Սրբոց Վարդանանց Զօրավարներու տօնին առիթով, Կիրակի՝ 3 Մարտ 2019ի առաւօտեան ժամը 10։30ին, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ։ Ս. Պատարագը մատուցեց՝ Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեան, ներկայութեամբ՝ շրջանի բոլոր ազգային հաստատութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներու, ծնողներու, աշակերտներու, ուսուցիչներու եւ հարիւրաւոր հաւատացեալ ժողովուրդի։
Պատարագի աւարտին, գլխաւորութեամբ Հայր Սուրբին՝ եկեղեցւոյ սարկաւագները, կիսասարկաւագները, ուրարակիրներն ու դպիրները միասնաբար կատարեցին նախատօնակի հանդիսաւոր արարողութիւն, նուիրուած՝ Սրբոց Վարդանանց Զօրավարներու յիշատակին։
Ս. եւ Անմահ Պատարագէն անմիջապէս ետք, հովանաւորութեամբ՝ Հ.Գ.Խ.ի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ՝ Թեսաղոնիկէի «Մալաքեան-Գասպարեան Ծաղկոց» շաբաթօրեայ դպրոցի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, ինչպէս նաեւ մասնակցութեամբ՝ դպրոցի աշակերտութեան, Սրբոց Վարդանանց Զօրավարներու տօնին առիթով, եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանցի աշակերտական տօնակատարութիւն։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ դպրոցի տնօրէնուհի տիկ. Զապէլ Գալֆայեան, բարի գալուստ մաղթեց եւ իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլորին, որ միշտ դպրոցի կողքին կը կանգնին։ Ապա՝ դպրոցին աշակերտները, իրենց ուսուցչուհիներու ուղղութեամբ, Վարդանանցի երգերով եւ ոտանաւորներով ճոխացուցին օրուան գեղարուեստական յայտագիրը։ Շրջանի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեան պատգամախօսեց օրուան խորհուրդին մասին՝ յորդորելով դպրոցի մեծ անձնակազմին եւ ընտանիքին եւ յատկապէս աշակերտութեան, մշտապէս չմոռնալու մայրենի լեզուն, պատմութիւնն ու մշակոյթը եւ մանաւանդ Վարդանանց աննկուն ոգիով շարունակելու մեր պայքարը յանուն մեր հաւատքի ու հայրենիքի պաշտպանութեան։
Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ, երբ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս, այս անգամ դպրոցի աշակերտները հանդէս եկան հայկական աւանդական պարերով, ինչը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց բոլորին մօտ եւ ներկաներուն ուշադրութիւնը գրաւեց իւրաքանչիւր աշակերտի եւ ուսուցչուհիի կատարած աշխատանքով։
Աւարտին, դպրոցին մեծ ընտանիքը Հայր Սուրբին հետ միասին յիշատակի խմբանկար մը առին։
Ս. Պատարագ եւ Վարդանանցի աշակերտական տօնակատարութիւն
Ս. Պատարագ, նախատօնակի հանդիսաւոր արարողութիւն եւ Վարդանանցի աշակերտական տօնակատարութիւն