռել հայ­րե­նա­կից­ներ, ազ­գա­կան­ներ։
­Գո­քի­նիան ­Փի­րէա­յի մօ­տա­կայ այն շրջանն է, ուր ­Փոքր Ա­սիոյ ա­ղէ­տէն ետք հայ եւ յոյն գաղ­թա­կան­ներ ա­պաս­տան գտած էին։ Վ­րան­ներ, թի­թե­ղա­շէն տնակ­ներ ծած­կե­ցին դաշ­տե­րով, ար­տե­րով, պար­տէզ­նե­րով լե­ցուն այս տա­րա­ծու­թիւ­նը։

­Գաղ­թա­կան­ներ ա­մէն տե­ղէ՝ Զ­միւռ­նիա­յէն, ­Կար­սէն, ­Կէլ­լի­պո­լէն, ­Վա­նէն, Տ­րա­պի­զո­նէն, ­Կի­լի­կիա­յէն, ­Կա­պա­դով­կիա­յէն… յոյ­ներ, հա­յեր, պոն­տոս­ցի­ներ, ա­սո­րի­ներ, եզ­դի­ներ, հրեա­ներ… բո­լորն ալ բռնի տե­ղա­հա­նո­ւած ի­րենց պա­պե­նա­կան հո­ղե­րէն, հի­նա­ւուրց հայ­րե­նիք­նե­րէն…։ ­Թի­թե­ղա­շէն անն­շան շի­նու­թիւն մը կը գոր­ծա­ծո­ւէր իբ­րեւ ե­կե­ղե­ցի. ա­նոր միակ «զար­դը» փայ­տէ խաչ մըն էր…։ ­Մեր կէլ­լի­պոլ­ցի­նե­րը հոն է, որ կը զգան ի­րենց գլխուն ե­կած ա­ղէ­տին մե­ծու­թիւ­նը։ ­Փոքր Ա­սիան այ­րած էր. ետ դարձ չկար։ Ի՜նչ դա­ժան գի­տակ­ցում։

­Մեծ հայ­րիկս կ­՚ո­րո­շէ իր ըն­տա­նի­քին հետ մնալ ­Գո­քի­նիա հա­րիւ­րա­ւոր ու­րիշ հայ­րե­նա­կից­նե­րու հետ, ուր ա՛լ կը հաս­տա­տո­ւին։ Ար­ղոս­դո­լի կը մնան միայն 2-3 հայ ըն­տա­նիք­ներ։ ­Կը ծրագ­րեն հա­մայն­քի ա­պա­գան… ու ա­ռա­ջին հեր­թին, դպրո­ցէն զատ, պէտք է ու­նե­նան նաեւ պատ­շաճ ե­կե­ղե­ցիի մը, ո­րուն պի­տի ըն­ծա­յեն ի­րենց հետ բե­րած ­Սուրբ ­Թո­րո­սի սպաս­նե­րը։ Իս­կա­պէս ալ, 1933ին հիմ­նար­կէ­քէն հա­զիւ 3 տա­րի ետք՝ 1936ին, պատ­րաստ է ­Գո­քի­նիոյ ­Սուրբ ­Յա­կոբ ե­կե­ղե­ցին։ ­Սուրբ ­Թո­րոս ե­կե­ղեց­ւոյ սրբա­զան սպաս­նե­րը կը միա­տե­ղո­ւին. ի­րենց պատս­պա­րա­նը կը գտնեն։ ­Տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ ե­կե­ղե­ցին կը գոր­ծէ. հո­գե­ւոր սիրտն է ­Գո­քի­նիոյ եւ ­Փի­րէա­յի ու ա­նոր շրջա­կայ­քի հա­յու­թեան։

Ա­ւե­լի ետք, շա­տեր պի­տի մեկ­նին դէ­պի Ա­թէն­քի այլ շրջան­նե­րը, ուր պի­տի գտնեն ի­րենց ազ­գա­կան­նե­րը. ու­րիշ­ներ՝ ի­րենց բախ­տը պի­տի ո­րո­նեն հե­ռա­ւոր եր­կիր­նե­րու մէջ՝ Ֆ­րան­սա, Ա­մե­րի­կա, ­Գա­նա­տա, Ար­ժան­թին, Պ­րա­զի­լիա, Աւստ­րա­լիա, ­Հա­րա­ւա­յին Ափ­րի­կէ…։
Աշ­խար­հի չորս կող­մե­րը ցիր ու ցան պի­տի ըլ­լան. բախ­տա­կից՝ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն փրկո­ւած հա­զա­րա­ւոր հայ­րե­նա­կից­նե­րու։
«­Սուրբ ­Թո­րոս ե­կե­ղեց­ւոյ խո­րա­նին ա­րե­ւելք նա­յող պա­տու­հա­նը, կը դի­տէր մեր տան դրան մուտ­քը…»,- կ­՚ը­սէին մե­րին­նե­րը… Այս խօս­քը ու­ղե­ցոյցս ե­ղաւ, երբ 2015ի Օ­գոս­տո­սին, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ կէլ­լի­պոլ­ցի բա­րե­կա­միս՝ Ալ­թուղ Եիլ­մա­զին, ճամ­բայ ե­լայ դէ­պի ­Կէլ­լի­պոլ, փնտռե­լու հայ­կա­կան թա­ղը, մե­րին­նե­րուն տե­ղե­րը…։

