Վա­ղը ար­դէն ուշ է…

0
1696

Ար­ցա­խը ու ա­նոր կող­քին ամ­բողջ հա­յու­թիւ­նը՝ պա­տե­րազ­մի մէջ է։
­Թուրք եւ ա­զե­րի խու­ժան­նե­րու յար­ձա­կում­նե­րը մեր ար­ծո­ւա­բոյն Ար­ցա­խին վրայ գե­րա­զան­ցած են 1994-ի հրա­դա­դա­րէն ետք ծա­ւա­լած ո­րե­ւէ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն։ ­Նոյ­նիսկ 2016-ի քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մը այս­քան ուժգ­նու­թիւն ու տա­րո­ղու­թիւն չէր ու­նե­ցած։
Ատր­պէյ­ճան, ­Թուր­քիոյ ան­մի­ջա­կան զի­նակ­ցու­թեամբ, պա­տե­րազ­մի դաշտ նե­տած է ա­հա­ւոր քա­նա­կով հրա­սայ­լեր, օ­դա­նա­ւեր, ինք­նա­թիռ­ներ, ա­նօ­թա­չու սար­քեր, հա­զա­րա­ւոր զի­նո­ւոր­ներ, կար­ծե­լով, թէ կրակ ժայ­թքող զրա­հա­պատ մե­քե­նա­նե­րը պի­տի կա­րո­ղա­նան կքել Ար­ցախ­ցիին ապ­րե­լու վճռա­կա­մու­թիւ­նը իր իսկ սե­փա­կան հո­ղին վրայ։
Թշ­նա­միին կրած պար­տու­թիւ­նը եւ կո­րուստ­նե­րը ակ­նե­րեւ են, իր ռազ­մա­կան բո­լոր ծրա­գիր­նե­րը օ­դը ցնդած են, ա­զե­րի բա­նա­կի զի­նո­ւոր­նե­րու դիակ­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն ցրո­ւած մնալ ճա­կա­տի ամ­բողջ եր­կայն­քին։
Ատր­պէյ­ճանն ու ­Թուր­քիան չհան­դուր­ժե­լով ռազ­մա­կան պար­տու­թիւ­նը, այս ան­գամ թի­րախ դար­ձու­ցած են ան­մեղ ու խա­ղաղ բնակ­չու­թիւ­նը, ան­հա­մար ռում­բեր եւ հրթիռ­ներ կ­՚ար­ձա­կեն Ս­տե­փա­նա­կեր­տի ու այլ քա­ղաք­նե­րու վրայ, յստակ ծրա­գիր ու­նե­նա­լով իր ար­մա­տէն պո­կել հա­յու­թիւ­նը, ամ­բող­ջաց­նել 1915-ի ազ­գի մը բնաջն­ջու­մը՝ խե­լա­գար Էր­տո­ղան­նե­րու եւ յի­մար Ա­լիեւ­նե­րու նոր-օս­մա­նա­կան ծրա­գիր­նե­րուն հա­մա­ձայն։
Ա­ռա­ջին օ­րէն, հայ­րե­նի մեր զոյգ պե­տու­թիւն­նե­րը դի­մե­ցին հա­մայն հայ ժո­ղո­վուր­դին, որ­պէս­զի ա­մէն մէկ հայ, աշ­խար­հի որ ծայրն իսկ իր ար­մատ­նե­րը նե­տած ըլ­լայ, չմոռ­նայ՝ որ հա­յու ինք­նու­թեան ար­մատ­նե­րու ու հայ ժո­ղո­վուր­դի գո­յա­տեւ­ման բնօր­րա­նը կը գտնո­ւի հոն, ուր այ­սօր հայ զի­նո­ւո­րը կը մարտն­չի ցե­ղաս­պա­նին դէմ։
­Կոչ ուղ­ղո­ւած է ամ­բողջ հայ ժո­ղո­վուր­դին, ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ-ի ճամ­բով նո­ւի­րա­բե­րել ու զօ­րակ­ցիլ հա­յոց բա­նա­կին, հայ զի­նո­ւո­րին, մեր եղ­բայր­նե­րուն, որ­պէս­զի ի­րենց ռազ­մա­կան հմտու­թեամբ, բայց մա­նա­ւանդ ի­րենց ձեռ­քին մէջ «եր­կա­թէ շե­րեփ»ը բռնած, միան­գա­մընդ­միշտ ետ շպրտեն թրքա­կան գրո­հը, ազ­դու հա­րո­ւած բե­րեն թշնա­միի գլխուն, այ­լեւս Ար­ցա­խի հո­ղին վրայ ոչ մէկ ա­տեն ոտնձ­գու­թիւն ը­նե­լու նո­ւա­զա­գոյն ա­ռիթն իսկ չտան ­Թա­լեաթ­նե­րու ծո­ցէն ծնած ան­մարդ­կա­յին հրէշ­նե­րուն։
