Կիրակի՝ 22 Դեկտեմբեր 2019ի առաւօտեան ժամը 10։30ին, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ, նուիրուած՝ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագին եւ առաջին մարտիրոսին։ Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց՝ Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս վրդ. Փաշայեան։ Ներկայ էին եկեղեցւոյ ծառայող սարկաւագներ, կիսասարկաւագներ, ուրարակիրներ, դպիրներ, Թաղական խորհուրդի անդամներ, շրջանէն ներս գործող կառոյցներու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալ հոծ բազմութիւն։
Քարոզի ընթացքին, հայր սուրբը խօսեցաւ Ս. Ստեփանոսի կեանքին, գործունէութեան, ինչպէս նաեւ անոր քարկոծման մասին եւ ապա յայտնեց որ այսօր նաեւ բոլոր սարկաւագներուն, կիսասարկաւագներուն տօնն է։ Հայր սուրբը իւրաքանչիւր սարկաւագի եւ կիսասարկաւագի յորդորեց ըլլալ հետեւեալը.- «Ս. Ստեփանոսի կեանքի՛ն փորձեցէք նմանիլ, ճշմարտութի՛ւնը քարոզեցէք մեր ժողովուրդին, Ձեր կեանքով ու վերաբերմունքով եղէք խոնարհ, հեզ եւ Ձեր սիրտը, հոգին մշտական կերպով Ս. Ստեփանոսն է որ թող շնչէ ու բուրէ»։
Աւարտին, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ ծառայող բոլոր սարկաւագներն ու կիսասարկաւագները, խորան բարձրացան՝ իրենց գլուխներուն վրայ ունենալով սաղաւարտներ՝ ի նշան Ս. Ստեփանոսի սարկաւագութեան խորհրդանիշին, ուր Ս. Ստեփանոսի նուիրուած «Նահատակ Բարի…» շարականն ու «Ստեփանոս քաղցրիկ տատրակ» տաղը միաբերան երգեցին՝ պանծացնելով սուրբին յիշատակը։ Ս. Պատարագէն անմիջապէս ետք, եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան ատենապետուհի տիկ. Վերգին Աւետիսեան միութեան անունով շնորհաւորեց հայր սուրբին անուանակոչութեան օրն ու նշանակալից նուէր մը տուաւ անոր՝ որպէս սիրոյ գերագոյն նշան, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց բոլոր եկեղեցւոյ սպասաւորները ու անոնց եւս յանձնեց յուշանուէրներ։ Իր կարգին, հայր Ստեփանոս, յանուն եկեղեցւոյ սպասաւորներուն եւ իր կողմէ, շնորհակալութիւն յայտնեց նուէրներուն համար եւ ի՛նք եւս եկեղեցւոյ սպասաւորներուն եւ Տիկնաց միութեան անդամուհիներուն նուիրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին կողմէ հրատարակուած «Աղօթենք Հաւատքով» գրքոյկը եւ մաղթեց, որ հաւատքով ընթերցեն, հետեւին Ս. Պատարագի արարողութեան ու իրենց կեանքը լեցնեն Աստուածահաճոյ բարիքներով։
Ս. Պատարագի աւարտին, ներկաներն ու հաւատացեալները հայր սուրբին եւ սարկաւագներուն՝ իրենց տօնին առիթով, բարեմաղթանքներ եւ շնորհաւորանքներ ուղղեցին։
ԹՂԹԱԿԻՑ