Վահան Տէրեան (Տէր-Գրիգորեան, 1885-1920)

Վահան Տէրեան (Տէր-Գրիգորեան, 1885-1920). Ազ­գի եւ հայ­րե­նի­քի ­Վէր­քին, սի­րոյ եւ մթնշա­ղի, թա­խի­ծի եւ ­Նա­յի­րեան Ա­նուր­ջի ան­զու­գա­կան քնա­րեր­գուն Ն.

0
1919

7 ­Յու­նո­ւա­րին մեր ժո­ղո­վուր­դը կ’ո­գե­կո­չէ ան­մահ յի­շա­տա­կը հայ գրա­կա­նու­թեան մե­ծա­գոյն քնա­րեր­գակ­նե­րէն ­Վա­հան ­Տէ­րեա­նի՝ նո­րա­հաս մեր սե­րունդ­նե­րու շրթնե­րուն վրայ վե­րա­նո­րո­գե­լով սրտա­ռուչ պատ­գա­մը ա­նոր թախ­ծոտ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան.

­Մի՞­թէ վեր­ջին պոետն եմ ես,
­Վեր­ջին եր­գիչն իմ երկ­րի.
­Մա՞հն է ար­դեօք, թէ՞ նին­ջը քեզ
­Պա­տել, պայ­ծառ ­Նա­յի­րի:

Վ­տա­րան­դի, երկ­րում ա­ղօտ,
­Լու­սե՜ղ, քեզ եմ ե­րա­զում,
Եւ հնչում է, որ­պէս ա­ղօթք
Ար­քա­յա­կան քո լե­զուն:

Հն­չում է միշտ խոր ու պայ­ծառ,
Եւ խո­ցում է — այ­րում.
Ար­դեօք բո­ցէ վար­դե՞րդ են վառ.
­Թէ՞ վէր­քերն իմ հրահ­րուն:

Ա­հով ա­հա՛ կան­չում եմ քեզ,
­Ցո­լա՛, ցնորք ­Նա­յի­րի.-
­Մի՞­թէ վեր­ջին պոետն եմ ես,
­Վեր­ջին եր­գիչն իմ երկ­րի …

Ազ­գի եւ հայ­րե­նի­քի ­Վէր­քին, սի­րոյ եւ մթնշա­ղի, թա­խի­ծի եւ ­Նա­յի­րեան Ա­նուր­ջի ան­զու­գա­կան բա­նաս­տեղծն է ­Տէ­րեան, որ բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րու հայ մար­դուն յու­զաշ­խար­հը կա­խար­դող սի­րոյ եր­գեր երկ­նեց։ Հ­պան­ցիկ ու գողտ­րիկ ապ­րում­նե­րով բա­ցաւ խո­րունկ ու սի­րա­տո­չոր նե­րաշ­խարհ մը՝ «Ես սի­րում եմ քո մե­ղա­ւոր աչ­քե­րը խոր» եր­գե­լով՝

Ես սի­րում եմ քո մե­ղա­ւոր աչ­քե­րը խոր,
­Գի­շե­րի պէս խորհր­դա­ւոր.
­Քո մե­ղա­ւոր, խորհր­դա­ւոր աչ­քե­րը մութ,
Որ­պէս թո­վիչ ի­րիկ­նա­մուտ։
­Քո աչ­քե­րի ան­ծայր ծո­վում մեղքն է դո­ղում,
Որ­պէս գար­նան մթնշա­ղում։
­Քո աչ­քե­րում կայ մի քնքուշ բախ­տի վեր­յուշ,
Ար­բե­ցու­մի ոս­կէ մշուշ։
­Մո­լո­րո­ւա­ծին ան­խօս կան­չող փա­րո­սի շող,
­Քո աչ­քե­րը հո­գի տան­ջող։
Ես սի­րում եմ գգո­ւող-ան­գութ աչ­քե­րըդ մութ,
Որ­պէս գար­նան ի­րիկ­նա­մուտ։

