Վահան Մանուէլեան (Կարապետ Տողրամաճեան, 1870-1904)

Վա­հան ­Մա­նո­ւէ­լեան (­Կա­րա­պետ ­Տող­րա­մա­ճեան, 1870-1904). Հայ ֆե­տա­յա­կան շարժ­ման անձ­նո­ւէր ա­ռա­քեալն ու կազ­մա­կեր­պի­չը Ն.

0
1163

«Ո՞ր ժայ­ռի տակ, ո՞ր խո­ռո­չի կամ ձո­րի մէջ է հանգս­տա­նում այժմ թան­կա­գին ըն­կե­րոջ գնդա­կա­հար դիա­կը — յայտ­նի չէ։ ­Բայց լոկ հո­ղե­ղէն գե­րեզ­ման­նե­րով չեն յա­ւեր­ժա­նում գա­ղա­փա­րի ա­ռա­ջա­մար­տիկ­նե­րը։ ­Վա­հա­նի գե­րեզ­մա­նը ­Սա­սունն է, մար­տի­րո­սու­թեան եւ հե­րո­սու­թեան վայ­րը, ուր ա­զա­տա­խոհ սե­րունդ­նե­րը միշտ նո­ւի­րա­կան պաշ­տա­մուն­քի պէս կը պա­հեն, կը գուր­գու­րեն ­Վա­հան­նե­րի ան­բիծ յի­շա­տա­կը»։
­Դաշ­նակ­ցու­թեան պաշ­տօ­նա­թերթ «Դ­րօ­շակ»ի ­Նո­յեմ­բեր 1904ի հա­մա­րով տրո­ւած մա­հագ­րու­թիւ­նը սրտա­ռուչ այս խորհր­դա­ծու­թեամբ յա­ւեր­ժա­ցուց յի­շա­տա­կը ­Վա­հան ­Մա­նո­ւէ­լեա­նի, որ հայ ժո­ղո­վուր­դի Ա­զա­տու­թեան ­Ճա­նա­պար­հին ին­կաւ 114 տա­րի ա­ռաջ, ­Մա­յիս 16ի այս օ­րը։
­Հայ­կա­կան Ա­զա­տա­մար­տի անձ­նո­ւէր, գա­ղա­փա­րա­պաշտ ու հե­րո­սա­տիպ ֆե­տա­յի­նե­րու ղե­կա­վար դէմ­քե­րէն է ­Վա­հան ­Մա­նո­ւէ­լեան, որ ան­մա­հա­ցաւ ­Սաս­նոյ 1904ի Ապս­տամ­բու­թեան մէջ իր ու­նե­ցած վճռո­րոշ դե­րա­կա­տա­րու­թեամբ։
Ծ­նած է ­Մար­մա­րա ծո­վու ա­փին, Իզ­միթ քա­ղա­քի հա­յա­շատ ­Մեծ ­Նոր­գիւղ թա­ղա­մա­սը, են­թադ­րա­բար 1870ին։ Ս­տոյգ տո­ւեալ­ներ կը պակ­սին ա­ւա­զա­նի ա­նու­նով ­Կա­րա­պետ ­Տող­րա­մա­ճեա­նի ինչ­պէս ծննդեան թո­ւա­կա­նին, այն­պէս ալ կեն­սագ­րու­թեան սկզբնա­կան շրջան­նե­րուն մա­սին։ ­Բայց 1890ա­կան­նե­րու սկիզբ­նե­րէն, հայ յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման բուռն խմո­րում­նե­րով յատ­կան­շո­ւող պոլ­սա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, մտա­ւո­րա­կան այս հայ ե­րի­տա­սար­դը ­Վա­հան ­Մա­նո­ւէ­լեան ա­նու­նով կանգ­նե­ցաւ պայ­քա­րի յա­ռա­ջա­պահ դիր­քե­րուն վրայ՝ իբ­րեւ նո­րա­կազմ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան յան­դուգն գոր­ծիչ­նե­րէն մէ­կը։
