Կիրակի՝ 31 Մարտ 2019ի առաւօտեան, Ս. եւ Անմահ Պատարագէն անմիջապէս ետք, կազմակերպութեամբ «Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղի վարչութեան, եկեղեցւոյ կից գտնուող «Հայաստան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Եորղոս Թրոխոբուլոսի «Վանտա» գիրքին ներկայացումը, ներկայութեամբ՝ շրջանի ազգային կառոյցներու, հաստատութիւններու, միութիւններու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ՝ հոծ բազմութեան։ Ուրախալի երեւոյթ էր տեսնել ներկաներու մէջ Փօլ Չորպաճեանի տիկինն ու զաւակները։ Ներկայ էր նաեւ շրջանիս հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեան։
Յայտնենք, որ «Վանտա» գիրքը կը վերաբերի լիբանանահայ Փօլ Չորպաճեանի կեանքի ոդիսականին։ Պէտք է ըսել նաեւ, որ Փօլ Չորպաճեան եղած էր նաեւ Թեսաղոնիկէի Հ.Յ.Դ. «Ս. Թեհլիրեան» Երիտասարդական Միութեան ատենապետ։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի տիկ. Տիրուհի Ղալիլէա-Գալֆայեանը, որ յուզումնախառն խօսքերով արտայայտուեցաւ օրուան ներկայացման կապակցութեամբ եւ իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլորի ներկայութեան համար։
Ապա՝ յաջորդաբար գիրքի բովանդակութեան եւ գլխաւոր հերոսի՝ Փօլ Չորպաճեանի կեանքի ոդիսականին մասին խօսք առին հայերէն եւ յունարէն լեզուներով Անուշ Բաբոյեան, Փօլի դուստրը՝ Քաթերինա Չորպաճեան, հեղինակ՝ Եորղոս Թրօխոբուլոս եւ Մարգարիտա Մնացականեան։
Տեղի ունեցաւ փոքր գեղարուեստական ձեռնարկ, ուր Մարիա Սփիրիտօնիտու իր գեղգեղուն ձայնով ներկաներուն հոգիները զուարճացուց, միանգամայն յուզումնալից մթնոլորտ ստեղծեց։
Աւարտին, տեղի ունեցաւ հարց-պատասխան, ուր տրուեցան լուսաբանիչ պատասխաններ։ Իր սրտի խօսքը ունեցաւ նաեւ Փօլի տիկինը՝ Վիքի Օրթանճօղլու Չորպաճեան իր երախտագիտութիւնը յայտնելով օրուան ձեռնարկի կազմակերպման եւ յաջողութեան համար։
Նշենք, որ նոյն օրը տեղի ունեցաւ նաեւ «Վանտա» գիրքին վաճառքը։
Ելոյթի աւարտին յաչորդեց պատշաճ հիւրասիրութիւն։
«Վանտա» գիրքին ներկայացումը՝ Թեսաղոնիկէի մէջ
«Վանտա» գիրքին ներկայացումը՝ Թեսաղոնիկէի մէջ