­Դի­տե­ցէ՛ք Ս­տե­փա­նա­կեր­տէն եւ այլ քա­ղաք­նե­րէն ե­կած սրտաճմ­լիկ նկար­նե­րը։ ­Նախ­նա­կան տո­ւեալ­նե­րով՝ եր­կու տաս­նեակ մե­ռեալ­ներ, ա­ւե­լի քան ութ­սուն վի­րա­ւոր, հա­զա­րա­ւոր փճա­ցած տու­ներ եւ են­թա­կա­ռու­ցո­ւածք­ներ, թրքա­կան ռում­բե­րու տե­ղա­տա­րափ պայ­թում­նե­րէն ա­ւեր դար­ձած ճամ­բա­ներ…
­Բայց, տնա­շէն Ար­ցախ­ցին պի­տի շէ­նաց­նէ իր եր­կի­րը, ա­ւե­լի պի­տի գե­ղեց­կաց­նէ իր հայ­րե­նի­քը, դար­ձեալ իր օ­ճա­խը պի­տի տաքց­նէ՝ քա­րով ու հո­ղով, հա­յու ջեր­մու­թեամբ, ՄԵՐ ՕԳՆՈՒԹԵԱՄԲ։
Ա­յո՛, պի­տի նո­ւի­րե՛նք։
­Պի­տի շի­նենք Ար­ցախ­ցիին տու­նը, ա­նոր ձեռ­քին մէջ «եր­կա­թէ շե­րեփ» պի­տի ա­պա­հո­վենք։ ­Մեր սրտէն ու հո­գիէն բխած բա­ժին պի­տի հա­նենք հայ զի­նո­ւո­րի ռազ­մա­կան կա­րիք­նե­րուն հա­մար։ ­Հայ­րե­նի­քին հա­մար։
­Մին­չեւ այ­սօր ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ-ի նո­ւի­րա­հա­ւա­քը գե­րա­զան­ցած է ան­ցեա­լի յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը։ ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ար­դէն շօ­շա­փե­լի ի­րա­կա­նու­թիւն է ա­ւե­լի քան 120.000 եւ­րո­յի գու­մա­րը, իսկ հա­մա­հայ­կա­կան լա­րու­մով ներ­կա­յիս հա­ւա­քո­ւած է 82.000.000 տո­լար։
Չ­բա­ւա­րա­րո­ւինք այս թի­ւե­րով։ Ա­նոնք տա­կա­ւին կա­թիլ մըն են հա­յոց բա­նա­կի ծով կա­րիք­նե­րուն առ­ջեւ։ Ա­ւե­լին պէտք է հա­ւա­քել։ ­Շատ պէտք է հա­ւա­քել։
­Պէտք է մենք զմեզ գե­րա­զան­ցենք։ Կր­նանք յա­ջո­ղիլ, կրնանք հրաշք գոր­ծել։
­Յու­նաս­տա­նի հա­յու­թիւ­նը միշտ ա­ռա­տա­ձեռն ե­ղած է։ ­Ճա­կա­տագ­րա­կան պա­հե­րուն գիտ­ցած է իր ու­ժե­րէն վեր սա­տա­րել ազ­գին։
Այ­սօր ալ կրնա՛յ։
Ա­յո՛, պի­տի նո­ւի­րե՛նք, պէ՛տք է նո­ւի­րենք։ Այ­սօր իսկ։ ­Վա­ղը ուշ է։
­Մեզ­մէ ան­դին, պի­տի հա­մո­զենք ա­մէն մէկ յոյն բա­րե­կա­մի մաս­նա­կից դառ­նա­լու դրա­մա­հա­ւա­քի վեհ գոր­ծին, ո­րով­հե­տեւ հա­յու­թեան պայ­քա­րը եղ­բայ­րա­կից եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու գո­յա­տեւ­ման հա­մար նո­ւի­րա­կան պա­տե­րազմ մըն է։
­Մա­մու­լի եւ ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րուն մէջ լոյս տե­սած ­Հա­յաս­տան ­Հա­մա­հայ­կա­կան ­Հիմ­նադ­րա­մի ­Յու­նաս­տա­նի մաս­նա­ճիւ­ղի դրա­մա­տան հա­շի­ւին մէջ ա­մէն մէկս իր հայ­րե­նա­սի­րա­կան պարտ­քը պի­տի կա­տա­րէ։ ­Նաեւ, ե­կե­ղե­ցի­նե­րը բաց են ըն­դու­նե­լու նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­ներ բո­լոր այն հայ­րե­նա­կից­նե­րէն, ո­րոնք դրա­մատ­նա­յին կա­րե­լիու­թիւն­ներ չու­նին։ Այն­տեղ հա­ւա­քո­ւած գու­մար­նե­րը պի­տի փո­խան­ցո­ւին ­Հիմ­նադ­րա­մի հա­շի­ւին, հայ զի­նո­ւո­րին։

ՀԱՅԵՐ ՇՏԱՊԵՑԷ՛Ք, ՀԱՅԵՐ ՄԻԱՑԷ՛Ք,
ԱՐՑԱԽՆ Է ՄԵԶ ԿԱՆՉՈՒՄ, ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՆԵՆՔ