Յունաստանի հայոց թեմի Կրօնական ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան տնօրինման համաձայն՝ Գալամաթայի «Ս. Նիկողայոս» եկեղեցւոյ մէջ հերթական ձեւով կը կատարուի Ս. Պատարագ։
Շաբաթ՝ 26 Յունուար 2019ին, Ս. Պատարագի մատուցման կարգը կը պատկանէր Գոքինիոյ «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պարէտ Քհնյ. Խաչերեանին։ Ուստի՝ Ազգային Վարչութիւնը, Գոքինիոյ ու Գալամաթայի Թաղային Խորհուրդները, միասնաբար կազմակերպեցին օրուան ծրագիր-յայտագիրը։
Գոքինիոյ Թաղային Խորհուրդը կազմակերպեց միօրեայ այցելութիւն մը դէպի Գալամաթա։ Սոյն այցելութիւնը լաւագոյն առիթը պիտի ընծայէր մեր ծխականներուն մօտէն ծանօթանալու Գալամաթայի հայութեան, միեւնոյն ժամանակ քաջալերելու անոնց հոգեւոր ու ազգային նախաձեռնութիւնները։ Այսպէս ուրեմն, մօտ 30 հոգիներ մասնակից դարձան միօրեայ ծրագրին։ Անոնք ճամբայ ելան առաւօտեան ժամը 11ին ու, սուրճի կարճ դադարէ մը ետք, կէսօրուան ժամը 2ին ճաշեցին նախապէս ճշդուած ճաշարանի մը մէջ։ Ապա՝ անոնք ուղղուեցան «Ս. Նիկողայոս» եկեղեցի։
Ս. Պատարագը սկսաւ երեկոյեան ժամը 5ին։ Արարողութեան նախագահեց Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան։ Ներկայ էին Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Պօղոս Չոլաքեան, քաղաքապետ պրն. Ն. Բանայիոթիս, փոխ-նահանգապետ տիկ. Ա. Պուզա, տեղւոյն Թաղային Խորհուրդի ատենապետուհի տիկ. Սօֆի Մարգարեան եւ անդամներ, Գոքինիոյ Թաղային Խորհուրդի ատենապետ պրն. Սերգօ Արապեան, ինչպէս նաեւ Թաղային Խորհուրդի ու Տիկնանց Մարմնոյ անդամներ եւ գնահատելի թիւով հաւատացեալներ։ Պատարագի երգեցողութիւնը եւ խորանի սպասարկութիւնը կատարեցին «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ սարկաւագներէն ու դպիրներէն խումբ մը։
Օրուան քարոզը փոխանցեց Գեղամ Արք. Խաչերեան։ Ան Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ ընտրած էր «Աստուած այնքան սիրեց մարդը, որ իր միածին Որդին ղրկեց աշխարհ անոր փրկութեան համար» նշանաբանը։ Ան յայտնեց, թէ Յիսուս մարմնացաւ ու մարդացաւ, որպէսզի Աստուծոյ լոյսը տարածէ աշխարհին։ Հետեւաբար անոնք, որոնք հետեւեցան Անոր՝ լուսաւորուեցան, իսկ մնացեալները մութին մէջ կորսուեցան։
Սրբազան Հայրը նաեւ յայտնեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը 2019 տարին կոչած է «Հայ Մամուլի Տարի» եւ այդ առիթով հրապարակած է յատուկ պատգամ մը, զոր Թեմի Կրօնական Ժողովի որոշումով՝ Կիրակի 27 Յունուարին պիտի ընթերցուի մեր բոլոր եկեղեցիներէն ներս։ Սրբազան Հայրը ապա հաւատացեալներուն բացատրեց անոր պարունակութիւնը եւ կարեւորութիւնը։
