­Կի­րա­կի՝ 21 ­Յու­նո­ւար 2018ին, Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դը մեծ շու­քով կազ­մա­կեր­պեց ե­կե­ղեց­ւոյ ա­նո­ւա­նա­կո­չու­թեան տօ­նը։ Ըն­դա­ռա­ջե­լով ­Խոր­հուր­դի հրա­ւէ­րին, Ուր­բաթ՝ 19 ­Յու­նո­ւա­րի կէ­սօ­րո­ւան ժա­մը 2։30ին, Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ օ­դա­կա­յա­նը ժա­մա­նեց թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան, ո­րուն դի­մա­ւո­րե­ցին հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Պա­րէտ Քհնյ. ­Խա­չե­րեան եւ ­Խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ պրն. Գ­րի­գոր ­Գուր­պա­նեան։
­Շա­բաթ՝ 20 ­Յու­նո­ւա­րի կէ­սօ­րո­ւան ժա­մը 1ին, ­Պա­րէտ Քհնյ. ­Խա­չե­րեան ե­կե­ղեց­ւոյ բա­կին մէջ օրհ­նեց ա­ղը, որ­մէ ետք հա­ւա­տա­ցեալ տի­կին­ներ սկսան պատ­րաս­տել մա­տա­ղը։
­Կի­րա­կի՝ 21 ­Յու­նո­ւա­րի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10ին, ­Պա­տա­րա­գը մա­տու­ցեց ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րե­ցին ­Պո­լի­սէն ժա­մա­նած խումբ մը դպիր­ներ, խմբա­վա­րու­թեամբ՝ ե­կե­ղեց­ւոյ դպրա­պետ պրն. ­Դա­նիէլ ­Թա­դէո­սեա­նի։ Ըն­դա­ռա­ջե­լով ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դի հրա­ւէր­նե­րուն՝ ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ գտնո­ւե­ցան Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ Ան­թի­մոս ­Մետ­րո­պո­լի­տը, Հ.Հ. դես­պան պրն. ­Ֆա­թէյ ­Ջար­չող­լեան, Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան եւ ան­դամ տիկ. ­Զա­պէլ Այ­վա­զեան, քա­ղա­քա­պետ պրն. Է­վան­կէ­լոս ­Լամ­պա­քիս, փոխ-քա­ղա­քա­պետ պրն. Խ­րիս­թոս Ե­րա­քո­բու­լոս, փոխ-նա­հան­գա­պետ պրն. ­Տի­միթ­րի ­Բեթ­րո­վիչ, ե­րես­փո­խան­ներ, Կ.­Կո­մի­տէի ան­դամ տիկ. Ատ­րիկ Ս­տե­փա­նեան, շրջա­կայ քա­ղաք­նե­րու ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուրդ­նե­րու ա­տե­նա­պետ­ներ, ան­դամ­ներ եւ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դը։
Սր­բա­զան ­Հայ­րը իր քա­րո­զին մէջ յայտ­նեց, թէ մեր ­Տի­րոջ՝ ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը սկսաւ եր­կու մի­ջոց­նե­րով։ ­Յով­հան­նէս Մկրտի­չի եւ ­Մա­րիամ Աս­տո­ւա­ծա­մօր։ Եր­կու սուր­բե­րը ճամ­բան պատ­րաս­տե­ցին Աս­տու­ծոյ Որդ­ւոյն։ Եւ եր­կու սուր­բե­րը ընտ­րո­ւե­ցան Աս­տու­ծոյ կող­մէ. մին՝ ա­ւե­տե­լու ­Յի­սու­սի գա­լուս­տը, իսկ երկ­րոր­դը՝ ծնունդ տա­լու Ա­նոր։ Սր­բա­զան ­Հայ­րը ա­պա անդ­րա­դար­ձաւ Ս. ­Յով­հան­նու ­Կա­րա­պե­տի ծննդեան ու ա­ռա­քե­լու­թեան։ ­Մեծ ­Սուր­բը մար­դոց առ­ջեւ ճամ­բայ բա­ցաւ դէ­պի յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թիւն։ ­Սուր­բի ա­նու­նով դրոշ­մո­ւե­ցան բազ­մա­թիւ ե­կե­ղե­ցի­ներ։
Ա­նոնց­մէ ա­մէ­նէն նշա­նա­ւորն էր ­Մու­շի Ս. ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղե­ցին։ Եւ նոյն մշե­ցի­նե­րը, 1875ին ուխ­տի նոր վայր մը կա­ռու­ցե­ցին Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ մէջ։ ­Քա­րո­զի ա­ւար­տին Սր­բա­զան ­Հայ­րը հրա­ւի­րեց հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը՝ հա­ւա­տա­րիմ մնա­լու ­Սուր­բի ուխ­տին։
