Կիրակի՝ 20 Մայիս 2018ի առաւօտեան ժամը 10։30ին, Հոգեգալստեան տօնին առիթով, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ։ Ս. Պատարագը մատուցեց շրջանի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեան։ Ներկայ էին ազգային կառոյցներու, հաստատութիւններու եւ շրջանէն ներս գործող միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հոծ բազմութիւն։ Արարողութեան կը հանդիսապետէր թեմի բարեջան առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան, որ մօտաւորապէս 10 օրերէ ի վեր կը գտնուէր Թեսաղոնիկէ՝ Սելանիկի մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ ըլլալու։
Քարոզի պահուն, առաջին հերթին, շրջանի Հոգեւոր Հովիւը բարի գալուստ ու բարի կեցութիւն մաղթեց Սրբազան Հօր, որ մշտական կերպով յատուկ հոգածութիւն կը ցուցաբերէ Թեսաղոնիկէի հայութեան հանդէպ եւ հրաւիրեց, որ իր Հայրական Պատգամը փոխանցէ։
Առաջնորդ Հայրը իր մեծ ուրախութիւնը յայտնեց Թեսաղոնիկէ գտնուելուն առթիւ եւ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց շրջանի Հոգեւոր Հովիւին, Թաղական Խորհուրդին եւ գործող բոլոր միութիւններուն, որոնք յանուն այս գաղութի վերելքին կ’աշխատին ու կը փորձեն իրենց անկարելին կարելի ընել՝ ի սպաս մեր ժողովուրդի զաւակներուն հայապահպանման։ Ան բացատրեց օրուան աւետարանական հատուածն ու յայտնեց օրուան տօնին՝ Ս. Հոգիին կարեւոր նշանակութիւնն ու դերը յատկապէս հայ եկեղեցւոյ կեանքէն ներս։ Ան իր քարոզին մէջ ըսաւ.- «Հոգեգալուստի տօնը եկեղեցւոյ հաստատման տօնն է եւ եկեղեցին մեր ժողովուրդի զաւակներն են, դո՛ւք, մե՛նք, բոլորս։ Հետեւաբար, պէտք է շարունակենք յաճախակի կերպով մեր մասնակցութիւնը բերել Կիրակի օրերու Ս. Պատարագներուն եւ այլ բոլոր ձեռնարկներուն ու ելոյթներուն…»։
Ս. Պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ կից գտնուող «Հայաստան» սրահէն ներս, ի պատիւ Սրբազան Հօր, կատարուեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն։
Թղթակից