Ապրիլ 4ի այս օրը, 71 տարի առաջ, Գահիրէի (Եգիպտոս) մէջ վախճանեցաւ հայ ժողովուրդի մեծարժէք տաղանդներէն բանաստեղծ, հրապարակագիր եւ ազգային-հասարակական գործիչ Վահան Թէքէեան։
Սիրոյ եւ խոհականութեան, այլեւ հայու յուզականութեան ինքնատիպ բանաստեղծն է Վահան Թէքէեան, որուն ստեղծագործութիւնը յորդեցաւ սրտի եւ մտքի վարար զեղումով՝ խորապէս ապրուած յոյզերու խոհուն եւ գեղեցկագոյն աշխարհ մը բանալով հայոց սերունդներուն առջեւ։
Ժամանակը դասաւորեց այնպէս, որ 1878ի Յունուար 21ին Պոլսոյ Օրթագիւղ թաղամասը ծնած Վահան Թէքէեան, բառին ուղղակի եւ փոխաբերական խոր իմաստով, ականատեսն ու վերապրող վկան դառնայ հայ ժողովուրդի Խաչելութեան եւ Յարութեան։
Առաւելաբար Վահան Թէքէեանի բանաստեղծութեամբ հայ ժողովուրդի Գողգոթան, Խաչելութիւնն ու Յարութիւնը շունչ եւ լեզու առին։
Թէքէեանի բանաստեղծութեամբ՝ հայ ժողովուրդը յաչս աշխարհին ներկայացուց իրա՛ւ վկայութիւնը ոչ միայն քրիստոնէութիւնը պետական կրօն հռչակած առաջին ազգը ըլլալու իր արժանաւորութեան, այլեւ՝ Յիսուս Քրիստոսի օրինակով խաչ հանուելու ողբերգութեան՝ թրքական պետութեան ցեղասպանական ոճիրին հետեւանքով, ապա եւ յարութիւն առնելու հրաշքին՝ Հայաստանի անկախութեան կերտումով ու Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումով։
Հայկական Ճակատագրի «ահաւոր» ողբերգութիւնն ու «հրաշափառ յարութիւն»ն է, որ Վահան Թէքէեանի արարումով յանձնուեցաւ յաւերժութեան՝ Հայկեան Հանճարի բազմաշնորհ տաղանդով։
Իր պատեանին մէջ քաշուած կամ փղոսկրեայ իր աշտարակին մէջ վերացած բանաստեղծը չեղաւ Թէքէեան, որուն անձնական կեանքի դժբախտութիւնները բաւարար պատճառ էին թէեւ, որպէսզի ան ինքնամփոփ կեանք մը ապրէր եւ, իր բանաստեղծութեանց առաջին հատորի (Փարիզ, 1901) խորագրին հետեւողութեամբ, «Հոգերը» երգէր միայն.-
Ես սիրեցի, բայց ոչ ոք
Սիրածներէս գիտցաւ թէ՝
Զինքը որքա՜ն սիրեցի…
Ո՞վ կարդալ սիրտը գիտէ։
Ամէնէն մեծ հրճուանքիս,
Ամէնէն սուր վշտերուս
Ներշնչողները, աւա՜ղ,
Զիս չեն ճանչնար այս պահուս։
Սէրս կարծես այն գետն էր,
Որ իր հոսանքը անբաւ
Առաւ լերան ձիւներէն
Ու լեռը զայն չտեսաւ։
Սէրս այն դուռն էր կարծես,
Ուրկէ ոչ ոք մտաւ ներս.
