Կիրակի՝ 24 Դեկտեմբեր 2017ի առաւօտեան ժամը 10։30ին, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ, նուիրուած՝ Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագին եւ Առաջին Մարտիրոսին։ Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց շրջանի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեան։
Քարոզի պահուն, եկեղեցւոյ սարկաւագները, ուրարակիրներն ու դպիրները, իրենց գլուխներուն վրայ դնելով սաղաւարտներ, կանգնեցան խորանին երկու կողմերը։ Քարոզի ընթացքին, Հայր Սուրբը խօսեցաւ Ս. Ստեփանոսի կեանքին, գործունէութեան, ինչպէս նաեւ անոր քարկոծման մասին եւ ապա յայտնեց, որ այսօր նաեւ բոլոր սարկաւագներուն, ուրարակիրներուն տօնն է։ Հայր Սուրբը իւրաքանչիւր ուրարակիրի յորդորեց՝ «Փորձեցէք նմանիլ Ս. Ստեփանոսի կեանքին, ճշմարտութիւնը քարոզեցէք մեր ժողովուրդին, ձեր կեանքով ու վերաբերմունքով եղէք խոնարհ, հեզ եւ ձեր սրտին ու հոգիին մէջ մշտական կերպով Ս. Ստեփանոսն է, որ թող շնչէ ու բուրէ»։
Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, դասին մէջ, առաջնորդութեամբ Հայր Սուրբին, սարկաւագները, ուրարակիրներն ու դպիրները, միաբերան երգեցին «Ստեփանոս քաղցրիկ տատրակ» տաղն ու «Կիլիկիա» մաղթերգը։
Ապա՝ Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ Տիկնանց Մարմնի անդամուհիները կազմակերպած էին պատշաճ հիրասիրութիւն ի պատիւ անոնց ու, մասնաւորաբար, գաղութի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեանին՝ Հայր Սուրբի անուանակոչութեան տօնին առիթով։ Տիկնանց Մարմնի անունով՝ ատենապետուհի տիկ. Վերգին Աւետիսեան շնորհաւորեց Հայր Սուրբի անուանակոչութեան օրը եւ յանձնեց նշանակալից նուէր մը՝ որպէս սիրոյ գերագոյն նշան, ինչպէս նաեւ բոլոր եկեղեցւոյ սպասաւորներուն շնորհաւորեց ու անոնց եւս յանձնեց յուշանուէրներ։ Պէտք է ըսել, որ սրահը լեցուն էր նաեւ հաւատացեալներով, որոնք բարի մաղթանքներ ու շնորհաւորութիւններ կատարեցին Հայր Սուրբին, ինչպէս նաեւ՝ եկեղեցւոյ սպասաւորներուն։
Իր կարգին, Հայր Սուրբը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլորին անխտիր ու յատկապէս Տիկնանց Մարմինի անդամուհիներուն եւ, որպէս շրջանի հոգեւոր հովիւի, իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ սպասաւորի, Տիկնանց Մարմնոյ անդամուհիի եւ այլ անձնաւորութիւններու յանձնեց փայտեայ գեղեցիկ խաչեր եւ իր եղբայրական բարեմաղթութիւնները կատարեց անոնց։
Վարձքը կատար Տիկնանց Մարմնոյ բոլոր անդամուհիներուն եւ բիւր շնորհաւորութիւններ մեր եկեղեցւոյ բոլոր սպասաւորներուն։ Թող Աստուած աւելիով վարձատրէ եւ պարգեւէ առողջութիւն, ոյժ, կորով եւ փափաքներու իրականացում։
Ս. Ստեփանոսի տօնը՝ Թեսաղոնիկէի մէջ
Ս. Ստեփանոսի տօնը՝ Թեսաղոնիկէի մէջ