Հա­յաս­տա­նի կեն­դա­նա­կան աշ­խար­հին եւ
կա­նա­չա­զարդ բնու­թեան մար­դա­սէր պատ­մի­չը
Ն.
Յու­լիս 26ի այս օ­րը, 111 տա­րի ա­ռաջ, հա­յոց հայ­րե­նի­քի գե­ղեց­կա­գոյն շրջան­նե­րէն ­Դի­լի­ջա­նի մէջ, լոյս աշ­խարհ ե­կաւ ­Վախ­թանգ Ա­նա­նեան ա­նու­նով շնոր­հա­լի մա­նուկ մը, որ ի վե­րուստ կո­չո­ւած էր տա­ղան­դա­զարդ իր բար­ձուն­քը նո­ւա­ճե­լու ար­դի հայ գրա­կա­նու­թեան մէջ։
Որ­սոր­դա­կան ար­կա­ծախնդ­րու­թեանց կա­խար­դան­քը, կեն­դա­նա­կան աշ­խար­հի վայ­րի, այ­լեւ անս­պառ կեն­սու­նա­կու­թիւ­նը եւ հայ­րե­նի կա­նաչ բնու­թեան ամ­բողջ գե­ղեց­կու­թիւ­նը, ի­րենց ա­մե­նայն պար­զու­թեամբ ու մար­դա­սի­րա­կան խոր ըն­կա­լու­մով, տաք ու հա­մով հա­ցի պէս՝ ձեռ­քէ ձեռք խլո­ւող գրա­կան սնուն­դի վե­րա­ծո­ւե­ցան ­Վախ­թանգ Ա­նա­նեա­նի գրչին տակ։
Հա­յոց սե­րունդ­նե­րու պա­տա­նե­կան տա­րի­քի ըն­թեր­ցա­նու­թեան ան­բա­ժան ըն­կե­րա­կի­ցը դար­ձան իր «­Յո­վա­զա­ձո­րի գե­րի­նե­րը», «­Սե­ւա­նի ա­փին» եւ «Որ­սոր­դա­կան պա­տո­ւածք­ներ» շար­քի բազ­մա­հա­տոր գոր­ծե­րը, ուր ­Վախ­տանգ Ա­նա­նեան ի մի բե­րաւ պարզ ու վճիտ հա­յե­րէ­նով, կեր­պար­նե­րու եւ պա­հե­րու դի­պուկ շնչա­ւո­րու­մով, գե­ղա­րո­ւես­տա­կան պա­տու­մի տա­ղան­դով եւ մարդ­կա­յին ու բնա­կան աշ­խար­հի պաշ­տա­մուն­քով յա­գե­ցած գրա­կան հարս­տու­թիւն մը։
Մեծն ­Պա­րոյր ­Սե­ւակ փաս­տօ­րէն կ­՛ար­տա­յայ­տէր մեր ժո­ղո­վուր­դին ան­խառն գնա­հա­տան­քը՝ օ­րին հաս­տա­տե­լով, որ «Վ. Ա­նա­նեա­նի «­Սե­ւա­նի ա­փին» վի­պա­կը մի նոր նո­ւա­ճում է ինչ­պէս հե­ղի­նա­կի, այն­պէս էլ մեր գրա­կա­նու­թեան հա­մար։ …­Նա գրում է հիւ­թեղ, պարզ ու հաս­կա­նա­լի, ժո­ղովր­դա­կան բառ ու բա­նով հա­րուստ, հե­տաքր­քիր լե­զո­ւով։ Ն­րա լե­զո­ւամ­տա­ծո­ղու­թիւ­նը գե­րա­զան­ցա­պէս հա­յե­րէն է, զերծ օ­տա­րու­թիւն­նե­րից»։
Տար­բեր ալ չէր կրնար ըլ­լալ գրա­կան-ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ժա­ռան­գու­թիւ­նը Վ. Ա­նա­նեա­նի, ո­րուն կեանքն ու գոր­ծը ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­ցաւ այն փի­լի­սո­փա­յու­թեամբ, թէ «այն՝ ինչ մար­դը կա­րող է սո­վո­րել ու հաս­կա­նալ դժբախ­տու­թեան մէկ օ­րում, չի կա­րող հաս­կա­նալ բա­րե­կե­ցիկ կեան­քի մի քա­նի տա­րում»…