Ծաղիկներով ծածկըւած՝
Գաղտնի պարտէզ մըն էր սէրս։
Ու եթէ սէրս ոմանք
Երկքնին վրայ՝ անսահմա՜ն
Տեսան ծուխի մը նման,
Կրակն անոր չտեսան…։
Բայց ո՛չ. պատանի տարիքին համիտեան առաջին կոտորածները տեսած բանաստեղծը չէր կրնար ողջ էութեամբ չտառապիլ իր ժողովուրդի մեծ ցաւով։ Հայ ժողովուրդի կեանքին ամէնէն ծանր ու ողբերգական ՊԱՀը ապրելու «դատապարտուած» էր Թէքէեան, որ Պոլսոյ հռչակաւոր «Ներսէսեան», «Պէրպէրեան» եւ «Կեդրոնական» վարժարաններուն մէջ հայեցի իր կազմաւորումն ու հոգեմտաւոր պաշարը ստացած ըլլալով, անկասկած չէր կրնար հեռու մնալ սեփական ժողովուրդի Մեծ Հոգը աշխարհին լսելի դարձնելու, արդար հատուցման արժանացնելու հանրային աշխոյժ գործունէութենէ։
Թէքէեան կեանքի ասպարէզ նետուեցաւ 18 տարեկանին՝ իբրեւ առեւտրական պաշտօնեայ 1896ին Եւրոպա ղրկուելով։ Բայց գրելու կոչումն ու ազգային-քաղաքական ծառայութեան յանձնառութիւնը Վահան Թէքէեանին աստիճանաբար մղեցին հանրային կեանքի ասպարէզ։ Կանոնաւոր աշխատակցութիւն բերաւ ժամանակի հայ մամուլին՝ Փարիզ թէ Պոլիս։ Իսկ 1900ականներու սկզբնաւորութեան, Գահիրէ հաստատուելէ ետք, մտերիմն ու գործակիցը դառնալով Պօղոս-Նուպար փաշայի, Վահան Թէքէեան ոչ միայն գրական ասպարէզի մէջ եռանդուն գործունէութիւն ծաւալեց, այլեւ գլխաւոր դրօշակիրներէն մէկը հանդիսացաւ ազգային-ազատական գաղափարախօսութեան։ Գահիրէ մէջ 1905ին հիմնեց «Շիրակ» գրական-մշակութային հանդէսը, որուն շուրջ համախմբեց ատենի համախոհ հայ մտաւորականութիւնը։ Արեւմտահայ մտաւորականութեան համար ծանր ժամանակներ էին։ Համիտեան հալածանքներուն հետեւանքով՝ Պոլսոյ հայ մտաւորականութեան երիտասարդ սերունդը, որ ազգային ու յեղափոխական տրամադրութիւններով տոգորուած էր, Եւրոպա ապաստանած էր։ Իր կարգին Թէքէեան քալած էր նոյն ուղիով եւ հասած Գահիրէ, ուր հրատարակեց «Շիրակ»ը մինչեւ 1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումը, որմէ ետք փութաց Պոլիս տեղափոխուելու եւ հոն տպագրելու իր թերթը։
Պոլիս վերադարձը Թէքէեանի առջեւ լայն ասպարէզ բացաւ ոչ միայն գրական-ստեղծագործական աշխատանքի, այլեւ քաղաքական իր համոզումներուն ուղղութեամբ գործունէութիւն ծաւալելու առումով։ Բայց շուտով ականատեսը դարձաւ Ատանայի կոտորածին, որ խոր հետք ձգեց Թէքէեանի ազգային բովանդակութեամբ բանաստեղծութիւններուն վրայ։ Ան նաեւ եղաւ հիմնադիր անդամներէն մէկը Հայ Սահմանադրական-Ազատական Կուսակցութեան (հետագային՝ 1920ին կազմուած Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նախակարապետներէն), որ աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցաւ օսմանեան խորհրդարանի աշխատանքներուն մէջ։
Այդ տարիներու իր բանաստեղծութիւնները Թէքէեան 1914ին լոյս ընծայեց առանձին հատորով՝ «Հրաշալի Յարութիւն» անունով։ Նոյն տարին հրաւիրուեցաւ Գահիրէ՝ ստանձնելու համար տեղւոյն նորահաստատ հայոց վարժարանին տնօրէնութիւնը։ Զուգադիպութիւնը նախախնամական եղաւ Թէքէեանի համար, որովհետեւ Պոլսէն բացակայելով փրկուեցաւ հայ մտաւորականութեան գլխատման 24 Ապրիլի ծանրագոյն հարուածէն։ Բայց մինչեւ կեանքին վերջը չհաշտուեցաւ ճակատագրի այդ «անհամ» խաղին հետ։
Այդպէ՛ս դարձաւ վկան ու երգիչը հայ ժողովուրդի Խաչելութեան…
Եւ այդպէ՛ս ստեղծեց ու հայոց սերունդներուն կտակեց իր «Ահաւոր բան մը այնտեղ»… պատգամաշունչ քերթուածը։
Ահաւոր բան մը այնտեղ կը կատարուի մութին մէջ…
ԴըԺոխային այս տըռամն ինչպէ՞ս կրնայ պատմըւիլ…
Ազգ մը ամբողջ, խորհեցէ՛ք, երէկ կ՛ապրէր, կ՛ոգորէր,
Միտքը լոյսին կը բանար եւ տակաւ սիրտն ալ յոյսին,
Կը բարձրանար ճահիճէն, ուր խըրած էր ատենօք,
Թեւերն արդէն կը թօթուէր, ինքզինք արդէն եթերին,
Ամպերուն մէջ կը կարծէր… եւ ահա՛ ճիշդ այդ պահուն
Ոսոխ աստուած մը անշուշտ՝ որ դարանած կը դիտէր՝
Անոր վըրայ արձակեց ամբողջ չարիքն աշխարհի,
Ոտքի հանեց բովանդակ Հըրէշութիւնը ի քուն՝
Մեծ օձերու, վագրերու, շաքալներու դէմքերով,
Փաթթըւեցաւ ոտքերուն, խածատեց կուրծքն ու հասաւ
Անոր վիզին, աչքերուն, եւ իր Ժանիքը մըխեց
Ճիշդ ուղեղին մէջ անոր՝ զոր արիւնին հետ ահա՛
Ան կը լըզէ հեշտագին, ան կը ծըծէ՜ զգըլխած…
Ահաւոր բան մը այնտեղ կը կատարուի մութին մէջ.
Կ’սպաննեն ազգ մը այնտեղ, որ կեանք ունէր եւ շընորհ,
Ունէր հանճարն ապրելու, նորոգելու ալ ինքզինք,
Գեղեցկացած էր տակաւ ու թարմացած, ա՛հ որքա՜ն,
Եւ այդ ազգը մերինն էր, եւ կþսպաննե՜ն զայն հիմա,
Զայն կ’սպաննեն… Օգնութի՛ւն, ա՜հ, օգնութի՜ւն,
օգնութի՜ւն…
Առաջին Աշխարահմարտի աւարտին, Թէքէեան դարձեալ փութաց Պոլիս, ուր ձեռնարկեց «Ժողովուրդի Ձայն» օրաթերթի հրատարակութեան։ Նաեւ ստանձնեց տնօրէնութիւնը Պոլսոյ հայոց Կեդրոնական վարժարանին։ Գործօն մասնակցութիւն ունեցաւ այդ շրջանին կեանքի կոչուած Պօղոս-Նուպար փաշայի հայկական պատուիրակութեան աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ Արեւմտահայ Համագումարի իրականացման մէջ։
Ազգային-քաղաքական պատմական վերիվայրումներով զատորոշուող եւ անկիւնադարձային այդ հանգրուանին բանաստեղծական բարձրորակ վկայութիւնն է 1920ին Թէքէեանի լոյս ընծայած «Կէս գիշերէն մինչեւ արշալոյս» հատորը։ Հոն կը գտնուին ոչ միայն Մեծ Եղեռնի ու Հայոց Գողգոթայի, այլեւ՝ Հայաստանի անկախութեան եւ հայ ժողովուրդի Յարութեան նուաճումին ու հուսկ… կորուստին նուիրուած Թէքէեանի անմահ բանաստեղծութիւնները.-
Եւ օր մ’ալ յանկարծ՝
Շեփորը գոռաց,
Ու կըմախք սիրտեր, կըմախք մարմիններ,
Ըստուեր առ ըստուեր
Հաւաքուած, եկած միատեղ նորէն՝
Կեանքին, արեւին՝ աչք, ձե՜ռք կþերկարեն…
…Ու նաւ մ’ահա կը ծըփայ,
Կը ծըփծըփայ ծովուն վըրայ.
Կ’երթայ հեռու, կու գայ մօտ,
Առագաստովն արեւոտ.
Մերթ կը մեծնայ հորիզոնն
Ամբողջ աչքէ ծածկելով,
Կը պահուըտի մերթ ալ հոն՝
Ու կ’ելլէ դուրս նազանքով…
Կը կարդացուի նաւուն վրան՝
«Անկախութիւն Հայկական»։
…Սակայն, չըկա՜յ նաւը ա՛լ…
Ընդհարեցա՜ւ խարակերու
Կամ՝ նաւերու մէջ երկու
(Երէկ՝ օրհնեալ, այԺմ՝ անիծեալ)
Ճզմըւեցա՜ւ, փշրեցա՜ւ…
Անկախութի՛ւն Հայկական ՝
Երազն էր ան ՝ սուզուեցա՜ւ,
Թողլով բեկոր մը միայն…։
…Կենդանութի՛ւն Հայրենի,
Ո՛վ դուն, մարմի՛ն եւ հոգի՛,
Աւի՛շ անվերջ, հո՛ւր անշէջ…,
Դուն հո՛ն էիր՝ նաւուն մէջ
Եւ դուն… թըռա՜ր անկէ դուրս…
Եւ հիմա դուն իմ հոգւոյս,
Հազարներու հոգւոյն մէջ
— Հոգւոյն, մտքին, մարմինին —
Հեծեծագին, հրճուագին
Աշխատելով գաղտնօրէն ՝
Գիշեր-ցերեկ, լաստ առ լաստ
Կը շինե՜ս նաւը նորէն
Կ’ընես Վաղուա՜ն զայն պատրաստ…։
Քեմալականներու իշխանութեան գլուխ գալէն ետք, Թէքէեան վերջնականապէս բաժնուեցաւ իր պաշտած հայաբոյր Պոլիսէն եւ հաստատուեցաւ Գահիրէ։ Ստանձնեց Ռամկավար պաշտօնաթերթ «Արեւ»ի խմբագրութիւնը եւ մինչեւ 4 Ապրիլ 1945ի իր վախճանը մնաց այդ պաշտօնին վրայ։ Այդ տարիներու իր ստեղծագործութիւնները լոյս տեսան «Սէր» (1933ին) եւ «Հայկական երգեր» (1943ին) բանաստեղծութեանց հատորներով։ Տարագրութեան այդ տարիներուն մեծ եղաւ Թէքէեանի ներդրումը նաեւ նորահաս սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան, ինչպէս նաեւ մշակութային աշխոյժ կեանքի ստեղծման մէջ։ Իր այդ վաստակին ու նուիրումին առ ի գնահատանք՝ Ռ.Ա.Կ.ի եւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի կողմէ Թէքէեանի անունով կնքուեցան թէ՛ մշակութային միութիւններ, թէ՛ կրթական օճախներ։
Ամբո՜ղջ հայութեան հարստութիւնն ու հպարտութիւնը կը հանդիսանայ Վահան Թէքէեան, որ ազգային մեր մեծագոյն ողբերգութեան՝ Մեծ Եղեռնի խաչելութեան, այլեւ հրաշափառ յարութեան՝ Հայաստանի անկախութեան նուաճումին իրա՜ւ վկայութեան երգը յանձնեց յաւերժին։