Չորեքշաբթի, 23 Փետրուար 2022-ի առաւօտեան ժամը 10։45-ին, Գոքինիոյ Հայ Կապոյտ Խաչի «Զաւարեան» ազգային վարժարանի տնօրէնութեան կազմակերպութեամբ նշուեցաւ Ս. Վարդանանց զօրավարաց ազգային տօնը։ Տնօրէնութեան հրաւէրին ընդառաջելով, հանդիսութեան ներկայ գտնուեցաւ Գոքինիոյ «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեան։
Առողջապահական բոլորիս ծանօթ լուրջ կացութեան պատճառով, զոյգ դասարաններու աշակերտները գլխաւորութեամբ իրենց ուսուցիչին կամ ուսուցչուհիին, հերթաբար վարժարանի սրահը բարձրացան եւ մեծ խանդավառութեամբ ներկայացուցին Ս. Վարդանանց տօնին նուիրուած երգեր, ոտանաւորներ, թատերական կտորներ եւ նկարչական ձեռային աշխատանքներ։
Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեան աշակերտութեան նախ փոխանցեց Յունաստանի հայոց թեմի Առաջնորդ գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի տօնին առթիւ շնորհաւորանքն ու բարեմաղթութիւնները։ Ապա ան գնահատեց ազգային շունչով ու ոգիով լեցուած աշակերտներու տպաւորիչ ներկայացումը։ Ան խրախուսեց նաեւ բոլորին, նշանակալից այդ օրը, ամենայն հպարտութեամբ կռելու քաջ Վարդան Մամիկոնեանի անունն ու մականունը։ Աւարտին քահանայ հայրը գնահատեց «Զաւարեան» վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութիւնը եւ ուսուցչական կազմի կատարած պատրաստութիւնը։
Հանդիսութենէն ետք, Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեան ուղղուեցաւ վարժարանի մանկապարտէզը, ուր փոքրիկ աշակերտները եւս իրենց ուսուցչուհիներուն գլխաւորութեամբ կազմակերպած էին Ս. Վարդանանցի տօնին առթիւ երգերու յայտագիր մը։ Աւարտին քահանայ հայրը մեծապէս գնահատեց աշակերտներն ու ուսուցչուհիները։
ԹՂԹԱԿԻՑ