Հայ գրա­կա­նու­թեան մէջ որ­սոր­դա­կան պատ­մո­ւած­քի կա­խար­դա­կան աշ­խար­հը նո­ւա­ճած մե­ծա­նուն գրո­ղը ծնած էր 1905ի ­Յու­լիս 26ին (­Նոր ­Տո­մա­րով՝ Օ­գոս­տոս 8ին), ­Դի­լի­ջա­նի գա­ւա­ռի ­Պո­ղոս­քի­լի­սա (հե­տա­գա­յին՝ ­Շա­մա­խեան) գիւ­ղը (այժմ՝ ­Դի­լի­ջան քա­ղա­քի շրջա­կայ­քը)։
Ման­կու­թիւ­նը ան­ցուց հայ­րե­նի գիւ­ղին գիր­կը։ Սկզբ­նա­կան կրթու­թիւ­նը ստա­ցաւ տեղ­ւոյն գիւ­ղա­կան դպրո­ցին մէջ։ 1915ին ըն­դու­նո­ւե­ցաւ ­Դի­լի­ջա­նի ծխա­կան դպրո­ցը, բայց ուս­ման վար­ձը չկա­րե­նա­լով վճա­րել՝ եր­կու տա­րի յե­տոյ դուրս մնաց դպրո­ցէն։ Ինչ­պէս ­Հայ­կա­կան ­Հան­րա­գի­տա­րա­նը կը վկա­յէ՝ հե­տա­գա­յին, գրո­ղը ցա­ւով պի­տի յի­շէր՝ «Ա­ւար­տո­ւեց իմ ուս­ման ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը։ Դ­րա­նից յե­տոյ իս­կա­կան դպրոց այ­լեւս չեմ տե­սել։ Իմ դպրո­ցը ե­ղել է մայր բնու­թիւ­նը, ո­րի գրկում ես մե­ծա­ցել եմ»։
1926ին տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ Ե­րե­ւան, ուր աշ­խա­տե­ցաւ «­Մաճ­կալ» (1930-1931), «­Սո­ցիա­լիս­տա­կան ­Գիւ­ղատն­տե­սու­թիւն» (1931-1935) թեր­թե­րու խմբագ­րու­թեանց մէջ։ Ե­ղաւ «­Կոլ­խոզ­նիկ» թեր­թի պա­տաս­խա­նա­տու խմբա­գիր (1935)։ 1941ին, հա­րիւր-հա­զա­րա­ւոր­նե­րու շար­քին, Վ. Ա­նա­նեան իր կար­գին զօ­րա­կո­չո­ւե­ցաւ բա­նակ եւ մին­չեւ Երկ­րորդ Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տը, մաս­նակ­ցե­ցաւ ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թեան մղած այս­պէս կո­չո­ւած ­Մեծ ­Հայ­րե­նա­կա­նին։ ­Նա­խախ­նա­մու­թիւ­նը զինք ողջ պա­հեց եւ 1945ին, վե­րա­դառ­նա­լով պա­տե­րազ­մէն, ան նոր թա­փով վերսկ­սաւ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան իր աշ­խա­տան­քը։
Այդ­պէ՛ս, տաս­նա­մեակ­նե­րու վրայ եր­կա­րած իր ան­խոնջ աշ­խա­տան­քով ու բեղմ­նա­ւոր գրի­չով, Վ. Ա­նա­նեան ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս դար­ձաւ հայ գրա­կա­նու­թեան մէջ ար­կա­ծա­յին պա­տու­մի գրա­կան սե­ռին հիմ­նա­դի­րը՝ ստեղ­ծե­լով հայ ար­ձա­կի մնա­յուն ար­ժեք­ներ։ Ըն­թեր­ցող լայն հա­սա­րա­կու­թեան առ­ջեւ բա­ցաւ կա­խար­դանք­նե­րու նոր աշ­խարհ մը եւ հրաշք­նե­րու ամ­բողջ նոր գան­ձա­րան մը, ո­րոնք գե­րե­ցին մա­նուկ թէ տա­րեց ըն­թեր­ցո­ղին։ Իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը մեծ ճա­նա­չու­մի եւ լայն ժո­ղովր­դա­կա­նու­թեան ար­ժա­նա­ցու­ցին Վ. Ա­նա­նեա­նին։
