Այս տարի եւս, յատուկ շուքով եւ հանդիսաւորութեամբ նշուեցաւ Ալեքսատրուպոլսոյ Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ տօնը, նախագահութեամբ եւ հանդիսապետութեամբ Յունաստանի Հայոց Թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. արք. Խաչերեանի եւ մասնակցութեամբ Թրակիոյ բարեպաշտ ժողովուրդին:
Կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյս Թաղական խորհուրդին, Շաբաթ, 20 Յունուար 2024-ի առաւօտեան ժամը 8։30-ին, տեղի ունեցաւ աղօրհնէք եւ ոչխարներու զենում, ապա եկեղեցւոյ հաւատացեալ տիկինները սկսան մատաղի պատրաստութիւնը։
Կէսօրուան ժամը 12։30-ին, տեղի ունեցաւ Առաջնորդ Սրբազան հօր հանդիպումը Ալեքսատուպոսոյ մետրապոլիտին հետ, որուն ընթացքին շեշտուեցան եւ սիրալիր զրոյցի առարկայ դարձան հայ եւ յոյն եկեղեցիներու յարաբերութիւնները։
Նոյն օրուան երեկոյեան ժամը 7։30-ին, Ալեքսատուպոլսոյ Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, տեղի ունեցաւ ժողովրդական ընդունելութիւն եկեղեցւոյ բակին մէջ, ուր Սրբազան հայրը օրհնեց հացը եւ ապա յաջորդեց հոգեւոր ձեռնարկ եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ եւ հանդիսապետութեամբ Թեմիս Բարեջան առաջնորդ գերշ. Տ. Գեղամ արք. Խաչերեանին։
Ելոյթին ներկայ գտնուեցան թաղականութեան անդամները, հաւատացեալները եւ ծնողները։ Ձեռնարկը սկսաւ Տէրունական աղօթքով, ապա միօրեայ վարժարանի փոքրիկները ներկայացուցին արտասանութիւններ եւ երգեր, իսկ եկեղեցւոյ «Մեղեդի» երգչախումբը երգեց փունջ մը շարականներ։ Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ գնահատեց բոլորին, իսկ աւարտին երգուեցաւ «Կիլիկիա» երգը։
Կիրակի, 22, Յունուար 2024-ի, առաւօտեան ժամը 10։30-ին, մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։ Եկեղեցին լեցուն էր հաւատացեալներով եւ պաշտօնական հիւրերով։ Պատարագիչն էր թեմակալ Առաջնորդ Գեղամ սրբազանը, իսկ պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց երկսեռ դպրաց դասը, ղեկավարութեամբ Տ. Դանիէլ քհնյ. Գալօղլեանի։
Պատարագին ներկայ գտնուեցան Ալեքսանտրուպոսոյ շրջանի մետրապոլիտը եւ պետական մարմիններու ներկայացուցիչները, Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ շրջաններու թաղականութեանց ներկայացուցիչներ, Հայ Գթութեան Խաչի ներկայացուցիչները եւ մեծ բազմութեամբ հաւատացեալներ։
Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի ծննդեան ու կեանքին, շեշտելով անոր առաքելութիւնը։ Սրբազան հայրը ողջունեց բոլոր ներկաները եւ յաջողութիւն մաղթեց, շնորհաւորելով եկեղեցւոյ տօնը եւ եկեղեցասէր մարմիններու անխոնջ աշխատանքը։
Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ մատաղօրհնութիւն եւ հոգեհանգիստ եկեղեցւոյ սուրբ սեղանին սպասարկած եւ անդարձ մեկնած բոլոր հոգեւորականներուն, սարկաւագներուն, դպիրներուն եւ նուիրատուներուն յիշատակին։
Ընկալեալ սովորութեամբ, պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ աւանդական ճաշկերոյթ «Արիոն» ճաշասրահին մէջ։ Սրբազան հօր օրհնութեամբ սկսաւ ճաշկերոյթը, ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որ խանդավառութիւն ստեղծեց ներկաներուն մէջ։
Այս անգամ եւս, Ալեքսանտրուպոլսոյ Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ տօնախմբութիւնը հոգեկան վերելքի ու ազգային բարձր տրամադրութիւն ստեղծող առիթ մը եղաւ։
ԹՂԹԱԿԻՑ