Այս տա­րի եւս, մեծ շու­քով նշո­ւե­ցաւ Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ «Ս. ­Յով­հան­նու ­Կա­րա­պետ» ե­կե­ղեց­ւոյ տօ­նախմ­բու­թիւ­նը։ Ուր­բաթ՝ 17 ­Յու­նո­ւար 2020ին, ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ղօրհ­նէք ձե­ռամբ Ար­տա­ւազդ վրդ. ­Շա­րո­յեա­նի։
Ա­ղի օրհ­նու­թեան ներ­կայ գտնո­ւե­ցան «Ս. ­Յով­հան­նու ­Կա­րա­պետ» ե­կե­ղեց­ւոյ երգ­չա­խում­բի ան­դա­մու­հի­նե րը, ո­րոնք եր­գե­ցո­ղու­թեան ճամ­բով ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին եւ միաս­նա­բար ա­ղի օրհ­նու­թիւ­նը կա­տա­րե­ցին։
Օրհ­նու­թե­նէն ետք, հայր սուր­բը խօ­սե­ցաւ ա­նոնց՝ քրիս­տո­նէա­կան ար­ժէք­նե­րու մա­սին ը­սե­լով, ճշմա­րիտ քրիս­տո­նեա­ներ ըլ­լա­լու հա­մար մաք­րու­թիւ­նը անհ­րա­ժեշտ է եւ խիստ կա­րե­ւոր, այն­պէս ինչ­պէս այ­սօր այս ա­ղը օրհ­նե­ցինք ո­րուն մի­ջո­ցաւ մա­տա­ղը պի­տի մաք­րո­ւի եւ սրբո­ւի. նոյն­պէս ալ մենք մեր հո­գի­նե­րը ա­ղօթ­քի, բա­րե­գոր­ծու­թեան ու նո­ւի­րո­ւա­ծու­թեան ընդ­մէ­ջէն պէտք է սրբենք եւ մաք­րենք, որ­պէս­զի այս ա­ղի նման ըլ­լան սպի­տակ եւ ա­նա­րատ։ ­Շա­բաթ՝ 18 ­Յու­նո­ւար 2020ի ա­ռա­ւօ­տեան հո­գա­բար­ձութեան ան­դամ­նե­րը մեծ խան­դա­վա­րու­թեամբ եւ ու­րա­խու­թեամբ անցան մա­տա­ղի պատ­րաս­տու­թեան։ Ե­րե­կո­յեան երբ մա­տա­ղի պատ­րաս­տու­թիւ­նը ա­ւար­տին հա­սաւ, ան­մի­ջա­պէս սկիզբ ա­ռաւ սի­րոյ սե­ղա­նի պատ­րաս­տու­թիւ­նը, որ­պէս­զի ա­ւե­լի ուշ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը ի մի խմբո­ւե­լով այդ սի­րոյ սե­ղա­նին շուրջ ճո­խա­նա­յին եւ ճո­խաց­նէին ե­րե­կոն ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ։
­Կի­րա­կի՝ 19 ­Յու­նո­ւար 2020ի ա­ռա­ւօ­տեան սկիզբ ա­ռաւ Ս. եւ Ան­մահ պա­տա­րա­գը։ ­Պա­տա­րա­գիչն էր ­Յու­նաս­տա­նի ա­ռաջ­նոր­դա­կան փո­խա­նորդ ­Յով­հան­նէս վրդ. ­Սաղ­տը­ճեան։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րե­ցին ե­կե­ղեց­ւոյ նոր պատ­րաս­տո­ւած երգ­չա­խում­բի ան­դա­մու­հի­նե­րը ղե­կա­վա­րու­թեամբ Ար­տա­ւազդ վրդ. ­Շա­րո­յեա­նի։ Ա­նոնք ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով շատ գե­ղե­ցիկ կեր­պով եր­գե­ցին Ս. եւ Ան­մահ պա­տա­րա­գը, որ նոյ­նիսկ ներ­կա­նե­րուն զար­մանք, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ու­րա­խու­թիւն պատ­ճա­ռեց. այն ի­մաս­տով որ եր­կար տա­րի­ներ ետք ե­կե­ղե­ցին ու­նե­ցաւ իր երգ­չա­խում­բը։
­Հայր ­Սուր­բը իր քա­րո­զի ըն­թաց­քին անդ­րա­դար­ձաւ ­Յով­հան­նու ­Կա­րա­պե­տի կեան­քին, յոր­դո­րե­լով հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն եւս հե­տե­ւե­լու ա­նոր օ­րի­նա­կին՝ Ք­րիս­տո­սի խօս­քին տա­րա­ծիչ­նե­րը հան­դի­սա­նա­լով եւ ի­րենց կեան­քի օ­րի­նա­կով յար­դել ա­նոր երկ­րորդ գա­լուս­տը։
­Վեր­ջա­պէս թա­ղա­կա­նու­թեան հրա­ւէ­րով ճաշ­կե­րոյ­թին ներ­կայ գտնո­ւե­ցան օ­րո­ւան պաշ­տօ­նա­կան հիւ­րե­րը ուխ­տա­ւոր հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ։ ­Սոյն ճաշ­կե­րոյ­թին նաեւ ներ­կայ էին չորս շրջան­նե­րու (­Գա­վա­լա, Օ­րես­դիա­տա, Ք­սան­թի, ­Գո­մո­թի­նի) թա­ղա­կա­նու­թեանց ա­տե­նա­պե­տե­րը, միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­ներ։ ­Բաց­ման խօս­քը կա­տա­րեց Ար­տա­ւազդ վրդ. ­Շա­րո­յեա­նը։ ­Ճաշ­կե­րոյ­թը ճո­խա­ցու­ցին Ա­լեք­սանտ­րու­պո­լոյ միօ­րեայ վար­ժա­րա­նի փոք­րիկ­նե­րը, ի­րենց կա­տա­րում­նե­րով ներ­կա­յա­ցու­ցին հայ­կա­կան ճա­շա­կը պա­րի ու եր­գի ընդ­մէ­ջէն։ Ս­րա­հին մէջ, երգ­չա­խում­բի ան­դա­մու­հի­նե­րը եւս ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին, «Ե­րե­ւան- Է­րէ­բու­նի» եր­գով։ ­Վեր­ջա­պէս ճաշ­կե­րոյ­թը վերջ գտաւ հայր ­Յով­հան­նէ­սին խօս­քով։ ­Հայր սուր­բը իր խօս­քին մէջ, ող­ջու­նեց բո­լոր ներ­կա­նե­րուն, ո­րոնք տար­բեր շրջա­նե­րէ ե­կած էին ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րե­լու եւ լե­ցո­ւե­լու Ս. ­Յով­հան­նու ­Կա­րա­պե­տի շուն­չով ու ո­գիով։ ­Խօս­քին մէջ նաեւ անդ­րա­դար­ձաւ միօ­րեայ վար­ժա­րա­նի փոք­րիկ­նե­րուն եւ ա­նոնց դաս­տիա­րակ­նե­րուն, գնա­հա­տե­լով ա­նոնց տա­րած անձ­նու­րաց աշ­խա­տան­քը եւ ճի­գը, որ ի գին ա­մէն բա­նի մեր զա­ւակ­նե­րը հա­յու­թեան ո­գիով եւ մես­րո­պեան շուն­չով կը լից­քա­ւո­րեն։

ԹՂԹԱԿԻՑ