Իր ա­ռա­ջին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը՝ «­Չո­լախ ­Թա­քոն» հրա­տա­րա­կո­ւե­ցաւ «­Պիո­ներ» ամ­սագ­րի է­ջե­րուն, 1927ին։ Իսկ ա­ռա­ջին վի­պա­կը («Կ­րա­կէ օ­ղա­կի մէջ») լոյս տե­սաւ 1930ին։ 1934ին հրա­տա­րա­կեց «Որս» ա­նու­նով պատ­մո­ւածք­նե­րու ժո­ղո­վա­ծուն, որ ամ­բող­ջու­թեամբ նո­ւի­րո­ւած էր բնու­թեան եւ շու­տով ըն­թեր­ցո­ղը փա­րե­ցաւ ա­նոր գրչին՝ իբ­րեւ հայ­րե­նի բնաշ­խար­հը հե­տաքր­քիր ու գե­ղե­ցիկ պատ­կեր­նե­րով նկա­րագ­րող հե­ղի­նա­կի։
Իր մե­ծար­ժէք գոր­ծե­րէն հա­մա­րո­ւող «­Սե­ւա­նի ա­փին» վի­պա­կը լոյս տե­սաւ 1951ին։ Այդ գոր­ծով հե­ղի­նա­կը հաս­տա­տագ­րեց իր մար­դա­սի­րա­կան եւ հայ­րե­նա­սի­րա­կան շուն­չը, հայ­րե­նի բնաշ­խար­հի գե­ղեց­կու­թիւ­նը կեան­քով շնչա­ւո­րո­ւե­լու տա­ղան­դը, հա­մո­զիչ կեր­պար­ներ ստեղ­ծե­լու ա­րո­ւես­տը եւ գրե­լա­ձե­ւի ինք­նատ­պու­թիւ­նը։
1947էն 1966 լոյս տե­սան Վ. Ա­նա­նեա­նի որ­սոր­դա­կան պատ­մո­ւածք­նե­րու վեց պրակ­նե­րը։ Այս շար­քը նոյն­պէս նո­ւի­րո­ւած է հայ­րե­նի բնաշ­խար­հին՝ սա­կայն ար­դէն բնու­թիւն-մարդ կա­պի գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ի­մաս­տա­ւո­րու­մով։ Ա­նա­նեան յա­տուկ շեշտ դրաւ մայ­րա­կան սի­րոյ զգա­ցու­մին վրայ։ ­Ման­կու­թե­նէն մօ­րը կորսն­ցու­ցած ըլ­լա­լով՝ Ա­նա­նեան բնու­թեան մէջ փնտռեց ու գտաւ մայ­րա­կան սէրն ու ջեր­մու­թիւ­նը եւ յա­ճախ փի­լի­սո­փա­յօ­րէն խորհր­դա­ծեց, որ «մօր սիր­տը մէկ է. կ­’ու­զէ մարդ լի­նի, կ­’ու­զէ կեն­դա­նի»։
Հայ­կա­կան պատ­մա­վէ­պի մե­ծա­նուն վար­պե­տը՝ ­Սե­րօ ­Խան­զա­դեան ի­րա­ւա­ցիօ­րէն նշեց ա­տե­նին, թէ «Ա­նա­նեա­նը ու­նի ի՛նչ ա­սել ա­մէն մէ­կի սրտին։ Ին­քը շատ բա­ներ է տե­սել, շատ բա­ներ գի­տի։ ­Հա­ւա­տա­րիմ լի­նե­լով հայ դա­սա­կան գրա­կա­նու­թեան ա­ւան­դոյ­թին՝ ին­քը գրում էր ժո­ղովր­դի լե­զո­ւով, ժո­ղովր­դի մա­սին եւ ժո­ղովր­դի հա­մար»։
Իր կեան­քի վեր­ջա­լոյ­սին Վ. Ա­նա­նեան լոյս ըն­ծա­յեց իր «­Հին վրա­նի փոք­րիկ բնա­կի­չը» եւ «Ո՞ւր են տա­նում կա­ծան­նե­րը» վէ­պե­րը, ո­րոնք ինք­նա­կեն­սագ­րա­կան բնոյթ ու­նին եւ պա­տում­ներ են՝ նո­ւի­րո­ւած հե­ղի­նա­կի ման­կու­թեան ու պա­տա­նե­կու­թեան տա­րի­նե­րուն պա­տա­հած դէպ­քե­րու եւ դրո­ւագ­նե­րու։
Այս բո­լո­րով՝ ­Վախ­թանգ Ա­նա­նեան դար­ձաւ հայ գրա­կա­նու­թեան ա­մէ­նէն ժո­ղովր­դա­կան դէմ­քե­րէն մէ­կը։ Իսկ գրա­կան վի­ճա­կագ­րա­կան տո­ւեալ­նե­րով՝ հայ գրող­նե­րու շար­քին, իր եր­կե­րու թարգ­մա­նու­թեամբ, Ա­նա­նեան կը գրա­ւէ ա­ռա­ջին դիր­քե­րը։ Իր եր­կե­րը հրա­տա­րա­կո­ւած են ռու­սե­րէ­նով, անգ­լե­րէ­նով, գեր­մա­նե­րէ­նով, չի­նա­րէ­նով, ճա­փո­նե­րէ­նով, չե­խե­րէ­նով, պուլ­կա­րե­րէ­նով, պեն­կա­լե­րէ­նով, հնդկե­րէ­նով եւ այլ լե­զու­նե­րով։ Ա­նա­նեան փաս­տօ­րէն կրցաւ գրա­ւել նաեւ այլ ազ­գե­րու ըն­թեր­ցող­նե­րը՝ ա­նոնց հո­գիին մէջ եւս հե­տաքրքրու­թիւն ա­ռա­ջաց­նե­լով բնու­թեան ու կեն­դա­նա­կան աշ­խար­հի նկատ­մամբ։
Հայ գրա­կա­նու­թեան բա­րե­սիրտ ու ազ­նո­ւա­կան գրո­ղին ազ­գա­յին ար­ժա­նա­ւո­րու­թիւ­նը կը շեշ­տէ գրա­կա­նա­գէտ Հ­րանտ ­Թամ­րա­զեան՝ իր հե­տե­ւեալ վկա­յու­թեամբ.-
«­Վախ­թանգ Ա­նա­նեա­նի եր­կե­րից փչում են մեր երկ­րի եւ հո­ղի բոյ­րե­րը: Նա չա­փել է ան­դունդ­նե­րի խոր­քը եւ զգա­ցել է լեռ­նե­րի սլաց­քը, թե­քո­ւել է բո­լոր ծա­ղիկ­նե­րի եւ բոյ­սե­րի վրայ: Մշ­տա­պէս պահ­պա­նել է մօր ջեր­մու­թեան եւ ան­սահ­ման սրտի զգա­ցո­ղու­թիւ­նը, հիւ­սել նրա սի­րոյ եր­գը: Նա հաս­կա­նում էր բնու­թեան լե­զուն եւ մար­դու հո­գին, ա­նա­ղարտ հա­յեաց­քով նա­յում մարդ­կանց ու աշ­խար­հին, ժո­ղովր­դա­կան մեծ կեան­քի ըն­թաց­քին»։
Վախ­թանգ Ա­նա­նեա­նի ծննդեան 111րդ ­տա­րե­դար­ձին նո­ւի­րո­ւած յու­շա­տետ­րի այս է­ջը կ­’ար­ժէ եզ­րա­փա­կել չեխ գրող Ե. Եդ­լիչ­կա­յի խօ­սուն գնա­հա­տա­կա­նով.
«Վ. Ա­նա­նեա­նի ստեղ­ծա­ծը մի գրա­կա­նու­թիւն է, որ հա­ւա­սա­րա­պէս կա­րող է հմա­յել ե՛ւ մե­ծե­րին, ե՛ւ փոք­րե­րին։ ­Չեխ ըն­թեր­ցո­ղը ե­րախ­տա­պարտ է հայ ա­կա­նա­ւոր գրո­ղին՝ պատ­ճա­ռած բերկ­րան­քի, հա­յոց լեռ­նաշ­խար­հում այդ­քան հմա­յիչ հե­ռա­կայ ճա­նա­պար­հոր­դու­թեան տա­նե­լու հա­մար»։