Պսակաձեւ ժահրի համաճարակին պատճառաւ, Յունաստանի բոլոր եկեղեցիները երկու ամիս փակ մնալէ ետք, Կիրակի՝ 17 Մայիս 2020ին, դարձեալ բացին իրենց դռները ու վերսկսան Կիրակի օրուան Ս. Պատարագի արարողութիւնները։
Գոքինիոյ «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց հոգեւոր հովիւ Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեան, մասնակցութեամբ սարկաւագաց ու դպրաց դասի լրիւ անդամներուն։ Ներկայ էին Թաղային խորհուրդի ու Տիկնանց մարմնոյ անդամները, շրջանիս կառուցային, բարեսիրական ու մարզական միութիւններու վարչական անդամներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդը։ Հարկ է նշել, թէ անոնք հետեւեցան պետութեան կողմէ առողջապահական խիստ ցուցմունքներուն եւ եկեղեցւոյ տարածութեան համապատասխան արտօնուած թիւին։
Տ. Պարէտ քահանայ իր քարոզի նշանաբանը ընտրած էր «Բժիշկ հիւանդաց, բժշկեայ զիմ զհիւանդութիւն» տողը։ Ան յայտնեց, թէ Յիսուս երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին, Իր ժողովուրդին կողմէ կոչուեցաւ վարդապետ, ուսուցիչ, քաջ հովիւ, գթացող, ինչպէս նաեւ բժիշկ հիւանդաց։ Իրեն դիմող հիւանդներուն բժշկեց առանց խտրութիւն դնելու. բաւ էր երկնաւոր Հօր հանդէպ անձին հաւատքը։ Եւ ահա պահը եկաւ դարձեալ դիմելու մեր Տիրոջ՝ Յիսուսին։ Միլիոնաւոր մարդիկ աղօթեցին եւ բժշկութիւն խնդրեցին Անորմէ, հաւատալով երկնաւոր Հօր, երկնային անսահման զօրութեան ու հրաշագործութեան։
Քարոզի աւարտին, Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեան խրախուսեց հաւատացեալներուն, տոկուն ու խօսուն պահելու Աստուծոյ հանդէպ իրենց հաւատքը ու որեւէ կարիքի դիմելու Անոր։ Եւ այն որ հաւատայ պիտի փրկուի։
Ս. պատարագի ընթացքին, հաւատացեալներէն ոմանք ստացան Ս. հաղորդութիւն եւ աւարտին բոլորը հոգենորոգ ցնծութեամբ եւ իրար հետ միասին դարձեալ ըլլալու գոհունակութեամբ մեկնեցան իրենց բնակարանները։
ԹՂԹԱԿԻՑ