Հայկական հին լեռնաշխարհի մարգարիտին՝ Վանայ լիճի յատակը վերջերս յայտնաբերուած է ամրոց մը, որ ամենայն հաւանականութեամբ կը պատկանի ուրարտական ժամանակաշրջանին։ Պատմական ամրոցը ունի մօտաւորապէս 3000 տարուան պատմութիւն։
6000 տարուան պատմութիւն ունեցող Վանայ լիճի մակարդակը պատմական որոշ ժամանակաշրջանի մը բաւական իջած է, եւ մարդիկ հոն կառուցած են զանազան շինութիւններ։ Աւելի ուշ, երբ ջուրին մակարդակը դարձեալ բարձրացած է, բնակչութիւնը ետ քաշուած է, իսկ անոնց թողած քաղաքակրթութեան հետքերը մնացած են ջուրի տակ։
Նկատի ունենալով, որ Վանայ լիճին ջուրը աղի է, ամրոցին պատերը հիանալի կերպով պահպանուած են՝ առանց մեծապէս վնասուելու։
Ուրարտու կամ Վանի թագաւորութիւնը Հայկական Լեռնաշխարհի թագաւորութիւնն էր Ն.Ք. 9-6րդ դարերուն։
Վանայ լիճի յատակը ուրարտական ամրոց կը յայտնաբերուի
Վանայ լիճի յատակը ուրարտական ամրոց կը յայտնաբերուի