1893-1894ին, պոլ­սա­հայ վար­ժա­րան­նե­րու մէջ ու­սուց­չա­կան իր ծա­ռա­յու­թեան կող­քին, ­Վա­հան ան­մի­ջա­կան գոր­ծա­կի­ցը ե­ղաւ Ար­շակ Վ­ռա­մեա­նի եւ ­Բաբ­կէն ­Սիւ­նիի, ա­մուր հի­մե­րը դնե­լով ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Պոլ­սոյ կազ­մա­կեր­պու­թեան։ ­Գա­ղա­փա­րա­կան իր հա­րուստ պա­շա­րով, կազ­մա­կերպ­չա­կան տա­ղան­դով եւ յե­ղա­փո­խա­կա­նի խի­զա­խու­թեամբ, ­Վա­հան կա­նու­խէն պա­տաս­խա­նա­տու դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցաւ ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման յա­ռաջ­խա­ղաց­քին մէջ։
­Հա­մի­տեան լայ­նա­տա­րած կո­տո­րած­նե­րու այդ ծանր ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, Վ­ռա­մեա­նի, ­Բաբ­կէ­նի եւ ­Վա­հա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ, ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Պոլ­սոյ ­Կո­մի­տէն ժո­ղովր­դա­յին բո­ղո­քի մեծ ցոյ­ցեր կազ­մա­կեր­պեց՝ հայ­կա­կան նա­հանգ­նե­րու տա­րած­քին կո­տո­րո­ւող հա­յու­թեան առ ի զօ­րակ­ցու­թիւն, նաեւ նա­խա­ձեռ­նեց Օս­մա­նեան Դ­րա­մա­տան գրաւ­ման պատ­մա­կան յան­դուգն գոր­ծո­ղու­թեան՝ Եւ­րո­պա­կան մեծ տէ­րու­թիւն­նե­րը դնե­լու հա­մար սուլ­թան ­Հա­մի­տը սան­ձե­լու ի­րենց պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան առ­ջեւ։ Այդ բո­լո­րին մղում տո­ւող եւ յա­ռաջ շար­ժող գոր­ծիչ­նե­րու շար­քին էր ­Վա­հան։
­Պանք Օ­թո­մա­նի գրա­ւու­մէն յե­տոյ, ­Վա­հան պար­տա­ւո­րո­ւե­ցաւ հե­ռա­նալ ­Պո­լի­սէն, ուր ա­մէ­նօ­րեայ հե­տապնդ­ման տակ էր թրքա­կան ոս­տի­կա­նու­թեան կող­մէ։ Ան­ցաւ ­Պուլ­կա­րիա, ուր 1896էն մին­չեւ 1899, ­Վառ­նա­յի եւ ­Ֆի­լի­պէի մէջ, հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րու հաս­տատ­ման եւ ա­նոնց մէջ իբ­րեւ ու­սու­ցիչ իր ծա­ռա­յու­թեան կող­քին, ­Վա­հան ե­ռուն գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լեց՝ պան­դուխտ հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ազ­գա­յին-յե­ղա­փո­խա­կան գա­ղա­փար­նե­րով ո­գե­ւո­րե­լու եւ ­Դէ­պի Եր­կիր մղե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ ­Հիմ­նա­դիր­նե­րէն եւ կա­նո­նա­ւոր աշ­խա­տա­կից­նե­րէն մէ­կը ե­ղաւ տեղ­ւոյն «­Շար­ժում» թեր­թին, ո­րուն է­ջե­րուն լոյս տե­սած իր յօ­դո­ւած­նե­րով պար­զեց ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցին եւ հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման քա­ղա­քա­կան ու գա­ղա­փա­րա­կան ծալ­քերն ու ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րը։
1899ին ­Վա­հան ընտ­րո­ւե­ցաւ «­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Կամ­քը» ներ­կա­յաց­նող պա­տաս­խա­նա­տու մարմ­նի ան­դամ եւ, ­Ռոս­տո­մի յանձ­նա­րա­րու­թեամբ, 1900ին ան­ցաւ ­Կով­կաս։ ­Կար­ճա­տեւ գոր­ծու­նէու­թիւն ու­նե­ցաւ ­Թիֆ­լի­սի մէջ, որ այդ շրջա­նին ­Դէ­պի Եր­կիր զէնք, զի­նամ­թերք եւ մար­տիկ ու­ղար­կե­լու գլխա­ւոր կեդ­րոնն էր։ Իր կար­գին ­Վա­հան, 1901ին, ­Թաւ­րի­զի վրայ մտաւ Եր­կիր. նախ ­Վա­նի շրջա­նին մէջ գոր­ծեց, կարճ ժա­մա­նա­կով, ­Նի­կոլ ­Դու­մա­նի կող­քին, ա­պա՝ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան լիա­զօր ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի ա­ռա­քե­լու­թեամբ, ան­ցաւ ­Սա­սուն, ուր ֆե­տա­յա­կան շար­ժու­մը մէկ կող­մէ մեծ ծա­ւալ ստա­ցած էր, իսկ միւս կող­մէ կը դի­մագ­րա­ւէր ներ­քին վէ­ճեր՝ ա­ռա­ւե­լա­բար Հ­րայր Դ­ժոխ­քի եւ Անդ­րա­նի­կի մի­ջեւ ծա­գած անձ­նա­կան բա­խում­նե­րուն եւ գա­ղա­փա­րա­կան տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւան­քով։ ­Տե­ղը չէ խո­րա­նա­լու այդ վէ­ճե­րուն քննարկ­ման մէջ, բայց հա­կիրճ պէտք է նշել, հիմ­նա­կան տա­րա­կար­ծու­թիւ­նը կը կեդ­րո­նա­նար ­Սաս­նոյ ապս­տամ­բա­կան շարժ­ման ռազ­մա­վա­րա­կան ու­ղին ճշդո­րո­շե­լու հար­ցին վրայ. Հ­րայր Դ­ժոխք դրօ­շա­կիրն էր ժո­ղովրդա­յին ապս­տամ­բու­թեան ու­ղիին, մինչ Անդ­րա­նիկ կը գլխա­ւո­րէր ֆե­տա­յա­կան-մար­տա­կան կա­ռոյ­ցի ամ­րապն­դու­մով շար­ժու­մը յա­ռաջ մղե­լու ուղ­ղու­թիւ­նը։
­Վա­հան ­Մա­նո­ւէ­լեան հիմ­նա­կան եւ բա­րե­րար դեր ու­նե­ցաւ ներ­քին այդ վէ­ճե­րու հար­թու­մին ու փա­րա­տու­մին մէջ։ ­Ֆե­տա­յա­կան-մար­տա­կան մէկ միա­ձայլ ճա­կատ յար­դա­րեց՝ ի­րա­րու քով բե­րե­լով, հաշ­տեց­նե­լով եւ միա­ցեալ ղե­կա­վա­րու­թեան վե­րա­ծե­լով Հ­րայր Դ­ժոխք, ­Գէորգ ­Չա­ւուշ եւ Անդ­րա­նիկ ե­ռեա­կը։ ­Սաս­նոյ եւ ­Մու­շի յե­ղա­փո­խա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան ընդ­հա­նուր ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը իր վրայ վերց­նե­լով՝ դաշ­նակ­ցա­կան այս հա­ւա­տա­ւոր մտա­ւո­րա­կանն ու կազ­մա­կերպ­չա­կան գոր­ծի­չը ա­ւե­լի քան եր­կու տա­րի նա­խա­պատ­րաս­տա­կան մեծ աշ­խա­տանք տա­րաւ, որ­պէս­զի ամ­բողջ շրջա­նը կա­րե­նայ դի­մագ­րա­ւել ­Հա­մի­տի ո­րո­ճա­ցած հա­յաջնջ­ման ջար­դա­րար ծրա­գիր­նե­րը։
1902էն 1904, ֆե­տա­յա­կան կեն­դա­նի կռո­ւին իր բե­րած պա­տաս­խա­նա­տու մաս­նակ­ցու­թեամբ, ­Վա­հան հռչա­կո­ւե­ցաւ նաեւ իբ­րեւ ան­վե­հեր մար­տիկ, ո­րուն գով­քը եր­գե­ցին նոյ­նիսկ քիւր­տե­րը՝ «­Վա­հան փա­շա­յին» նո­ւի­րո­ւած ազ­գա­յին-յե­ղա­փո­խա­կան ծա­նօթ եր­գի բա­ռե­րով՝

Ան­տոք, ­Ծո­վա­սար, ­Կե­փինն էր ու­սին,
­Նո­րէն գո­ռա­ցին դէմ վատ թուր­քե­րին,
­Մի օր էլ քրտա­խառն հա­յոց գիւ­ղե­րը
­Վա­հան փա­շա­յին տա­լիս են ող­ջոյն։

Ա­ռա­ւօտ կա­նուխ երբ որ արթն­ցաւ,
­Չորս հա­զար զօր­քե­րով պա­շա­րո­ւած տե­սաւ,
Ո­րոնց դէմ ե­րե­սուն քա­ջե­րով միայն,
Ար­ձակ հա­մար­ձակ կռո­ւիլ սկսաւ։

Այն­տե­ղո­ւան թուր­քեր վախ­ցած գո­ռա­ցին,
Եա­մա՜ն, ջան ֆե­տա­յիք, ղուր­պան ձեր ոտ­քին,
Խ­նա­յե­ցէք մեզ, պա­տիւ ­Վա­հա­նին,
­Թո­ղէք որ ապ­րինք ներ­քեւ մեր յար­կին։

­Թուր­քեր սար­սա­փած ի փա­խուստ դար­ձան,
Ինն­սուն զոհ տո­ւին, շատ մը հրա­ցան,
­Շուտ ը­րէք, ը­սին, փախ­չինք ա­հա հա­սան,
­Գէորգն ար­նա­հեղ, Անդ­րա­նիկ փա­շան։

­Սաս­նոյ հա­յու­թեան 1904ին մղած հե­րո­սա­կան կռիւ­նե­րը ե­ղան դափ­նեպ­սա­կը ­Վա­հա­նի յե­ղա­փո­խա­կան վաս­տա­կին։ Անձ­նո­ւէր ու ար­ժա­նա­ւոր այս դաշ­նակ­ցա­կա­նը, գա­ղա­փա­րա­կան իր հմայ­քով ու կազ­մա­կերպ­չա­կան տա­ղան­դով, վստա­հու­թեան ա­ռանց­քը դար­ձաւ թէ՛ խրոխտ ­Սա­սու­նի մեր ժո­ղո­վուր­դին, թէ՛ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին զի­նո­ւո­րագ­րուած անխ­տիր բո­լոր ֆե­տա­յի­նե­րուն եւ մար­տիկ­նե­րուն՝ Հ­րայր Դ­ժոխ­քի եւ Անդ­րա­նի­կի օ­րի­նա­կով հա­կոտ­նեայ նկա­րա­գիր­ներն ու ան­հա­տա­կա­նու­թիւն­ներն ան­գամ ի մի բե­րե­լով, յա­ռաջ մղե­լով ­Հայ­կա­կան Ա­զա­տա­մար­տի «­Մահ կամ Ա­զա­տու­թիւն» դրօ­շին տակ։
