­Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ­Սեր­րե­սի ­Տիկ­նաց միու­թեան, ­Շա­բաթ, 12 ­Փետ­րո­ւար 2022-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 4։00-էն սկսեալ, ­Սեր­րե­սի հայ հա­մայն­քի կեդ­րո­նէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ Ս. ­Սար­գիս զօ­րա­վա­րի սի­րոյ սե­ղանն ու տեառ­նըն­դա­ռա­ջի ա­ւան­դա­կան հրա­վա­ռու­թիւ­նը, գլխա­ւո­րու­թեամբ այ­ցե­լու հո­գե­ւոր հո­վիւ՝ գերպ. տ. Ս­տե­փա­նոս ծ. վրդ. ­Փա­շա­յեա­նի, ներ­կա­յու­թեամբ ­Թա­ղա­կան խոր­հուր­դի, ­Տիկ­նանց միու­թեան, «­Հա­մազ­գա­յին» հայ կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին միու­թեան ­Սեր­րե­սի «Պ. ­Սե­ւակ» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան, ինչ­պէս նաեւ սեր­րե­սա­հայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու։
­Գերպ. հայր սուր­բը սե­ղա­նը օրհ­նե­լէ ետք, իր սրտի խօս­քին մէջ ա­ռա­ջին հեր­թին փո­խան­ցեց ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի բա­րե­ջան ա­ռաջ­նորդ՝ գերշ. տ. ­Գե­ղամ ս. արք. ­Խա­չե­րեա­նի հայ­րա­կան բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներն ու օրհ­նու­թիւն­նե­րը ­Սեր­րե­սի մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն։ Ա­պա, ան անդ­րա­դար­ձաւ Ս. ­Սար­գիս զօ­րա­վա­րի կեան­քին ու գոր­ծու­նէու­թեան, ինչ­պէս նաեւ բա­ցատ­րեց տեառ­նըն­դա­ռա­ջի ի­մաստն ու նշա­նա­կու­թիւ­նը։ Ան իր բարձր գնա­հա­տան­քը յայտ­նեց ­Թա­ղա­կան խոր­հուր­դին, ­Տիկ­նանց միու­թեան եւ շրջա­նի բո­լոր Ազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րուն ու մա­նա­ւանդ ­Սէր­րէ­սի մէջ բնա­կո­ւող հա­յոր­դի­նե­րուն, ո­րոնք կը փոր­ձեն ի­րենց կա­րե­լիու­թեան սահ­ման­նե­րուն մէջ հա­մայն­քը վե­րա­կազ­մա­կեր­պել եւ ա­ռա­ւել ձեռ­նարկ­նե­րով ճո­խաց­նել զայն։
Սր­տի խօսք ու­նե­ցաւ նաեւ ­Սեր­րե­սի ­Թա­ղա­կան խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ՝ պրն. ­Վազ­գէն ­Յա­րու­թիւ­նեան, որ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ներ­կա­նե­րուն, ո­րոնք ի­րենց ֆի­զի­քա­կան ներ­կա­յու­թեամբ օ­ժան­դա­կե­ցին սոյն նա­խա­ձեռ­նու­թեան յա­ջո­ղու­թեան։ Ե­ղան նաեւ սեր­րե­սա­հա­յեր, ո­րոնք ի­րենց սրտի խօս­քե­րով ու կե­նաց­նե­րով ա­ռա­ւել եւս ծաղ­կե­ցու­ցին ե­րե­կոն։
­Հուսկ, ե­րե­կո­յեան ժա­մը 6։00-ին, գերպ. հայր սուր­բը կա­տա­րեց ե­րե­կո­յեան ժա­մեր­գու­թիւն եւ ա­պա տեառ­նըն­դա­ռա­ջի ա­ւան­դա­կան հրա­վա­ռու­թիւ­նը։ ­Գերպ. հայր սուր­բի եւ ­Թա­ղա­կան խոր­հուր­դի կո­չին ըն­դա­ռա­ջե­լով եւ ան­սա­լով, այս տա­րի, նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ ­Սէր­րէ­սի հա­մայն­քէն ներս ու­նէինք եր­կու ե­րի­տա­սարդ զոյ­գեր, յան­ձինս՝ ­Տէր եւ ­Տիկ. ­Ֆէո­խա­րիս ­Զա­խա­րո­պու­լո­սի եւ Ար­մի­նէ ­Զա­խա­րո­պու­լու­յի, ինչ­պէս նաեւ խօ­սե­ցեալ­ներ՝ ­Սա­վաս ­Կա­րակ­լի­դի­սի եւ Է­լեֆ­թե­րիա ­Պի­մե­նո­պու­լու­յի, ո­րոնք ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ հա­մայն­քին մեծ ու­րա­խու­թիւն պատ­ճա­ռե­լով եւ ա­ռա­ւել եւս ե­րի­տա­սար­դաց­նե­լով, գերպ. հայր սուր­բի գլխա­ւո­րու­թեամբ, տեառ­նըն­դա­ռա­ջի ա­ւան­դա­կան խա­րոյ­կը ի­րենց ձեռ­քե­րով վա­ռե­ցին, ի­րենց կող­քին ու­նե­նա­լով ­Թա­ղա­կան խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պե­տը ու ե­րի­տա­սար­դու­հի՝ ­Մա­րիամ ­Յա­կո­բեա­նը, որ­պէս Ք­րիս­տո­սի լոյ­սի տա­րա­ծիչ­ներն ու յոյ­սի ա­պա­ւէն­ներ։ Եր­գո­ւե­ցան ազ­գա­յին եր­գեր, Հ.Հ. քայ­լերգն ու «­Կի­լի­կիա» մաղ­թեր­գը։ Ա­ւար­տին, ­Տիկ­նանց միու­թեան կող­մէ՝ տիկ. ­Նու­նէ ­Յա­րու­թիւ­նեան իր սրտի խօս­քը յայտ­նե­լէ ետք, վե­րո­յի­շեալ եր­կու զոյ­գե­րուն յանձ­նեց գե­ղե­ցիկ յու­շա­նո­ւէր­ներ։

ԹՂԹԱԿԻՑ