Երկուշաբթի՝ 17 Յունիս 2019ի առաւօտեան Հ.Հ. արտաքին գործոց նախարարութեան աւագ քարտուղար պրն. Վահագն Մելիքեան եւ Հ.Հ. Յունաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պրն. Ֆաթէյ Չարչօղլեանի հետ միասին այցելեցին Յունաստանի հայոց թեմի Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանին Ազգային Առաջնորդարանէն ներս: Հանդիպման ներկայ եղան Ազգային Վարչութեան փոխ-ատենապետ պրն. Պետրոս Կիւրիւնլեան եւ Կրօնական Ժողովի ատենադըպիր Պարէտ քհնյ. Խաչերեան:
Առաջնորդ Սրբազան հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց սոյն հանդիպման համար, վերյիշելով 90ական տարիներուն ինք Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ եղած շրջանին, պրն. Մելիքեան Հ.Հ. Յունաստանի դիւանագիտական անձնակազմին մաս կազմելով, իր դիւանագիտական ու ազգային ծառայութիւնը մատուցած էր յունահայ գաղութին:
Պրն Մելիքեան՝ որ նորանկախ Հայաստանի առաջին օրերէն ի վեր դիւանագիտական երկարամեայ ծառայութիւն եւ հմտութիւն ձեռք բերած է եւ ներկայիս արտաքին գործոց նախարարութեան աւագ քարտուղարի պատասխանատուութեամբ՝ Յունաստան կը գտնուի իր յոյն պաշտօնակիցի հետ հանդիպումներ ունենալու առաքելութեամբ, ինք եւս իր ուրախութիւնը յայտնեց անգամ մը եւս հանդիպելուն համար Առաջնորդ սրբազանին:
Հանդիպման ընթացքին պրն. Մելիքեան համապարփակ ձեւով անդրադարձաւ Հայաստանէն ներս զարգացող քաղաքական ընթացքին, կարեւորելով պետականութեան զարգացման գործընթացքին մէջ նորանկախ Հայաստանի հետ լոյս աշխարհ եկած սերունդի դերակատարութիւնը եւ հետզհետէ առաւել եւս դէպի կայունացած պետութիւն դառնալու աշխատանքներուն բոլորին բերելիք մասնակցութիւնը: Անդրադառնալով դասական Սփիւռքի մէջ հաստատուած Հայաստանի հայրենակիցներուն, անհրաժեշտ նկատեց, որ ատենն է, որ անոնք եւս ներգրաւուին գաղութային կեանքի եւ գործելաձեւին մէջ: Այս առնչութեամբ Առաջնորդ սրբազանը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ պրն. դեսպան Չարչօղլեանի գործունէութեան եւ աշխատանքները միասնաբար համակարգելու եւ յառաջ տանելու դրական իրողութեան, յատկապէս ինչ կը վերաբերի Հայաստանի հայրենակիցներուն հետ առնչուած պարագաներուն:
Վահագն Մելիքեան այցելեց Ազգային Առաջնորդարան
Վահագն Մելիքեան այցելեց Ազգային Առաջնորդարան