Ալ­թու­ղին ծա­նօ­թա­ցած էի մի քա­նի տա­րի ա­ռաջ, հայ­կա­կան հար­սա­նի­քի մը ըն­թաց­քին, ­Մու­սա լե­րան ­Վա­գըֆ­լի գիւ­ղը։ ­Հոն մէկս միւ­սին կը պատ­մէինք մեր ըն­տա­նիք­նե­րուն պատ­մու­թիւն­նե­րը։ Ա­նոր մու­սուլ­ման մեծ հայ­րի­կը, 1923ի բնակ­չու­թիւն­նե­րու փո­խա­նակ­ման դա­ժան ո­րո­շու­մին զոհ, ստի­պո­ւե­ցաւ լքե­լու ­Սե­րե­սի (­Հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տան) ­Փո­ռո­յա գիւ­ղը ու հաս­տա­տո­ւե­լու ա­մա­յա­ցած ­Կէլ­լի­պոլ։

Ան­գամ մը եւս հաս­տա­տե­ցինք, թէ բռնի տե­ղա­հան­ման ցա­ւը միեւ­նոյնն է բո­լոր մար­դոց հա­մար. այդ ցա­ւը կը տա­ռա­պեց­նէ նոյ­նիսկ յա­ջոր­դող սե­րունդ­նե­րուն…։
Ալ­թու­ղը իր ման­կու­թեան ու պա­տա­նու­թեան օ­րե­րը ան­ցուց իմ պա­պե­րուս տե­ղե­րը։ ­Խաղ­ցաւ լքո­ւած հայ­կա­կան տու­նե­րու պար­տէզ­նե­րուն մէջ։ ­Գի­տէ՛ր։ ­Միա­սին գտանք ­Սուրբ ­Թո­րոս ե­կե­ղեց­ւոյ տէր հօր տու­նը. մին­չեւ այ­սօր «փա­փազն է­վի» կը կո­չեն։

Գ­տանք մի քա­նի հին հայ­կա­կան տու­ներ եւ բաղ­նի­քը՝ «հա­մա­մը», ո­րու մա­սին մեծ մայ­րիկս ի՜նչ պատ­մու­թիւն­ներ կը պատ­մէր։ ­Սա­կայն որ­քան ալ որ փնտռե­ցինք, հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցիէն հետք մը նոյ­նիսկ չգտանք… գո­նէ խո­րա­նէն փլա­տակ մը, որ­պէս­զի կա­րո­ղա­նա­յի աչքս ուղ­ղել դէ­պի մեծ հօրս տու­նը… ո­չի՛նչ։ Կ­՚ե­րե­ւի ա­նոնք ալ զոհ գա­ցին «վե­րա­կա­ռուց­ման»։ ­Հետս բե­րած էի իս­կա­կան մո­մեր, մեղ­րա­մո­մեր։

­Կը յու­սա­յի մոմ մը վա­ռել հոն, կէլ­լի­պոլ­ցի­նե­րու յի­շա­տա­կին. մե­ռան՝ վե­րա­դար­ձի յոյ­սով։ ­Թա­գու­հի մեծ մայ­րիկս այս­պի­սին էր. յա­ճախ կը մտա­բե­րէր իր պար­տէ­զը գե­ղե­ցիկ ու բազ­մա­զան ծա­ղիկ­նե­րով.- «Ա՜խ, ար­դեօք ի՞նչ ե­ղան վար­դե­նի­ներս, մե­խակ­ներս, ի՞նչ ե­ղաւ դրախտս»։ Այս խօս­քե­րը քա­նիցս կ­՚ը­սէր… մին­չեւ մա­հո­ւան ժա­մը…։ Երբ ի­րիկ­նա­մու­տին կը ջրէի կէլ­լի­պոլ­ցի ըն­կե­րու­հիիս Եաղ­մու­րին տան պար­տէ­զին ծա­ղիկ­նե­րը, «…մեծ մայ­րիկ, հոգ մի՛ ը­ներ, ա­հա՛ կը ջրեմ ծա­ղիկ­ներդ» մտա­բե­րե­ցի։

Այդ ի­րի­կու­նը, այդ պար­տէ­զի հո­ղին վրայ, վա­ռե­ցի մեղ­րա­մո­մերս. մին­չեւ ա­րե­ւա­ծագ եր­գե­ցի բո­լոր այն եր­գե­րը, զորս մեծ մայ­րիկս սոր­վե­ցու­ցած էր։ Իմ գիտ­ցած ձե­ւով վառ պա­հե­ցի բո­լոր ան­դարձ մեկ­նող­նե­րուն յի­շա­տա­կը։