­Վա­հան ­Մա­նո­ւէ­լեա­նի հա­մար ճա­կա­տա­գի­րը, սա­կայն, տնօ­րի­նած էր միայն 34ա­մեայ կեանք մը։ 1904 ­Մա­յի­սի 16ին, ­Գո­մե­րու հռչա­կա­ւոր յաղ­թա­կան կռուի ժա­մա­նակ, երբ ­Վա­հան ու իր ըն­կեր­նե­րը ի­րենց թագս­տոց քա­րայ­րէն դուրս ե­կան լե­ռը բարձ­րա­նա­լու եւ ­Գէորգ ­Չա­ւու­շի խում­բին միա­նա­լու հա­մար, փամ­փուշ­տը գտաւ քա­ջա­րի ­Վա­հա­նին եւ ձո­րը գլո­րեց ա­նոր ան­կեն­դան մար­մի­նը։
Ըն­կեր­նե­րը չկրցան ի­րենց հետ տա­նիլ ­Վա­հա­նի ան­շունչ մար­մի­նը եւ ­Հայ­կա­կան Ա­զա­տա­մար­տի այս անձ­նո­ւէր ար­ժա­նա­ւո­րը այդ­պէս ալ ան­թաղ մնաց հա­յոց լեռ­նե­րուն վրայ, իր ա­րիւնն ու մար­մի­նը միա­խառ­նե­լով հա­յոց պա­պե­նա­կան հո­ղին, ո­րուն ա­զա­տագ­րու­թեան հա­մար, ինչ­պէս որ ­Վա­հան ինք կը պատ­գա­մէր, անձ­նո­ւէր ա­րեան ո­ռո­գում պէտք էր, որ­պէս­զի գա­ղա­փա­րա­կան սրբու­թեամբ վերս­տին հա­յա­ցո­ւէր եւ ազ­գա­յին ան­կորն­չե­լի հարս­տու­թեան իր նշա­նա­կու­թիւ­նը սե­րունդ­նե­րուն կտա­կէր մեր հո­ղը։
­Սաս­նոյ երկ­րորդ՝ 1904ի ապս­տամ­բու­թեան այդ ա­հեղ օ­րե­րուն, քա­նի մը շա­բաթ­նե­րու հե­ռա­ւո­րու­թեամբ, դա­ժան մար­տե­րու մէջ մար­տի­րո­սա­ցան հայ­կա­կան ծա­ռաց­ման եր­կու ղե­կա­վար­նե­րը՝ Հ­րայր-Դ­ժոխքն ու ­Վա­հա­նը։ ­Նոյ­նիսկ կռո­ւի ժա­մա­նակ ­Վա­հան ­Մա­նո­ւէ­լեան շա­րու­նա­կեց օ­րը օ­րին հե­ռա­գիր­ներ ու­ղար­կել «Դ­րօ­շակ»ին, ­Ժը­նեւ՝ ­Սաս­նոյ մղած օր­հա­սա­կան կռո­ւին մա­սին ի­րա­զեկ պա­հե­լու հա­մար մեր ժո­ղո­վուրդն ու Եւ­րո­պան։ Ինչ­պէս «Դ­րօ­շակ»ի վե­րո­յի­շեալ մա­հագ­րու­թիւ­նը կը նշէ, «Ապ­րիլ 14ի նա­մա­կով ան­հուն դառ­նու­թեամբ ­Վա­հա­նը գու­ժում էր Հ­րայ­րի մա­հը։ «Իր կար­միր մա­հը կար­միր մե­լա­նով գրե­ցի»,- հա­ղոր­դում էր նա»…
Եւ գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեան իր կեն­դա­նի օ­րի­նա­կով սրբա­գոր­ծո­ւած պատ­գա­մի հնչե­ղու­թեամբ՝ ­Վա­հան հե­տե­ւեալ խորհր­դա­ծու­թեամբ կ­’ա­ւար­տէր 14 Ապ­րիլ 1904ի իր այդ վեր­ջին հե­ռա­գի­րը.
«­Վա­ղը թե­րեւս նոր կռիւ ու­նե­նանք։ Ե­թէ յաղ­թուենք եւ ­Սա­սու­նը ոչն­չա­նայ, թող ու­րիշ­ներ լու­ծեն մեր վրէ­ժը»։
Ո­գե­կո­չե­լով ­Վա­հան ­Մա­նո­ւէ­լեա­նի մա­հո­ւան 114րդ ­տա­րե­լի­ցը, մեր սե­րունդ­նե­րը նաեւ կը վե­րա­նո­րո­գեն ի­րա­ւա­տէր հա­յու­թեան ուխ­տը՝ կո­րու­սեալ եր­կիրն հա­յոց գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեան գնով մեր ժո­ղո­վուր­դին վե­րա­դարձ­նե­լու։