Վահան Խորենի (Տէր-Գէորգեան 1884-1920)

Վահան Խորենի (Տէր-Գէորգեան 1884-1920)

0
12822

­­Միհ­րան ­­Քիւր­տօղ­լեան

­­Գա­ղա­փա­րա­բա­նա­կան հար­ցե­րու վե­րա­բե­րող Ա­զատ Օ­րի 3 ­Դեկ­տեմ­բեր 2018 թի­ւին մէջ հրա­տա­րա­կո­ւած յօ­դո­ւա­ծով կ­­՚անդ­րա­դառ­նա­յի Ե­րո­ւանդ Ֆ­րան­կեա­նի պատ­մա­փի­լի­սո­փա­յա­կան տե­սու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք քննա­դա­տա­բար կը հա­կադ­րո­ւէին ­­Մարք­սի նիւ­թա­պաշ­տու­թեան (materialism) եւ կը յան­գէին հա­մադ­րա­կան մո­նիզ­մի՝ հիմ­նա­ւո­րե­լով այն թե­զը, թէ պատ­մու­թեան ա­նի­ւը ա­ռաջ կը մղո­ւի ա­ռար­կա­յա­կան (տնտե­սա­կան) պայ­ման­նե­րու եւ են­թա­կա­յա­կան (մարդ-գա­ղա­փար) գոր­ծօն­նե­րու հա­մար­ժէք փոխ­ներ­գոր­ծու­թեամբ, եւ կ­­՚ա­ւելց­նէի, թէ այդ թե­զը կազ­մած է հիմ­քը Հ.Յ.Դ.ի ըն­կեր­վա­րա­կան ըմբռ­նու­մին:
­­Նոյն նիւ­թին առն­չո­ւած եւ ի լրա­ցում ա­նոր, մտա­ծե­ցի երկ­րորդ յօ­դո­ւա­ծով մը հպան­ցիկ անդ­րա­դառ­նալ Ե­րո­ւանդ Ֆ­րան­կեա­նի ժա­մա­նա­կա­կից ու դաշ­նակ­ցա­կան ե­ռան­դուն գոր­ծիչ ­­Վա­հան ­­Խո­րե­նիի տե­սու­թեան , որ բուռն քննա­դա­տու­թեան են­թա­կայ դար­ձած է իր ա­տե­նին հա­մայ­նա­վա­րա­կան դիր­քե­րէ՝ Ստ. ­­Շա­հու­մեա­նի , տխրահռ­չակ ­­Սար­գիս ­­Կա­սեա­նի, նաեւ ա­ւե­լի վերջ ու­րիշ­նե­րու կող­մէ:
Կրկ­նե­լու գնով ան­մի­ջա­պէս յայտ­նեմ, որ.
­­Նա­խորդ դա­րու կը պատ­կա­նին գաա­փա­րա­բա­նա­կան այ­սօ­րի­նակ վէ­ճե­րը , ո­րոնց ի պաշտ­պա­նու­թիւն ա­հա­գին մե­լան, իսկ հա­մայ­նա­վա­րա­կան գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թիւ­նը տա­րա­ծե­լու-գործ­նա­կա­նաց­նե­լու հա­մար գե­տի նման ա­րիւն հո­սած է զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու, ո­րոնց շար­քին նաեւ ­­Հա­յաս­տա­նի մէջ՝ պատ­ճառ դառ­նա­լով մեր նո­րա­կերտ ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան ու ան­կա­խու­թեան կո­րուս­տին: ­­Մարք­սի վար­դա­պե­տու­թեան՝ այ­սինքն ան­դա­սա­կարգ հա­սա­րա­կու­թիւն մը յա­ռա­ջաց­նե­լու նպա­տա­կին հա­մար ամ­բողջ 70 տա­րի այդ եր­կիր­նե­րուն պար­տադ­րո­ւե­ցաւ մարք­սեան միա­տե­սակ դաս­տիա­րա­կու­թիւն, յա­ջոր­դա­կան սե­րունդ­ներ վա­խով ու սար­սա­փով ապ­րե­ցան, ա­հա­ւոր հա­լա­ծանք­նե­րու, բռնու­թիւն­նե­րու, խոշ­տան­գում­նե­րու են­թար­կո­ւե­ցան, տա­րի­նե­րով ­­Սի­պե­րիոյ ու այլ աք­սո­րա­վայ­րե­րու մէջ տա­ռա­պե­ցան եւ այլն, բայց ի զո՜ւր: Ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րուն իր գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թեամբ զան­գո­ւած­ներ հրա­պու­րե­լէ եւ ա­նոնց մի­ջո­ցով իշ­խա­նու­թիւն դառ­նա­լէ ետք հա­մայ­նա­վա­րու­թիւ­նը վե­րա­ծո­ւե­ցաւ ամ­բող­ջա­տի­րա­կան բռնա­կա­լու­թեան, ա­պա ա­մե­հի հսկա­յի մը նման ինք­նիր վրայ փլաւ ու չքա­ցաւ: ­­Հի­մա, ինչ­պէս ­­Չի­նաս­տանն է, եր­կու-ե­րեք եր­կիր­ներ մնա­ցած են միայն, ո­րոնք ա­նո­ւա­նա­պէս իբ­րեւ թէ «հա­մայ­նա­վար», բայց շատ հե­ռու են մարք­սիզ­մէ: Ա­նոն­ցը ա­նա­զատ-ամ­բող­ջա­տի­րա­կան վար­չա­կար­գեր են, բայց տնտե­սու­թիւ­նը ա­զա­տա­կան է, դրա­մագ­լոււ­խի վրայ հիմ­նո­ւած…: Չ­տա­րա­ծո­ւիմ ու վե­րա­դառ­նամ նիւ­թիս…:
Գ­րա­սե­ղա­նիս վրայ չու­նիմ ­­Վա­հան ­­Խո­րե­նիի տե­սու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րող ո­րե­ւէ գիրք, յօ­դո­ւած կամ այլ գրու­թիւն­ներ: Այս ուղ­ղու­թեամբ հա­մա­ցան­ցի վրայ ո­րո­նում­ներս ալ ա­պար­դիւն մնա­ցին: ­­Հոն միայն կեն­սագ­րա­կան շատ ժլատ տե­ղե­կու­թիւն­ներ գտայ ­­Խո­րե­նիի մա­սին : Ո­րով, այս անդ­րա­դար­ձիս հիմ­քը կը կազ­մեն յի­շո­ղու­թիւնս եւ շուրջ քա­ռա­սուն տա­րի ա­ռաջ ըն­թեր­ցում­նե­րէս հապ­ճեպ քա­ղո­ւած խառ­նի­խուռն, գրե­թէ ա­նըն­թեռ­նե­լի դար­ձած նօ­թերս: ­­Խո­րե­նին ծնած է ­­Սի­սեա­նի գիւ­ղե­րէն մէ­կուն մէջ: Էջ­միած­նի ­­Գէոր­գեան ճե­մա­րա­նը ա­ւար­տե­լէ, գեր­մա­նա­կան հա­մալ­սա­րան­նե­րու մէջ ու­սու­մը կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լէ եւ պատ­մա­փի­լի­սո­փա­յու­թեան գի­տա­կան տոք­տո­րա­յի տիտ­ղո­սին ար­ժա­նա­նա­լէ ետք ընդգր­կո­ւած է ու­սուց­չա­կան աս­պա­րէզ՝ ի ­­Թիֆ­լիս, միա­ժա­մա­նակ հոն խմբագ­րե­լով «Աշ­խա­տա­ւոր» թեր­թը: 1919ին Ե­րե­ւան է, ուր կը խմբագ­րէ «­­Հա­յաս­տա­նի աշ­խա­տա­ւոր»ը: Ան­կախ ­­Հա­յաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նա­կան երկ­րորդ գու­մար­ման կ­­՚ընտ­րո­ւի պատ­գա­մա­ւոր (ե­րես­փո­խան) եւ կը գլխա­ւո­րէ խորհր­դա­րա­նի դաշ­նակ­ցա­կան պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու խմբակ­ցու­թիւ­նը՝ յա­ճախ վի­ճար­կե­լով ­­Խա­տի­սեա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը: ­­Հա­մայ­նա­վար հա­յե­րու հա­կա­պե­տա­կան խլրտում­նե­րու օ­րե­րուն՝ 1920 Օ­գոս­տո­սին կը ղրկո­ւի իր ծննդա­վայ­րը ­­Զան­գե­զուր՝ քա­ղա­քա­ցիա­կան-եղ­բայ­րաս­պան հա­ւա­նա­կան կռիւ­նե­րը կան­խե­լու ա­ռա­քե­լու­թեամբ ,բայց հոն դա­ւադ­րա­բար կը ձեր­բա­կա­լո­ւի հա­մայ­նա­վար­նե­րու կող­մէ եւ ­­Գո­րի­սի բան­տին մէջ դա­ժա­նօ­րէն կը սպա­նո­ւի 13 դաշ­նակ­ցա­կան­նե­րու հետ, 1920-ին, 36 տա­րե­կան հա­սա­կին:
Քա­ղա­քա­կան ու գա­ղա­փա­րա­բա­նա­կան խնդիր­նե­րու նո­ւի­րեալ ­­Վա­հան ­­Խո­րե­նի գոր­ծի­չը, պայ­քա­րի ա­ռա­ջա­պահ դիր­քե­րէ՝ իր պատ­մա­փի­լի­սո­փա­յա­կան տե­սու­թեամբ շատ բուռն հա­կադ­րո­ւած է ­­Մարք­սի նիւ­թա­պաշտ վար­դա­պե­տու­թեան եւ ա­նի­կա ո­րա­կած՝ «ա­ռար­կա­յա­կա­նու­թեան եւ ցնդա­բա­նու­թեան զու­գադ­րու­թիւն»: Ըստ ­­Խո­րե­նիի, «ցնդա­բա­նու­թիւ­նը» կը կա­յա­նայ «տիա­լեկ­տիք» աշ­խա­տա­կար­գի (մե­թո­տի) վրայ ­­Մարք­սի ձե­ւա­ւո­րած մտա­ծե­լա­կեր­պին մէջ, որ սխալ ե­լա­կէ­տէ մը սկսե­լով կը յան­գի ա­նի­րա­կա­նա­նա­լի, ցնո­րա­յին եզ­րա­կա­ցու­թեան մը: ­­Մարքս կը հա­ւա­տայ, թէ հի՜ն, նա­խա­պատ­մա­կան շատ հի՜ն դա­րե­րուն մարդ­կու­թիւ­նը ե­ղած է ան­դա­սա­կարգ հա­սա­րա­կու­թիւն մը, ուր սե­փա­կա­նու­թիւն չկար: ­­Սա ­­Մարք­սի տիա­լեկ­տի­քա­յի մէջ՝ «դրու­թիւն»ն է, ո­րու դի­մաց ստեղ­ծո­ւած է սե­փա­կա­նա­տէր դա­սա­կարգ (հա­կադ­րու­թիւն)ը եւ այս եր­կու­քի բա­խու­մը յա­ռաջ բե­րած է տնտե­սա­կան նոր կա­ցու­թիւն մը՝ (հա­մադ­րու­թիւն)ը, որ ժա­մա­նա­կի թա­ւա­լու­մին հետ կը դառ­նայ «դրու­թիւն», ինչ որ կ­­՚ու­նե­նայ իր հա­կադ­րու­թիւ­նը, վե­րա­ծո­ւե­լու հա­մար հա­մադ­րու­թեան: Եւ այս­պէս, ի­րա­րու հա­կադ­րո­ւող դա­սա­կար­գա­յին պայ­քար­նե­րով ու «հա­մադ­րու­թիւն»նե­րով ա­ռաջ կ­­՚ըն­թա­նայ պատ­մու­թիւ­նը, մին­չեւ որ յան­գի սկզբնա­կէ­տին՝ ան­դա­սա­կարգ հա­սա­րա­կու­թեան, ուր չկան ա­մէն չա­րի­քի ար­մատ սե­փա­կա­նա­տի­րու­թիւն, դրա­մագ­լուխ եւ այլն: Քն­նա­դա­տե­լով տիա­լեկ­տի­քը ­­Խո­րե­նին կ­­՚ը­սէ, թէ այդ մե­թո­տը ի վի­ճա­կի չէ նոյ­նիսկ յստա­կաց­նե­լու պա­հը (ե՞րբ) եւ ձե­ւը (ինչ­պէ՞ս) տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ դա­սա­կար­գա­յին պայ­քա­րի կամ յե­ղա­փո­խու­թեան վերջ­նա­գոյն փու­լը, որ պի­տի յան­գի (ե­ղեր) ցնո­րա­յին ան­դա­սա­կարգ հա­սա­րա­կու­թեան…:
­­Խո­րե­նին հիմ­նա­կա­նօ­րէն կը մեր­ժէ դա­սա­կար­գա­յին պայ­քա­րի տե­սու­թիւ­նը: Ըստ ի­րեն, ­­Մարդ­կա­յին կեան­քի մէջ ան­դա­սա­կարգ հա­սա­րա­կու­թիւն ոչ ե­ղած է ան­ցեա­լին, ոչ ալ կրնայ ըլ­լալ ա­պա­գա­յին: Ան կ­­՚ը­սէ, թէ մարդ էա­կի ձե­ւա­ւոր­ման ա­ռա­ջին օ­րե­րէն, հա­սա­րա­կա­կան կեան­քի բո­լոր ձե­ւե­րուն ու ար­տա­յայ­տու­թեանց մէջ, մարդ­կա­յին բնու­թիւ­նը օժ­տո­ւած ե­ղած է եր­կու տե­սակ յատ­կա­նի­շե­րով՝ ա­զա­տու­թեան ձգտու­մով եւ իշ­խա­նա­տեն­չու­թեամբ: Իշ­խո­ւող­նե­րու եւ իշ­խող­նե­րու, այ­սինքն՝ շա­հա­գոր­ծո­ւող­նե­րու եւ շա­հա­գոր­ծող­նե­րու պայ­քար­նե­րով է, որ պատ­մու­թիւ­նը կը թա­ւա­լի: Այս կը նշա­նա­կէ, թէ ­­Խո­րե­նին պատ­մու­թիւ­նը շար­ժող ու­ժե­րը կը դնէ հո­գե­բա­նա­կան հար­թու­թեան վրայ եւ ոչ թէ նիւ­թին կամ տնտե­սու­թեան: ­­Կը հաս­տա­տէ, թէ ըն­կեր­վա­րու­թիւ­նը ծնունդ ա­ռած է դրա­մագ­լու­խէն, ա­ռանց ո­րուն հնա­րա­ւոր չէ ո­րե­ւէ բար­գա­ւա­ճում, յա­ռա­ջըն­թաց, զար­գա­ցում: Դ­րա­մագ­լու­խը ոչն­չաց­նե­լով, այ­սինքն ո­չին­չէն, ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի է ըն­կեր­վա­րու­թիւն կա­ռու­ցել:
«­­Նոր»ը ա­ռաջ կու գայ ոչ թէ «հին»ի ոչն­չա­ցու­մով, այլ ա­նոր ու­սե­րուն բարձ­րա­նա­լով զայն կը կեր­պա­րա­նա­փո­խէ: Կ­­՚ը­սէ, թէ չա­րի­քին էու­թիւ­նը դրա­մագ­լու­խը չէ, այլ ա­նոր գոր­ծա­ծու­թեան ե­ղա­նակն է: Ըն­կեր­վա­րու­թեան յաղ­թա­նա­կը դրա­մագ­լու­խի ա­նէաց­ման մէջ չէ, ինչ որ, ըստ ի­րեն, անհ­նար է ար­դէն: Ըն­կեր­վա­րու­թեան յաղ­թա­նա­կը կը կա­յա­նայ այն պա­րա­գա­յին, երբ մարդ­կու­թեան մշա­կու­թա­յին ու քա­ղա­քակր­թա­կան վե­րել­քը նո­ւա­ճէ այն­պի­սի աս­տի­ճան, ուր դրա­մագ­լու­խի բա­րիք­նե­րը ար­դա­րօ­րէն պի­տի բաշ­խո­ւին՝ ի սպաս մար­դու եւ ըն­կե­րու­թեան կեան­քի բա­րե­լա­ւու­մին եւ այլն:
­­Խո­րե­նին ըն­կեր­վա­րա­կան յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը կը պատ­կե­րաց­նէ «բո­վան­դա­կու­թեամբ՝ հա­սա­րա­կա­կան դրա­մա­տի­րու­թիւն, ձե­ւով ու կազ­մա­կեր­պու­թեամբ՝ ըն­կեր­վա­րա­կան» ­­Խո­րե­նիի այս մօ­տե­ցու­մը կը նշա­նա­կէ, թէ ան­դուլ դաս­տիա­րա­կու­թեամբ մէկ կող­մէ շա­հա­գոր­ծո­ւող­նե­րու ա­զա­տու­թեան ձգտու­մը, ա­նոնց ար­դա­րու­թեան ու ի­րա­ւուն­քի գի­տակ­ցու­թիւ­նը եւ պայ­քա­րե­լու ո­գին պէտք է զօ­րաց­նել, իսկ միւս կող­մէ՝ հա­սա­րա­կա­կան ազ­նո­ւու­թեան, մարդ­կայ­նու­թեան զգայ­նու­թիւ­նը պէտք է մշա­կել ու զար­գաց­նել՝ միա­ժա­մա­նակ դրա­մագ­լու­խին վրայ ի գործ դնե­լով օ­րէնսդ­րա­կան սահ­մա­նա­փա­կում­ներ, ճնշում­ներ, սեղ­մում­ներ…:
Ա­հա­ւա­սիկ դաշ­նակ­ցա­կան մտքի ու գրչի եր­կու մե­ծեր՝ Ե.Ֆ­րան­կեան եւ ­­Վա­հան ­­Խո­րե­նի, ո­րոնք քննա­դա­տա­բար կը հա­կադ­րո­ւէին ­­Մարք­սի նիւ­թա­պաշ­տու­թեան եւ ի­րենց տե­սու­թեամբ ըն­կեր­վա­րու­թեան յաղ­թա­նա­կին հա­մար հիմ­նա­կան կը սե­պէին գա­ղա­փա­րի ու­ժը եւ ազ­գա­յին շրջա­գի­ծը նոյ­նիսկ այն օ­րե­րուն, երբ մտքե­րու վրայ կը վե­հա­պե­տէր մի­ջազ­գա­յին ըն­կեր­վա­րու­թեան ­­Մարք­սի տես­լա­կա­նը:
Ի­րենց­մէ ա­ռաջ, Հ.Յ.Դ.ի հիմ­նա­դիր­նե­րէն՝ հա­մո­զու­մով ա­մէ­նէն ­­Մարք­սի­տը հա­մա­րո­ւած ­­Ռոս­տոմ ա­ռի­թով մը մօ­տա­ւո­րա­պէս յայ­տա­րա­րած էր ար­դէն, թէ՝ «…մենք ըն­կեր­վա­րա­կան չենք ե­ղած այս ու այն տե­սու­թեան կամ վար­դա­պե­տու­թեան ծա­ռա­յե­լու հա­մար: ­­Մենք ըն­կեր­վա­րա­կան ե­ղած ենք հա­ւա­տաով, որ ա­նի­կա լա­ւա­գոյն մի­ջա­վայ­րը կը ստեղ­ծէ հա­յու­թեան զար­գաց­ման, մե­զի կը ներշն­չէ պայ­քա­րի կամք՝ ազ­գի ա­զա­տագ­րու­մին եւ ազ­գա­յին մեր ձգտում­նե­րուն հաս­նե­լու հա­մար…»: