Վահան Նաւասարդեան 1886-1956

Վահան Նաւասարդեան (1886-1956). Դաշնակցական յեղափոխականի ճառագայթող գաղափարախօսը Ն.

0
1987

61 տա­րի ա­ռաջ, 24 ­Յու­նիս 1956ի վաղ ա­ռա­ւօ­տեան, ­Գա­հի­րէի իր բնա­կա­րա­նին մէջ, ա­նակն­կալ ան­հանգս­տու­թիւն ու­նե­ցաւ եւ փոյ­թով հի­ւան­դա­նոց փո­խադ­րո­ւե­ցաւ, բայց նոյն կէ­սօ­րին իսկ մեր կեան­քէն յան­կարծ հե­ռա­ցաւ ­Գա­ղա­փա­րի մեծ մար­տիկ մը՝ դաշ­նակ­ցա­կան յե­ղա­փո­խա­կա­նի ճա­ռա­գայ­թող կեր­պարն ու խի­զախ գա­ղա­փա­րա­խօ­սը։
«Ըն­կեր ­Վա­հան ­Նա­ւա­սար­դեան ոչ եւս է»՝ գու­ժեց «­Յու­սա­բեր»ը, Հ.Յ.Դ. Ե­գիպ­տո­սի պաշ­տօ­նա­թեր­թը, որ ձե­ռա­կերտն ու միան­գա­մայն պա­տո­ւան­դա­նը հան­դի­սա­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի Ան­կա­խու­թեան ­Սե­րուն­դին բո­ցա­շունչ հրա­պա­րա­կագ­րին։
Աշ­խար­հով մէկ, ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի հա­յօ­ճախ­նե­րէն մին­չեւ ­Յու­նաս­տան, Ֆ­րան­սա, Մ. ­Նա­հանգ­ներ ու ­Հա­րա­ւա­յին Ա­մե­րի­կա, ­Դաշ­նակ­ցու­թեան մեծ ըն­տա­նի­քը՝ իր շար­քե­րով եւ կա­ռոյց­նե­րով, գա­ղա­փա­րա­կից միու­թիւն­նե­րով եւ ու­ղե­կից ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րով, պաշ­տօ­նա­կան սուգ պա­հեց օ­րե­րով։ Ի դէպ, յու­նա­հայ գա­ղու­թը տաս­նօ­րեայ սուգ յայ­տա­րա­րեց՝ ըստ ար­ժան­ւոյն ո­գե­կո­չե­լու հա­մար ի­րեն այն­քան սրտա­մօտ Ազ­գա­յին ­Գոր­ծի­չին կո­րուս­տը։
Եւ վա­րա­գոյ­րը ի­ջաւ կեան­քին ու գոր­ծու­նէու­թեան վրայ գա­ղա­փա­րա­կան պայ­քա­րի այն ան­խոնջ Դ­րօ­շա­կի­րին, ո­րուն աշ­խա­տու­նա­կու­թիւ­նը ա­ռաս­պե­լա­կան էր՝ օ­րա­կան մին­չեւ 16 ժա­մի հաս­նե­լով։
Ան­ցեալ դա­րու քսա­նա­կան­նե­րու երկ­րորդ կէ­սէն մին­չեւ 1956ի իր մա­հը, ­Վա­հան ­Նա­ւա­սար­դեան ան­վի­ճե­լիօ­րէն հան­դի­սա­ցաւ ­Հայ­կա­կան ­Յե­ղա­փո­խու­թեան եւ ա­նոր ա­մէ­նէն մար­տու­նակ ու կազ­մա­կերպ հո­սան­քին՝ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան եւ գա­ղա­փա­րա­կան-ռազ­մա­վա­րա­կան ու­ղին վե­րա­նո­րո­գող, դի­մագ­րա­ւած նո­րա­յայտ խու­թե­րը յաղ­թա­հա­րե­լու եւ լու­սա­ւոր գա­լի­քին հու­նը հար­թե­լու Ա­ռա­քե­լու­թեան անմ­նա­ցորդ նո­ւի­րո­ւած յա­ռա­ջա­պահ մտա­ւո­րա­կա­նը։
­Հայ ժո­ղո­վուր­դի եւ յատ­կա­պէս տա­րա­գիր հա­յու­թեան կեան­քի ե­րես­նա­մեայ այդ ամ­բողջ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը, փաս­տօ­րէն, դրոշ­մո­ւե­ցաւ տի­րա­կան ու ղե­կա­վար ներ­գոր­ծու­թեամ­բը ­Վա­հան ­Նա­ւա­սար­դեա­նի եւ դաշ­նակ­ցա­կան մե­ծա­նուն միւս Հս­կա­յին՝ իր­մէ միայն ե­րեք ա­միս ա­ռաջ մա­հա­ցած ԴՐՕի։ Հ.Յ.Դ. ի­րե­րա­յա­ջորդ ­Բիւ­րո­նե­րուն ի­րենց եր­կա­րա­մեայ ան­դա­մակ­ցու­թեամբ եւ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ սերտ գոր­ծակ­ցու­թեամբ՝ Դ­րօ իբ­րեւ մրրկա­ծին մար­տիկ եւ ­Նա­ւա­սար­դեան իբ­րեւ ռազ­մա­շունչ գա­ղա­փա­րա­խօս, տի­րա­կան ու ղե­կա­վար ներ­կա­յու­թիւն դար­ձան այն աս­տի­ճան, որ կազ­մա­կեր­պա­կան թէ գա­ղա­փա­րա­կան կեդ­րո­նաց­ման խոցելի նա­խա­դէպ ա­ռա­ջա­ցու­ցին ­Դաշ­նակ­ցու­թեան կեան­քին մէջ՝ եր­բեմն նաեւ անձ­նա­կեդ­րոն ղե­կա­վար­ման վտան­գին ու տագ­նա­պին մատ­նե­լով ա­պա­կեդ­րո­նաց­ման իր ա­ւանդ­նե­րով միս ու ոս­կոր կա­պած Հ.Յ.Դ. կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը։
Ն­ման տա­րո­ղու­թեամբ եւ դե­րա­կա­տա­րու­թեամբ ղե­կա­վար ա­ռաջ­նոր­դի մը ո­գե­կոչ­ման յատ­կա­ցո­ւած է յու­շա­տետ­րի 24 ­Յու­նի­սի է­ջը։
­Ղա­րա­բա­ղի ծնունդ էր ­Վա­հան ­Նա­ւա­սար­դեան։ 29 ­Նո­յեմ­բեր 1886ին ծնած էր ­Շու­շի, ո­րուն ռէա­լա­կան վար­ժա­րա­նը ա­ւար­տե­լէ ետք, յա­ճա­խած էր ­Պա­քո­ւի ա­ռեւտ­րա­կան վար­ժա­րա­նը։ Այ­նու­հե­տեւ բարձ­րա­գոյն իր ու­սու­մը ստա­ցած էր Ս. ­Փե­թերս­պուր­կի հա­մալ­սա­րա­նին մէջ՝ վկա­յո­ւե­լով Տն­տե­սա­գի­տու­թեան բա­ժան­մուն­քէն։
Ու­սա­նո­ղա­կան տա­րի­քէն հռե­տո­րա­կան եւ հրա­պա­րա­կագ­րա­կան իր տա­ղան­դը դրսե­ւո­րած էր ­Նա­ւա­սար­դեան։ ­Յան­դուգն նկա­րագ­րի եւ յա­խուռն գա­ղա­փար­նե­րու տէր ե­րի­տա­սարդ էր, երբ ­Շու­շիի մէջ ան­դա­մագ­րուե­ցաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ու կազ­մա­կեր­պա­կան աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լեց ա­շա­կեր­տա­կան եւ ու­սա­նո­ղա­կան շրջա­նակ­նե­րու մօտ։ Իբ­րեւ այդ­պի­սին՝ 1905ին ընտ­րո­ւե­ցաւ ե­րի­տա­սարդ պատ­գա­մա­ւոր, մաս­նակ­ցե­լու հա­մար Էջ­միած­նի մէջ գու­մա­րո­ւած Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Ազ­գա­յին Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին, ո­րուն նա­խա­գա­հեց ­Սի­մոն ­Զա­ւա­րեան։ ­Հայ ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան կա­լո­ւած­նե­րու ցա­րա­կան բռնագ­րաւ­ման դէմ հայ­կա­կան ընդվ­զու­մի, ինչ­պէս եւ հա­մա­ռու­սա­կան ա­ռա­ջին յե­ղա­փո­խու­թեան ու հայ-թա­թա­րա­կան ընդ­հա­րում­նե­րու բուռն եւ խառն ժա­մա­նա­կաշր­ջանն էր։ ­Հա­րիւ­րա­ւոր պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու ներ­կա­յու­թեան ե­րի­տա­սարդ ­Նա­ւա­սար­դեա­նի բո­ցա­շունչ ե­լոյ­թը՝ ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թեանց հա­կա­հայ եւ գրգռիչ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան դէմ, ար­ժա­նա­ցաւ ոչ միայն ­Ժո­ղո­վի գնա­հա­տան­քին, այ­լեւ ցա­րա­կան ոս­տի­կա­նու­թեան ու­շադ­րու­թեան, ո­րուն ար­ձա­կած ձեր­բա­կալ­ման հրա­մա­նագ­րէն ­Նա­ւա­սար­դեան մա­զա­պուրծ ա­զա­տե­ցաւ՝ փա­խուս­տի դի­մե­լով։
Ս. ­Փե­թերս­պուր­կէն վե­րա­դառ­նա­լով ­Պա­քու՝ ­Նա­ւա­սար­դեան լծո­ւե­ցաւ կազ­մա­կեր­պա­կան աշ­խա­տան­քի, միա­ժա­մա­նակ աշ­խա­տակ­ցե­լով շրջա­նի դաշ­նակ­ցա­կան մա­մու­լին, ­Պա­քո­ւի «Ա­րեւ»ին, ­Թիֆ­լի­սի «­Հո­րի­զոն»ին եւ ­Շու­շիի «Ա­պա­ռաժ»ին։ Այս շրջա­նին ընտ­րո­ւե­ցաւ Հ.Յ.Դ. Ոս­կա­նա­պա­տի (­Պա­քո­ւի) Կ. ­Կո­մի­տէի ան­դամ, որ օ­րին ա­րե­ւե­լա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ գոր­ծող դաշ­նակ­ցա­կան ա­մէ­նէն ծան­րա­բեռ­նո­ւած մար­մինն էր։
1917ին, Էջ­միած­նի ­Գէոր­գեան ­Ճե­մա­րա­նի տե­սուչ ­Գա­րե­գին Ե­պիս­կո­պոս ­Յով­սէ­փեա­նի հրա­ւէ­րով, ու­սուց­չա­կան ծա­ռա­յու­թեան կո­չո­ւե­ցաւ եւ, նո­րա­հաս սե­րուն­դի գա­ղա­փա­րա­կան պատ­րաս­տու­թեան կող­քին, կազ­մա­կեր­պա­կան աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լեց իբ­րեւ Հ.Յ.Դ. Մր­գաս­տա­նի (Ե­րե­ւան) Կ. ­Կո­մի­տէի ան­դամ։
­Վա­հան ­Նա­ւա­սար­դեան ար­դէն իր քա­ղա­քա­կան եւ գա­ղա­փա­րա­կան տա­րեր­քին բարձ­րա­կէ­տին կը գտնուէր։
­Ռու­սա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան հե­տե­ւան­քով քայ­քա­յո­ւող կով­կա­սեան ռազ­մա­ճակտ­տի վե­րաշ­խու­ժաց­ման դրօ­շա­կիր­նե­րէն հան­դի­սա­ցաւ Վ. ­Նա­ւա­սար­դեան եւ քա­ղա­քա­կան ու կազ­մա­կեր­պա­կան մեծ ներդ­րում ու­նե­ցաւ դա­սա­լիք կամ «տուն կան­չո­ւած» ռուս զի­նո­ւոր­նե­րու դիր­քե­րը հայ կա­մա­ւո­րա­կան ու­ժե­րով պահ­պա­նե­լու դժո­ւա­րին գոր­ծի ի­րա­կա­նաց­ման մէջ։ Ընտ­րո­ւե­ցաւ ան­դամ Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լի (­Գիւմ­րի) ­Քա­ղա­քա­յին ­Վար­չու­թեան, ո­րուն նա­խա­գահն էր, այդ օ­րե­րուն, Ա­լեք­սանդր ­Խա­տի­սեան։ Իսկ երբ ­Խա­տի­սեան կան­չո­ւե­ցաւ ­Թիֆ­լիս, ­Նա­ւա­սար­դեա­նի յանձ­նո­ւե­ցաւ Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լի քա­ղա­քա­պե­տի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։
­Քա­ղա­քա­պե­տի այդ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը եւս ­Նա­ւա­սար­դեան յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կեց՝ իր բախ­տո­րոշ ներդ­րու­մը ու­նե­նա­լով ­Ղա­րա­քի­լի­սա­յի հե­րո­սա­մար­տի կազ­մա­կերպ­ման մէջ։
­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան կեր­տու­մէն ետք, ­Վա­հան ­Նա­ւա­սար­դեա­նի յանձ­նո­ւե­ցաւ ­Թիֆ­լի­սի Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «­Հո­րի­զոն»ի խմբագ­րու­թիւ­նը։ ­Հայ-ռու­սա­կան եւ հայ-վրա­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կա­նո­նա­ւոր­ման լուրջ խնդիր­ներ կը դի­մագ­րա­ւէր ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը եւ ­Վա­հան ­Նա­ւա­սար­դեա­նի վի­ճա­կո­ւե­ցաւ, թէ՛ գա­ղա­փա­րա­կան եւ թէ քա­ղա­քա­կան ա­ռում­նե­րով, ­Թիֆ­լի­սի մէջ հա­յան­պաստ հող պատ­րաս­տե­լու դժո­ւա­րին, այլ զգա­յուն պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։ ­Բայց հայ-վրա­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ա­րա­գօ­րէն վատ­թա­րա­ցան, պա­տե­րազ­մը ան­խու­սա­փե­լի դար­ձաւ եւ, հայ­կա­կան ու վրա­ցա­կան զօր­քե­րու մի­ջեւ բա­խում­նե­րու շրջա­նին, ­Նա­ւա­սար­դեան են­թար­կո­ւե­ցաւ ­Թիֆ­լի­սի ոս­տի­կա­նու­թեան հե­տապն­դու­մին, ան­ցաւ ընդ­յա­տակ եւ իր թագս­տո­ցէն վա­րեց հայ-վրա­ցա­կան հաշ­տու­թեան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը։
Այ­նու­հե­տեւ ընտ­րո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Խորհր­դա­րա­նի պատ­գա­մա­ւոր եւ փո­խադ­րո­ւե­ցաւ Ե­րե­ւան։ Օ­րէնսդ­րա­կան աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թեան կող­քին՝ իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­քին-դի­ւա­նա­գի­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու հու­նա­ւո­րու­մին, յատ­կա­պէս հա­յեւ­ռու­սա­կան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու շրջա­գի­ծէն ներս։
1920ի աշ­նան սաստ­կա­ցած քե­մա­լա­կան ներ­խուժ­ման շրջա­նին, ­Նա­ւա­սար­դեան ամ­բող­ջու­թեամբ լծո­ւե­ցաւ ռազ­մա­ճա­կա­տի կազ­մա­կերպ­ման ու ամ­րապնդ­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն։ Իսկ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան խորհր­դայ­նա­ցու­մէն ետք, ո­րո­շեց ար­տա­սահ­ման անց­նիլ, բայց վրա­ցա­կան սահ­մա­նին վրայ ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ եւ Ե­րե­ւան բե­րո­ւե­ցաւ ու բան­տար­կուե­ցաւ։ ­Յա­ջո­ղե­ցաւ բան­տէն փա­խուստ տալ, ­Պա­թու­մի վրա­յով ար­տա­սահ­ման ան­ցաւ, կարճ ժա­մա­նա­կով գոր­ծեց ­Պոլ­սոյ մէջ եւ, 1923էն ետք, վերջ­նա­կա­նա­պէս հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Գա­հի­րէ, Ե­գիպ­տոս։
­Վա­հան ­Նա­ւա­սար­դեա­նի սփիւռ­քեան գոր­ծու­նէու­թեան ա­ւե­լի քան ե­րես­նա­մեայ շրջա­նը նոյ­նա­ցաւ Ե­գիպ­տո­սի հայ գա­ղու­թին, յատ­կա­պէս «­Յու­սա­բեր»ի պատ­մու­թեան հետ, որ մին­չեւ իր խմբագ­րա­պե­տին մա­հը՝ գլխա­ւոր բան­բե­րը հան­դի­սա­ցաւ Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յին, ո­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցիչն էր միա­ժա­մա­նակ ­Վա­հան ­Նա­ւա­սար­դեան։
Ս­տանձ­նե­լով «­Յու­սա­բեր»ի խմբագ­րու­թիւ­նը եւ, մա­նա­ւա՛նդ, օգ­տո­ւե­լով ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան տա­րա­գիր ղե­կա­վա­րու­թեան սկիզբ­նե­րը ­Գա­հի­րէ կեդ­րո­նա­ցու­մէն, ­Նա­ւա­սար­դեան յա­ջո­ղե­ցաւ գա­ղա­փա­րա­կան ճա­ռա­գայ­թու­մի գլխա­ւոր կեդ­րո­նի մը վե­րա­ծել Ե­գիպ­տո­սի դաշ­նակ­ցա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը։ Իր շուրջ հա­մախմ­բե­լով տե­ղա­կան թարմ ու­ժեր եւ հա­ւա­տա­ւոր ե­րի­տա­սարդ­ներ՝ ան կրցաւ ոչ միայն «­Յու­սա­բեր»ը վե­րա­ծել պա­տո­ւա­բեր հաս­տա­տու­թեան մը, այ­լեւ՝ թափ տալ հա­մաս­փիւռ­քեան ընդգր­կու­մով ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան եւ մշա­կու­թա­յին-կրթա­կան ծա­ւա­լուն գոր­ծու­նէու­թեան։ Այդ ճամ­բուն վրայ հիմ­նա­կան նո­ւա­ճում մը հան­դի­սա­ցաւ «­Հա­մազ­գա­յին» ­Հայ Մ­շա­կու­թա­յին ­Միու­թեան հիմ­նադ­րու­թիւ­նը, ո­րուն նա­խա­ձեռ­նող­նե­րը գլխա­ւո­րա­բար ­Լե­ւոն ­Շանթ եւ ­Նի­կոլ Աղ­բա­լեան ե­ղան, բայց ­Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեա­նի, ­Գաս­պար Ի­փէ­կեա­նի եւ Ս­տե­փան Ե­սա­յեա­նի պէս հե­ղի­նա­կու­թեանց կող­քին նաեւ ու մա­նա­ւանդ ­Նա­ւա­սար­դեան իր կա­րե­ւոր ա­ջակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ։
Ե՛ւ ե­գիպ­տա­հայ գա­ղու­թի, ե՛ւ «­Յու­սա­բեր»ի (իր օ­րա­թեր­թով, յա­ւե­լո­ւած­նե­րով ու հրա­տա­րակ­չա­կա­նով) կեդ­րո­նա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը ա­ւե­լիով շեշ­տո­ւե­ցաւ 1933ի Հ.Յ.Դ. 12րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վէն ետք։ ­Նո­րըն­տիր ­Բիւ­րո­յի նստա­վայ­րը ­Փա­րի­զէն ­Գա­հի­րէ տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ, իսկ 1933ի ­Յու­նո­ւա­րին հրա­տա­րա­կու­թե­նէ դադ­րած Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «Դ­րօ­շակ»ի եր­կա­րա­տեւ (ի դէպ, մին­չեւ 1969ի ­Պէյ­րութ վե­րահ­րա­տա­րա­կու­թիւ­նը) բա­ցը լեց­նե­լու ե­կաւ «­Յու­սա­բեր»ը, իբ­րեւ ան­պաշ­տօն Հ.Յ.Դ. կեդ­րո­նա­կան օր­գան։
Ս­փիւռ­քեան ա­ւե­լի քան ե­րես­նա­մեայ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի շուրջ քա­ռորդ դա­րու ան­դա­մակ­ցու­թիւ­նը ­Վա­հան ­Նա­ւա­սար­դեա­նի ա­նու­նին կա­պե­ցին գա­ղա­փա­րա­կան եւ քա­ղա­քա­կան աշ­խա­տու­թիւն­նե­րու ամ­բողջ ժա­ռան­գու­թիւն մը։ Իր աշ­խա­տու­նա­կու­թեան շնոր­հիւ, ­Նա­ւա­սար­դեան յա­ջո­ղե­ցաւ թէ՛ հաս­նիլ օ­րա­թեր­թի հեւ­քոտ ու մա­շեց­նող ա­ռօ­րեայ պար­տա­ւո­րու­թեանց, թէ՛ հայ քա­ղա­քա­կան մտքի գան­ձա­րա­նը հարս­տաց­նել մնա­յուն ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող եր­կե­րով։ «Ի՞նչ չէր եւ ի՞նչ պի­տի լի­նէր մեր ու­ղին», «Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան Ա­նե­լի­քը», «­Դաշ­նակ­ցու­թեան «­Լի­կո­ւի­տա­ցիան», «Ըն­կեր­վա­րու­թիւ­նը եւ ­Դե­մոկ­րա­տիզ­մը», «­Դաշ­նակ­ցու­թեան քա­ղա­քա­կան ու­ղին», «Ե­ղի­շէ ­Չա­րենց», «Աշ­խար­հի նոր բա­ժա­նու­մը», «­Նե­ղուց­նե­րը», «­Բոլ­շե­ւիզ­մը եւ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը», «­Մեր անն­ման տղա­քը», «­Գա­ղա­փար­նե­րի Ո­գին», «Հ.Յ.Դ. ­Գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թիւ­նը» եւ այլ խո­րա­գիր­նե­րու տակ՝ ա­ռան­ձին հա­տոր­նե­րով լոյս տե­սած ­Վա­հան ­Նա­ւա­սար­դեա­նի գոր­ծե­րը, ինչ­պէս նաեւ դաշ­նակ­ցա­կան մա­մու­լի է­ջե­րուն ցրո­ւած ա­նոր յօ­դո­ւա­ծա­շար­քերն ու ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը ան­կորն­չե­լի հարս­տու­թիւ­նը դար­ձան դաշ­նակ­ցա­կան մտա­ծո­ղու­թեան։
­Նա­ւա­սար­դեա­նի գոր­ծե­րը հու­նա­ւո­րե­ցին ­Դաշ­նակ­ցու­թեան տա­րա­գիր շրջա­նի քա­ղա­քա­կան ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը՝ հա­կա­հա­մայ­նա­վար գա­ղա­փա­րա­կան պայ­քա­րի, ա­րեւմ­տա­մէտ կողմ­նո­րո­շու­մի եւ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ար­ժէք­նե­րու պահ­պան­ման ուղ­ղու­թեամբ։ ­Սե­րունդ­նե­րու ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան եւ յե­ղա­փո­խա­կան-դաշ­նակ­ցա­կան կազ­մա­ւոր­ման հիմ­նա­կան աղ­բիւր­ներ ե­ղան։ ­Նաեւ ու մա­նա­ւանդ՝ քսա­նե­րորդ դա­րու երկ­րորդ քա­ռոր­դի գա­ղա­փա­րա­կան շար­ժում­նե­րու վե­րա­նո­րոգ­ման ընդ­հա­նուր հու­նին մէջ, վե­րա­թար­մա­ցու­ցին հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը՝ դաշ­նակ­ցա­կան աշ­խար­հա­յեացքն ու մտա­ծո­ղու­թիւ­նը դա­րու ո­գիին հետ այժ­մէա­կա­նաց­նե­լով։
­Նոյ­նիսկ այ­սօր, իր մա­հէն 61 տա­րի ետք ալ, ­Վա­հան ­Նա­ւա­սար­դեան այժ­մէա­կան իր պատ­գա­մը ու­նի հայ ժո­ղո­վուր­դի նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն։
­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան պահ­պա­նումն ու հա­յոց ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան ամ­րապն­դու­մը ա­մէն բա­նէ վեր դա­ւա­նող ­Նա­ւա­սար­դեա­նի կտա­կը այ­սօր եւս, ա­ւե­լի քան եր­բեք, կ­’ա­ռաջ­նոր­դէ հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը։
­Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ար­ժէք­նե­րու վրայ խարս­խո­ւած ըն­կեր­վա­րա­կան ար­դա­րու­թեան եւ հա­ւա­սա­րու­թեան ձգտե­լու ­Նա­ւա­սար­դեա­նի կտա­կը, նոյն­պէս, հա­մա­հունչ կը մնայ 21րդ ­դա­րու գա­ղա­փա­րա­կան ո­րո­նում­նե­րու կի­զա­կէ­տին հետ։
Իսկ վեհ գա­ղա­փար­նե­րու ո­գիով սե­փա­կան կեանքն ու ամ­բողջ ազ­գի եւ հա­սա­րա­կու­թեան լի­նե­լիու­թիւ­նը հարս­տաց­նե­լու ­Նա­ւա­սար­դեա­նի կտա­կը, ան­կաս­կա՛ծ, բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րուն եւ սե­րունդ­նե­րուն ուղ­ղո­ւած պատ­գամ է ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ եւ վեր։