­Յար­գե­լով ու գնա­հա­տե­լով Ան­թի­մոս ­Մետ­րա­պո­լի­տի եւ մեծ թի­ւով քա­ղա­քա­կան անձ­նա­ւո­րու­թեանց ներ­կա­յու­թիւ­նը՝ Սր­բա­զան ­Հայ­րը յու­նա­րէն լե­զո­ւով յայտ­նեց իր շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը։ Ան ը­սաւ, թէ նոյն օ­րը ա­ղօթ­քի հա­մաշ­խար­հա­յին օր է եւ Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ Ս. ­Յով­հան­նու ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղե­ցին այդ գա­ղա­փա­րին խօ­սուն պատ­կերն ու ո­գին կը ներ­կա­յաց­նէ։
Ա­ւար­տին, տե­ղի ու­նե­ցան Ս. Ծննդեան տօ­նի առ­թիւ ջրօրհ­նէ­քը, մա­տա­ղօրհ­նէ­քը, ա­պա՝ հո­գե­հան­գիստ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ սպա­սար­կած հո­գե­ւոր հո­վիւ­նե­րու, դպրաց դա­սի եւ ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րու հո­գի­նե­րուն հա­մար։
Ետ­քը՝ ե­կե­ղեց­ւոյ դա­սին մէջ եր­գո­ւե­ցան «­Կի­լի­կիա»ն, ինչ­պէս նաեւ հայ­կա­կան ու յու­նա­կան ո­գերգ­նե­րը, ա­պա՝ ­Մետ­րա­պո­լիտն ու քա­ղա­քա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րը շնոր­հա­ւո­րե­ցին Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը ու Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեա­նը։
­Կէ­սօ­րո­ւան ժա­մը 1։30ին, «Ան­կե­լոս» ճա­շա­րա­նին մէջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ պաշ­տօ­նա­կան ճաշ­կե­րոյ­թը։ ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ պրն. Գ­րի­գոր ­Գուր­պա­նեան՝ խօսք առ­նե­լով, շնոր­հա­ւո­րեց տօ­նա­կան օ­րե­րը, ա­պա՝ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր, Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տին ու պրն. դես­պա­նին՝ ի­րենց ներ­կա­յու­թեան հա­մար։ Ետ­քը՝ բեմ հրա­ւի­րուե­ցաւ պրն. ­Ֆա­թէյ ­Ջար­չող­լեան։ Ան շնոր­հա­ւո­րեց տեղ­ւոյն հա­յու­թիւ­նը ե­կե­ղեց­ւոյ տօ­նին ա­ռի­թով։ Գ­նա­հա­տեց հո­գե­ւոր հո­վի­ւին ու ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դի ե­կե­ղե­ցա­նո­ւէր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Ինչ­պէս նաեւ՝ թե­լադ­րեց ժո­ղո­վուր­դին, որ­պէս­զի միշտ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­վա­նիին ներ­քեւ ըլ­լան։ Ան ա­ւել­ցուց, նաեւ, թէ իւ­րա­քան­չիւր հայ կը ներ­կա­յաց­նէ ­Հա­յաս­տա­նը եւ դես­պա­նու­թիւ­նը, ա­նոնց կող­քին է, օգ­տա­կար դառ­նա­լու՝ ո­րե­ւէ կա­րի­քի պա­րա­գա­յին։
­Ճաշ­կե­րոյ­թի ըն­թաց­քին միօ­րեայ վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը, գլխա­ւո­րու­թեամբ՝ ու­սուց­չու­հի­ներ տիկ­նայք Ար­մի­նէ Մ­խի­թա­րեա­նի եւ ­Սո­ֆիա Ա­միր­խա­նեա­նի, ներ­կա­յա­ցու­ցին գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գիր մը։ Ետ­քը տե­ղի ու­նե­ցան ­Հայ Գ­թու­թեան ­Խա­չի «Ե­րե­ւան» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան գա­թա­յի կտրու­մը եւ վի­ճա­կա­հա­նու­թիւ­նը։
Ա­ւար­տին, եզ­րա­փա­կիչ խօս­քով հան­դէս ե­կաւ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան։ Ան իր շեշ­տը դրաւ հա­ւատ­քի նո­րո­գու­թեան հիմ­նա­կան միտ­քին վրայ։ Ա­ռա­ւել եւս հաս­տա­տեց, թէ ա­մէն տա­րի պէտք է տօ­նա­կա­տա­րենք Ս. ­Յով­հան­նու ­Կա­րա­պե­տի յի­շա­տա­կը, որ­պէս­զի նո­րո­գո­ւինք եւ մեր շրջա­պատն ալ նո­րո­գենք Աս­տու­ծոյ շուն­չով ու հայ­կա­կան ո­գիով։ Ա­պա՝ Սր­բա­զան ­Հայ­րը օրհ­նեց ուխ­տա­ւոր­նե­րը։

ԹՂԹԱԿԻՑ