Հայութեամբ տրոփող սիրտ մը եւս կանգ առաւ մօտ քառասուն օրեր առաջ։
Յունահայ գաղութին մէջ ծանօթ եւ յարգուած անձնաւորութիւն մը՝ Վահէ Փաթթուկեան 95 տարեկանին իր աչքերը փակեց, ետին թողելով ազգին եւ հայրենիքին համար լուռ ու անաղմուկ ծառայութիւն մը, որ կը յատկանշէր իր զօրաւոր հայրենասիրական ոգին, հայութեան հոգերով ապրած հայրենակիցը եւ Հայաստանի անդիմադրելի ուժէն գերուած հայորդին։
Վահէ Փաթթուկեան զաւակն էր գաղթական ընտանիքի մը՝ հայրը Պարտիզակէն եւ մայրը Ատաբազարէն, որ 1922-ի փոքրասիական աղէտին ապաստանեցան Լեզվոս կղզին։ Միտիլին, կամ Միթիլինին եղած է Փոքր Ասիոյ աշխարհագրականօրէն հանդիպակաց Բիւթանիոյ նահանգէն՝ ծովափնեայ Իզմիր կամ Նիքոմիտիա եւ Ատաբազար քաղաքներէն գաղթող տարագիր հայութեան համար ամէնէն նպաստաւոր քաղաքներէն մէկը՝ իբրեւ առաջին հանգրուան:
Գաղթականութեան առաջին ամիսներուն հոն կազմուած է թաղականութիւն, 8-10 հոգինոց ուսուցչական միութիւն մը, որ զբաղած է ազգային ծխական տախտակաշէն 7 դասարաններով եւ 250 աշակերտով դպրոցի մը հիմնումի գործով:
Ահա՝ հայաբոյր այդ միջավայրին մէջ, 1926-ին կը ծնի Վահէ Փաթթուկեան եւ կը սկսի մաս կազմել հայութեան բեկորի ազգապահպահման ջանքերուն, վայելելով իր ծնողներու եւ ուսուցիչներու հոգածութիւնը, հայադրոշմ նուիրուածութիւնը եւ հետեւողական դաստիարակութիւնը։
Վահէն կանուխ տարիքէն անհանդարտ անձնաւորութիւն մը ըլլալով, փորձած է կապ պահել գաղութի կեդրոնական կառոյցներուն հետ։ Արդէն, ան անդամ դարձած էր Հ.Մ.Ը.Մ.-ին եւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդաց միութեան տեղական խումբին։
1948-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբայր Վահէ Փաթթուկեանի ծանօթութիւններու կարգադրութեամբ, Աթէնքէն «Արմենիքի»ն իր վարչականներու եւ հետաքրքրուող մարզասէրներու ընկերակցութեամբ բարեկամական մրցում մը ունեցած է «Բանլեզվիաքոս» խումբին հետ, իսկ Աթէնքէն ճամբորդողները հիւրընկալուած էին տեղւոյն հայերուն տուները: Մրցումէն ետք, յունական խումբի հրաւէրով եւ տեղացի հայերու մասնակցութեամբ ճաշ-երեկոյթ մը տեղի ունեցած է, երկուստեք եղած են եղբայրական ջերմութեամբ բաժակաճառեր:
1950-ին հիմնուած է Հ.Յ.Դ. «Ահարոնեան» Երիտասարդաց միութիւնը, ուր Վահէն հայերէն լեզուի դասեր կու տար եւ կազմակերպած էր ճոխ գրադարան մը։
Շնորհիւ իր ուշիմութեան եւ ուսանելու հզօր փափաքին, իր վաղ երիտասարդական տարիներուն Վահէն կը յաջողի մուտք գործել Աթէնքի համալսարանի Քիմիագիտութեան ճիւղէն ներս, որ յաջողութեամբ աւարտեց եւ վկայական ստացաւ։
Ասպարէզի պատճառով փոխադրուեցաւ Աթէնքէն 90 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Լութրաքի քաղաքը, ուր ապրեցաւ տասնամեակներ իր ընտանիքով: Բախտաւորուեցաւ երեք զաւակներով, որոնց փոխանցեց հայկականութեան ոգին, զանոնք ապրեցուց հայրենիքի ու գաղութի ներշնչող ուժով եւ խրախուսեց մասնակից ըլլալ հայկական իրականութեան: Ընտանիքին մէջ մշտաբար տիրեց հայաբոյր ազգային մթնոլորտ:
«Ազատ Օր»ը ամէն օր կը հասնէր իր տան մէջ: Իր կարգին, կ՚աշխատակցէր մեր օրաթերթին թղթակցութիւններով, զանազան յօդուածներով, կապեր պահելով Լութրաքիի շրջակայ քաղաքներուն մէջ հաստատուած հայերու հետ:
Ջերմ պաշտպան մըն էր Հայ դատի աշխատանքներուն, որոնց կը սատարէր գործնական ձեւով: Յաճախ, իր անունը երեւցաւ յունական մամուլին մէջ հայկական բովանդակութեամբ գրութիւններով, նամակներով եւ վերլուծումներով:
Սերտ կապեր ստեղծեց նաեւ հայրենիքի եւ ի մասնաւորի մեր ազգային բանակի որոշ բարձրաստիճան զինուորականներուն հետ ու յաճախ լռելեայն հոգաց մեր բանակի կարգ մը կարիքները:
Ընկ. Վահէն կանուխէն մտաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան շարքերը, ու թէեւ կեանքի ու ասպարէզի բերումով չկարողացաւ մնայուն մասնակցութիւն ունենալ կազմակերպական կեանքին, այսուհանդերձ՝ իր ընտանիքը ապրեցուց հայութեամբ ու հայկական արժէքներով, հայերէն լեզուով, հայրենիքով, Հ.Յ.Դաշնակցութեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ.ով, հայ եկեղեցիով, Հայ դատով եւ յունահայ գաղութի ցաւերով:
Ինքնադաստիարակութեամբ նուաճեց հայ լեզուն, հայերէն գրելու եւ արտայայտուելու ճարտարութեամբ յաճախ տիրացաւ բազմաթիւ գնահատանքներու մայր հայրենիքի մէջ կայացած լեզուի մրցումներուն. կարդացած եւ ուսումնասիրած էր հայոց պատմութեան ու մշակոյթի անհամար էջեր եւ առիթը չէր փախցնէր իր գիտելիքները փոխանցելու իր շրջապատին։
Այնքան խոր էր հայրենասիրութեան «մոլութիւն»ը իր մէջ, որ ինչպէս կը պատմեն իր շուրջինները, երբ Խորհրդային տարիներուն Հայաստան այցելեց, ափ մը հայրենի սուրբ հողէն ուզեց բերել իր հետ։ Խորհրդային վարչակարգի խստութեան այդ օրերուն, մաքսատան ոստիկանները արգիլեցին Վահէին հողը միասին տանիլ։ Ան, չուզելով ընդունիլ իր հայրենասիրութեան հանդէպ եղած «անպատուութեան» վերաբերմունքը, որոշեց անպայման իր հետ տանիլ հայրենի մասունքը, ու այսպէս՝ շուարած պաշտօնեաներուն առջեւ հողը կլլեց…։
Վահէ Փաթթուկեանի թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 16 Ապրիլին, Նէոս Գոզմոսի «Ս. Կարապետ» եկեղեցւոյ մէջ։ Հոգեւոր հովիւ Նարեկ քհնյ. Շահինեան վեր առաւ հանգուցեալի արժանիքները, որպէս նուազագոյն տուրք մեր հայրենասէր ընկերոջ յիշատակին։ Թագավարակի արգիլումներուն պատճառով կարելի չեղաւ ժողովուրդի, բարեկամներու եւ գաղափարի ընկերներու ներկայութիւնը։
Վահէ Փաթթուկեանի մահով, մեր գաղութի յատկանշական սերունդի մը մնացորդացը կ՚անհետանայ։ Սերունդ մը, որուն համար Հայաստանն ու հայութիւնը ամէն բանէ վեր դասուեցաւ՝ բանիւ եւ գործով։
Բիւր յարգանք օրինակելի մեր ընկերոջ յիշատակին։
Ք.Է.