Ս. Պատարագէն ետք, Գալամաթայի Թաղային Խորհուրդը եկեղեցւոյ դիմաց գտնուող սրահէն ներս կազմակերպած էր Նոր Տարուան գաթայի կտրումը եւ հիւրասիրութիւն մը։ Ատենապետուհի տիկ. Սօֆի Մարգարեան, յանուն Թաղային Խորհուրդին ու շրջանի հայութեան, նախ բարի գալուստ մաղթեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Քահանայ Հօր, Ազգային Վարչութեան ատենապետին եւ ժողովուրդին։ Ապա՝ ան իր գնահատանքն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց իրենց հանդէպ ցուցաբերուած հետաքրքրութեան ու խնամքին համար։ Ետքը շնորհաւորեց բոլորին ու մաղթեց յաջողութիւն։
Անմիջապէս ետքը խօսք առաւ պրն. Պօղոս Չոլաքեան։ Ան իր կարգին գնահատեց Գալամաթայի Թաղային Խորհուրդի ու հայութեան կատարած հաւաքական աշխատանքը եւ վստահեցուց, որ յունահայոց Կրօնական ժողովն ու Ազգային Վարչութիւնը միշտ իրենց նեցուկ պիտի կանգնին, որպէսզի անոնք առաւել եւս կազմակերպուին ու նորանոր յաջողութիւններ արձանագրեն։ Պրն. Չոլաքեան յատուկ շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց Գալամաթայի քաղաքապետ պրն. Ն. Բանայիոթիսին, որ վերջերս որոշում կայացուցած էր՝ եկեղեցւոյ դիմաց գտնուող հրապարակին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձան մը զետեղելու։
Ապա՝ ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան պրն. քաղաքապետը, տիկ. փոխ-նահանգապետուհին եւ Պարէտ Քհնյ. Խաչերեան, որոնք մեծապէս գնահատեցին Գալամաթայի հայութեան տարած աշխատանքները։ Պրն. քաղաքապետը խոստացաւ նաեւ ապագային սրահ մը տրամադրել հայ համայնքին։
Ետքը հրաւիրուեցաւ Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան՝ իր խօսքը ուղղելու։ Ան շնորհաւորեց Նոր Տարուան ու Ս. Ծննդեան տօները՝ մաղթելով բոլորին քաջառողջութիւն ու յաջողութիւն։ Ան յայտնեց, թէ Յունաստանի ամբողջ տարածքին ապրող հայութիւնը յատուկ արժէք կը ներկայացնէ ազգային առաջնորդարանին համար։ Այդ առթիւ, Ազգային Վարչութիւնը իր կարելիութեան ու կարողութեան սահմաններուն մէջ, մեծ աշխատանք կը տանի անոնց ծանօթանալու, միատեղ հաւաքելու եւ համայնքային կեանքին մէջ ներառելու։ Ան յայտնեց, թէ Գալամաթայի հայութիւնը կը սկսի կամաց-կամաց հաւաքուելու եկեղեցւոյ շուրջ ու կազմակերպուելու։ Եւ վստահեցուց, որ մօտիկ ապագային անոնք հաւաքականութենէն համայնքի պիտի վերածուին եւ այդպիսով հայութիւնն ու գաղութը աւելի պիտի զօրացնեն։ Սրբազան Հայրը գնահատեց նաեւ Գոքինիոյ Հոգեւոր Հովիւը, Թաղային Խորհուրդն ու Տիկնանց Մարմինը կազմակերպուած այցելութեան համար։ Աւարտին, Սրբազան Հայրը օրհնեց Գաթան, որմէ ետքը ներկաները բաւական ժամանակ ունեցան իրար ծանօթանալու, զրուցելու եւ Գալամաթայի հայկական օճախը աւելիով շէնցնելու։
Հոգեւոր ու ազգային ծրագիրներով լեցուն օրուան աւարտին, բուլմանը գիշերուան ժամը 11ին վերադարձաւ Գոքինիա։ Իսկ հաւատացեալները գոհունակութեամբ մեկնեցան իրենց տուները։
ԹՂԹԱԿԻՑ