Հինգշաբթի 16 Փետրուար 2023-ի առաւօտեան ժամը 8։30-ին, Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Ս. պատարագ Ս. Վարդանանց զօրավարաց ազգային տօնին առիթով, որուն ներկայ գտնուեցան Հայ Կապոյտ Խաչի «Զաւարեան» ազգ. վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմն ու աշակերտութիւնը։
Ս. պատարագը մատուցանեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեան։ Ս. խորանին սպասարկեցին Կարապետ սրկ. Քէօսէեան եւ չորս աշակերտներ։ Իսկ երգեցողութիւնը կատարեցին դպրաց դասն ու վարժարանի բարձր դասարանի աշակերտները։
Աւարտին պատարագիչ քահանայ հայրը աշակերտութեան փոխանցեց օրուան պատգամը։ Ան իր շեշտը դրաւ Ս. Վարդան Մամիկոնեանի քաջութեան վրայ։ Ս. Վարդան Մամիկոնեան քաջ հայ, քաջ զինուոր եւ քաջ քրիստոնեայ մըն էր իր ամբողջ կեանքին ընթացքին։ Ան իր քաջութեամբ ամուր պահեց իր հայութիւնը եւ հաւատարիմ մնաց իր հայրենիքին ու եկեղեցւոյ հանդէպ։ Եւ նոյն քաջութեամբ ան իր արիւնը նուիրաբերեց Հայաստանի Սուրբ հողին համար։ Ապա Տ. Պարէտ քահանայ քաջալերեց աշակերտներուն, որ Ս. Վարդան Մամիկոնեանի օրինակէն ներշնչուելով ըլլան քաջ հայեր, քաջ աշակերտներ ու քաջ քրիստոնեաներ։
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, վարժարանի բարձր դասարանի աշակերտները, գլխաւորութեամբ տնօրէնուհի տիկ. Հայկան Մինասեանին ներկայացուցին ոգեւորիչ ու գնահատելի գեղարուեստական յայտագիր մը, Ս. Վարդանանց զօրավարաց տօնին նուիրուած երգերով ու ոտանաւորներով։
ԹՂԹԱԿԻՑ