1908ին լոյս տե­սած բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րու իր ա­ռա­ջին հա­տո­րով՝ «Մթն­շա­ղի ա­նուրջ­ներ»ով իսկ, ­Վա­հան ­Տէ­րեան նոր ու­ղի բա­ցաւ ա­րե­ւե­լա­հայ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան մէջ։ ­Հայ լե­զո­ւի քնա­րա­կա­նու­թիւ­նը եւ ­Հա­յու ­Հո­գիին խորհր­դա­պաշ­տու­թիւ­նը իւ­րո­վի հա­մադ­րեց եւ հաս­ցուց գե­ղա­րո­ւես­տա­կան այն­պի­սի բարձ­րո­րակ կա­տա­րե­լու­թեան, որ մին­չեւ մեր օ­րե­րը հա­յոց շրթնե­րը կը շա­րու­նա­կեն գի­նով­նալ ­Տէ­րեա­նի բա­ռին ու եր­գին սրտա­բուխ բա­նաս­տեղ­ծա­կա­նու­թեամբ։
Ա­խալ­քա­լա­քի ­Գան­ձա գիւ­ղին ­Սու­քիաս ­Տէր-Գ­րի­գո­րեան քա­հա­նա­յի ըն­տա­նե­կան յար­կին տակ 28 ­Յու­նուար 1885ին ծնած՝ տկա­րա­կազմ ­Վա­հա­նը միայն 35 տա­րի ապ­րե­ցաւ։ ­Հիւ­ծախ­տը վա­ղա­ժամ եւ առ­յա­ւէտ հե­ռա­ցուց հայ գրա­կա­նու­թեան մե­ծա­տա­ղանդ այս ծնուն­դին։ ­Բայց 14ա­մեայ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան կեան­քի ժա­մա­նա­կը բա­ւա­րար ե­ղաւ, որ­պէս­զի ­Վա­հան ­Տէ­րեան.իր ե­զա­կի տե­ղը գրա­ւէ ­Հայ­կեան ­Հան­ճա­րի բա­նաս­տեղ­ծա­կան թռիչք­նե­րը շնչա­ւո­րող ան­մահ­նե­րու հա­մաս­տե­ղու­թեան մէջ։ Ու­սում­նա­տեն­չու­թիւ­նը 1899ին զինք տա­րաւ ­Մոս­կուա, ուր «­Լա­զա­րեան» ­Ճե­մա­րա­նը ա­ւար­տե­լէ ետք հե­տե­ւե­ցաւ ­Մոս­կո­ւա­յի հա­մալ­սա­րա­նի լե­զո­ւա­բա­նա­կան եւ պատ­մա­գի­տա­կան ճիւ­ղե­րուն, ա­պա՝ մաս­նա­գի­տա­նա­լու նպա­տա­կով, ան­ցաւ Ս. ­Փե­թերս­պուրկ, ուր ա­շա­կեր­տեց հռչա­կա­ւոր ռուս հա­յա­գէտ ­Նի­կո­ղա­յոս ­Մա­ռի։
Իսկ խորհր­դա­պաշ­տու­թիւ­նը զինք մղեց դէ­պի գրա­կա­նու­թիւն. պա­տա­նի տա­րի­քէն սկսաւ ո­տա­նա­ւոր­ներ գրել եւ 1908ին լոյս ըն­ծա­յեց բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րու իր ա­ռա­ջին հա­տո­րը՝ «Մթն­շա­ղի ա­նուրջ­ներ»ը, որ շատ ա­րագ հռչակ բե­րաւ 23ա­մեայ ե­րի­տա­սար­դին։
­Թէեւ ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քէն թո­քախ­տը հիւ­ծեց ­Վա­հան ­Տէ­րեա­նի մար­մի­նը եւ պատ­ճառ դար­ձաւ ա­նոր վա­ղա­հաս մա­հո­ւան, բայց հպարտ նկա­րագ­րով օժ­տուած մեծ բա­նաս­տեղ­ծը ի­րեն բա­ժին հա­նո­ւած դա­ժան ճա­կա­տա­գի­րը տա­րաւ անխ­ռով՝ սի­րոյ զե­ղուն քնա­րա­կա­նու­թեամբ։ 1917ին ար­դէն գրեց՝

«Ա­մէն վայր­կեան, սի­րով տրտում, ա­սում ես մնաս բա­րով,
«­Բորբ ա­րե­ւին՝ իմ բոց սրտում՝ ա­սում եմ ես մնաս բա­րով։
«Մ­նաք բա­րով ա­սում եմ ես բո­լոր մարդ­կանց չար ու բա­րի,
«­Տան­ջո­ւող ու որբ ա­դա­մոր­դուն ա­սում եմ ես մնաս բա­րով։
«Մ­նաք բա­րով ա­սում եմ ես ըն­կեր­նե­րիս մօտ ու հե­ռու,
«Ո­սոխ­նե­րիս չար ու ար­թուն ա­սում եմ ես մնաք բա­րով։
«…Գ­նում եմ ես մի մութ աշ­խարհ, հե­ռու եր­կիր, էլ չեմ դառ­նայ,
«­Բա­րի յի­շէք ինձ ձեր սրտում, մնաք բա­րո՜վ, մնաք բա­րո՜վ»։

Եւ հա­կա­ռակ ա­նոր, որ «Մթն­շա­ղի ա­նուրջ­ներ»ուն մէջ տեղ գտած ան­կորն­չե­լի իր եր­գին բա­ռե­րով շա­րու­նակ ու­զեց՝

­Մո­ռա­նալ, մո­ռա­նալ ա­մէն ինչ, ա­մէ­նին մո­ռա­նալ,
­Չը սի­րել, չը խոր­հել, չափ­սո­սալ, — ­Հե­ռա­նալ…

­Ժա­մա­նա­կը ե­կաւ հաս­տա­տե­լու, որ ­Վա­հան ­Տէ­րեան ի վե­րուստ կո­չո­ւած էր դառ­նա­լու հայ քնա­րեր­գու­թեան ա­մէ­նէն ա­ւե­լի յի­շո­ւող, հայ մար­դոց սրտին մէջ ա­մէ­նէն ա­ւե­լի սի­րոյ եւ հպարտ մար­դա­սի­րու­թեան յոյ­զեր արթնց­նող ու վառ պա­հող բա­նաս­տեղ­ծը։
Ա­պա­ցոյ­ցը այն ի­րո­ղու­թիւնն է, որ հայ ե­րա­ժիշտ­նե­րու եւ եր­գիչ­նե­րու կող­մէ ա­մէ­նէն ա­ւե­լի փնտռո­ւած քնա­րեր­գակ հե­ղի­նա­կը ե­ղաւ ­Վա­հան ­Տէ­րեան, ո­րուն բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը ի­րե­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րու շրթնե­րուն հնչող ա­մէ­նէն ան­կեղծ սի­րոյ խոս­տո­վա­նու­թիւն­նե­րը եւ ապ­րում­նե­րը շնչա­ւո­րե­ցին։
­Մե­ծա­տա­ղանդ բա­նաս­տեղ­ծը ե­ղաւ նաեւ իր ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի քա­ղա­քա­կան ու հա­սա­րա­կա­կան գլխա­ւոր գոր­ծիչ­նե­րէն մէ­կը, որ պոլ­շե­ւիզ­մին հա­ւա­տա­ցած, ­Հայ ­Դա­տի ար­դար լու­ծու­մը ա­մե­նայն հա­մո­զու­մով ռուս քա­ղա­քա­կան մտքին կա­պած եւ, գա­ղա­փա­րա­կան այդ ցնոր­քին հե­տե­ւան­քով, ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան խոր հիաս­թա­փու­թեան մատ­նո­ւած ա­րե­ւե­լա­հայ գրող­նե­րու դրօ­շա­կիրն ու ­Չա­րենց­նե­րու հիաս­թափ սե­րուն­դին յա­ռա­ջա­պա­հը դար­ձաւ։
­Վա­հան ­Տէ­րեան ի­րա­ւամբ հան­դի­սա­ցաւ հայ քա­ղա­քա­կան մտքի մո­լո­րեալ բա­նաս­տեղ­ծը, ո­րուն ­Պոլ­շե­ւի­կեան «խան­դա­վա­ռու­թիւն»ն­ ու «­Խորհր­դա­յին» մո­լե­ռան­դու­թիւ­նը հա­կա­սա­կա­նօ­րէն ու­նէր ազ­գա­յին-գա­ղա­փա­րա­կան ներշնչ­ման շեշ­տա­կի ա­կունք եւ կը սնա­նէր… հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին ա­զա­տագ­րու­թեան տես­լա­կա­նով իսկ։
­Ճիշդ է, ­Վա­հան ­Տէ­րեան 14 տա­րե­կա­նէն սկսեալ ապ­րե­ցաւ ­Ռու­սաս­տան՝ ­Մոս­կո­ւա եւ Ս. ­Փե­թերս­պուրկ, ուր ստա­ցաւ իր ու­սու­մը եւ ուր սերտ կա­պեր հաս­տա­տեց ռուս յե­ղա­փո­խա­կան մտքի նո­րա­րար ու­սա­նո­ղա­կան եւ մտա­ւո­րա­կան շրջա­նակ­նե­րուն հետ։ ­Նաեւ ուս­ման ա­ւար­տէն ետք ­Տէ­րեան շա­րու­նա­կեց մնալ ու գոր­ծել ռու­սա­կան մի­ջա­վայ­րի մէջ. նոյ­նիսկ երբ վե­րա­դար­ձաւ ­Թիֆ­լիս կամ Ա­խալ­քա­լաք՝ ա­տի­կա ե­ղաւ կար­ճա­տեւ ու պայ­մա­նա­ւո­րո­ւե­ցաւ իր պոլ­շե­ւիկ կու­սակ­ցա­կա­նի աշ­խա­տան­քով։
­Բայց նոյն­քան ճիշդ է, որ ոչ միայն հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան ու­սում­նա­սի­րու­թեան նո­ւի­րո­ւած իր բարձ­րա­գոյն կրթու­թեամբ, այ­լեւ՝ ուս­ման շրջա­նին թէ այ­նու­հե­տեւ իր ծա­ւա­լած կու­սակ­ցա­կան-պե­տա­կան գոր­ծու­նէու­թեամբ, ­Վա­հան ­Տէ­րեան աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ «լե­նի­նեան» գա­ղա­փար­ներն ու քա­ղա­քա­կան վար­քա­գի­ծը տա­րա­ծե­լու եւ «հիմ­նա­ւո­րե­լու» մեծ մո­լո­րան­քին մէջ։ ­Փաս­տօ­րէն ­Վա­հան ­Տէ­րեան այս ա­ռու­մով եւս ու­ղի բա­ցաւ ա­րե­ւե­լա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ՝ հա­մա­ռու­սա­կան եւ ո­րո­շա­պէս պոլ­շե­ւի­կեան յե­ղա­փո­խու­թեան ան­կեղծ ջա­տա­գո­վը դառ­նա­լով։ Իբ­րեւ այդ­պի­սին՝ ­Տէ­րեա­նի հա­րա­զատ շա­ռա­ւիղն է ­Չա­րենց, որ իր ե­ղե­րա­կան վախ­ճա­նով այն­քան ծանր գին վճա­րեց պոլ­շե­ւիզ­մին ան­կեղ­ծօ­րէն հա­ւա­տա­լու հայ բա­նաս­տեղ­ծի մո­լո­րան­քին։
­Վա­հան ­Տէ­րեա­նի գա­ղա­փա­րա­կան կեն­սագ­րու­թեան վրայ վճռո­րոշ անդ­րա­դարձ ու­նե­ցաւ 1905ի հա­մա­ռու­սա­կան ա­ռա­ջին յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը՝ իր ա­ռա­ջա­ցու­ցած յոյ­զե­րով։ ­Յե­ղա­փո­խու­թեան մա­կըն­թա­ցու­թեան շրջա­նին ­Տէ­րեան ո­գե­ւո­րո­ւե­ցաւ հին աշ­խար­հը քան­դե­լու եւ «լու­սա­ւոր», «ար­դար» ու «ի­րա­պէս ա­զատ» նո­րը կա­ռու­ցե­լու ե­րա­զով։ Իսկ երբ ե­կան ցա­րա­կան հա­կա­դարձ խստու­թիւն­նե­րը եւ յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը տե­ղա­տո­ւու­թեան դա­տա­պար­տո­ւե­ցաւ, ­Տէ­րեա­նի եր­գե­րը սկսան թա­խի­ծով ու տրտմու­թեամբ հա­մա­կո­ւիլ՝ սե­փա­կան իր մար­մի­նը հիւ­ծող հի­ւան­դու­թեան ա­ռա­ջա­ցու­ցած յու­զաշ­խար­հին հե­տե­ւո­ղու­թեամբ…
«Փ­շէ պսակ» վեր­նագ­րով մա­մու­լի է­ջե­րուն 1906ին լոյս տե­սած «յե­ղա­փո­խա­կան» իր քեր­թո­ւած­նե­րուն մէջ ան­գամ, ­Տէ­րեա­նի հա­մա­ռու­սա­կան ներշն­չու­մի խոր­քին հաս­տա­տօ­րէն ծո­ւա­րած է հայ քա­ղա­քա­կան մտքի մո­լո­րեալ բա­նաս­տեղ­ծը, որ ­Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի փրկու­թիւ­նը կը տես­նէ բա­ցա­ռա­պէս նոր ­Ռու­սաս­տա­նի կեր­տու­մին մէջ։ Այդ մղու­մով ալ, ­Տէ­րեան բուռն հա­կադ­րու­թեան մէջ գտնո­ւե­ցաւ հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման հետ, յատ­կա­պէս ա­նոր ղե­կա­վար ու­ժին՝ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան դէմ հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն գա­ղա­փա­րա­կան պայ­քար յայ­տա­րա­րե­լով։
­Թէեւ ­Տէ­րեան շատ ուշ ան­դա­մագ­րո­ւե­ցաւ ­Լե­նի­նի կու­սակ­ցու­թեան (ո­րոշ կեն­սա­գիր­նե­րու հա­մա­ձայն Ապ­րիլ 1917ին ան ստա­ցաւ կո­մու­նիս­տի կու­սակ­ցա­կան ան­դա­մա­տետ­րը), բայց մինչ այդ ո­գի ու բռին գոր­ծակ­ցե­ցաւ Ս­տե­փան ­Շա­հու­մեա­նի եւ Ա­լեք­սանդր ­Միաս­նի­կեա­նի հետ՝ յատ­կա­պէս հայ գրա­կա­նու­թիւ­նը ռու­սե­րէ­նի թարգ­մա­նե­լու եւ լե­նի­նեան գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան գոր­ծե­րը հա­յե­րէ­նի թարգ­մա­նե­լու բե­ղուն աս­պա­րէ­զին մէջ։ Այդ շրջա­նին ստեղ­ծեց նաեւ «Եր­կիր ­Նա­յի­րի» շար­քը իր բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րուն, ուր ­Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­հուն պաշ­տա­մուն­քը ըն­դե­լու­զուած են հա­մա­ռու­սա­կան եւ «բա­նո­ւո­րա­կան մեծ յե­ղա­փո­խու­թեան ար­շա­լոյս»ը ա­ւե­տե­լու եւ «ազ­գա­յին մեր փրկու­թեան» ու­ղին այդ ուղ­ղու­թեամբ հու­նա­ւո­րե­լու խոր ու ան­կեղծ հա­ւատ­քով։
­Տէ­րեան մտա­ծո­ղի եւ քա­ղա­քա­կան գոր­ծի­չի ու­ղին իր գա­գաթ­նա­կէ­տին հա­սաւ 1917ի վեր­ջե­րուն, երբ իբ­րեւ ազ­գա­յին հար­ցե­րով խորհր­դա­յին իշ­խա­նու­թեանց խորհր­դա­կան եւ յանձ­նա­կա­տար, ­Տէ­րեան «մեծ ներդրում» ու­նե­ցաւ — ռազ­մա­ճա­կատ­նե­րէն ռուս զօր­քը տուն կան­չող ­Լե­նի­նեան ­Դեկ­րե­տին զու­գա­հեռ — «Թր­քա­հա­յաս­տա­նի մա­սին» նոյն ­Լե­նի­նի հրա­պա­րա­կած Հ­րա­մա­նագ­րի մշակ­ման մէջ։ Հ­րա­մա­նա­գիր՝ որ սա­կայն գե­րեզ­մա­նը փո­րեց Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի՝ ան­պաշտ­պան ձգե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դը գա­զա­զած թուրք զօր­քե­րու ներ­խուժ­ման դէմ։
­Լե­նի­նեան այդ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հայ­րե­նա­կոր­ծան հե­տե­ւանք­ներն ու 1918-1920 ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի հայ­կա­կան բախ­տո­րոշ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը, բնա­կա­նա­բար, մղե­ցին ­Տէ­րեա­նը՝ սկզբնա­կան իր խան­դա­վա­ռու­թիւնն ու թե­րա­հա­ւա­տու­թիւ­նը վե­րա­նա­յե­լու, այ­լեւ սրբագ­րե­լու։
­Բայց հիւ­ծախ­տը ար­դէն իր ան­դար­մա­նե­լի ա­ւե­րը գոր­ծած էր եւ 7 ­Յու­նո­ւար 1920ին վերջ գտաւ մե­ծա­տա­ղանդ հայ բա­նաս­տեղ­ծին կեան­քը, ո­րուն ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան գոր­ծու­նէու­թեան պատ­գա­մը իր կի­զա­կէ­տին միշտ ալ ու­նե­ցաւ իր ան­մահ բա­նաս­տե­ղու­թեամբ շնչա­ւո­րո­ւած հայ­կա­կան խրոխտ հա­ւատ­քը.

­Մի խառ­նէք մեզ ձեր վայ­րի, ար­ջի ցե­ղե­րին, —
­Մեր եր­կի­րը ա­ւե­րո­ւած, բայց սուրբ է եւ հին։
Որ­պէս լեռն է մեր պայ­ծառ տե­սել հա­զար ձիւն,
Այն­պէս նոր չեն մեզ հա­մար ցաւ ու դառ­նու­թիւն։

… ­Շատ է տե­սել եր­կիրն իմ ցաւ ու ար­հա­ւիրք,
­Լաց է այն­տեղ ա­մէն երգ եւ ողբ՝ ա­մէն գիրք։
­Գե­րո­ւած ենք մենք, ո՛չ ստրուկ, գե­րո­ւած մի ար­ծիւ,
­Չա­րու­թեան դէմ վեհ­սիրտ միշտ, վա­տի դէմ ազ­նիւ։

­Բար­բա­րոս­ներ կը գան ու կ­’անց­նեն ան­հետ,
Ար­քա­յա­կան խօս­քը մեր կը մնայ յա­ւէտ…