Յունիս 9ին Սպանիոյ Վալենսիա քաղաքի տեղական ինքնակառավարման խորհուրդը ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող որոշում: Հ.Հ. արտաքին գործոց նախարարութեան դիմատետրի էջէն կը տեղեկանանք, որ «Քոմփրոմիս», «Վալենսիա էն Գոմուն» եւ Ընկերվարական կուսակցութիւնները կողմ քուէարկած են «Արարատ» հայկական միութեան ներկայացուցած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին բանաձեւին օգտին` դատապարտելով 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը եւ յորդորելով Վալենսիայի խորհրդարանին, Սպանիոյ կառավարութեան, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ` հետեւելու իրենց օրինակին:
Վալենսիա քաղաքը կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը
Վալենսիա քաղաքը կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը