Ընթացիկ այցելութեանց ու Ս. պատարագի մատուցման ծիրէն ներս, Շաբաթ, 19 Փետրուար 2022-ի առաւօտուն, Յունաստանի հայոց թեմի Առաջնորդ գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեանի եւ Նէոս Գոզմոսի հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեանի մեկնեցաւ Գալամաթա։
Առաջնորդ Սրբազան հօր եւ հոգեւոր դասուն դիմաւորեցին Գալամաթայի Թաղային խորհուրդի ատենապետուհի տիկին Սօֆի Յարութիւնեան եւ փոխ ատենապետուհի տիկ. Արփինէ Յակոբեան։ Ապա տիկին Յակոբեան եւ իր ընտանիքը, կէսօրուան ճաշով պատուեցին հիւրերը։
Երեկոյեան ժամը 5-ին, «Ս. Նիկողայոս» եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ ս. պատարագ, հանդիսապետութեամբ գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի։ Ս. պատարագը մատուցեց արժ. Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեան, իսկ սարկաւագի բաժինը կատարեց արժ. Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեան։ Ներկայ էին գնահատելի թիւով հաւատացեալներ։
Ս. պատարագի ընթացքին քարոզեց Առաջնորդ Սրբազան հայրը։ Անդրադառնալով Տեառնընդառաջի, առաջաւորաց պահքի, Ս. Սարգիսի, ինչպէս նաեւ Բուն բարեկենդանի տօներուն, Սրբազան հայրը, հետզհետէ կազմաւորուելու ընթացքին մէջ եղող Գալամաթայի համայնքի անդամներուն ուշադրութեան յանձնեց եկեղեցական տօնական օրերուն եւ անոնց հետ կապուած աւանդական բարեպաշտական սովորութիւններուն կարեւորութիւնը եւ զանոնք պահպանելու անհրաժեշտութիւնը։ Ապա գնահատելով շրջանի Թաղային խորհուրդին գործունէութիւնը, քաջալերեց որպէսզի շարունակեն նոյն ձեւով հոգալ եկեղեցւոյ կարիքներն ու
նուիրումով կատարեն եկեղեցւոյ եւ համայնքին անհրաժեշտ աշխատանքները։
Աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ, տեղւոյն ազգայիններէն՝ Լենա Մարգարեանի մահուան տարելիցին առիթով։ Արարողութեան սկիզբը, Առաջնորդ Սրբազան հայրը ամփոփ բացատրական մը կատարեց հոգեհանգիստի կատարման ու հասկացողութեան մասին։
Ա. պատարագէն ետքը, Առաջնորդ Սրբազան հայրը մտերմիկ զրոյց ունեցաւ ներկայ հաւատացեալներուն հետ։ Ան դարձեալ քաջալերեց բոլորը, մասնակից դառնալու Գալամաթայի հայկական գաղութային կեանքին եւ աշխատանքներուն։ Ապա ան յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ տեղւոյն Թաղային խորհուրդի անդամներուն հետ, քննարկելով շրջանի ներկայ իրավիճակը, դժուարութիւններն ու ծրագիրները։
ԹՂԹԱԿԻՑ