­Կի­րա­կի, 4 ­Դեկ­տեմ­բեր 2022-ին, ­Գո­մո­թի­նիի «Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ» ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ նշո­ւե­ցաւ Ս. ­Յա­կո­բի տօ­նը։
Ուր­բաթ, 2 ­Դեկ­տեմ­բե­րի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 8։30-ին, կա­տա­րո­ւե­ցաւ ա­ղօրհ­նէք եւ ոչ­խարներու զենում, ա­պա ե­կե­ղեց­ւոյ ­Տիկ­նանց միու­թեան հետ միա­սին Հ.Գ.­Խա­չի ան­դամ­նե­րը եւ հա­ւա­տա­ցեալ տի­կին­ներ սկսան պատ­րաս­տել մա­տա­ղը։
­Շա­բաթ, 3 ­Դեկ­տեմ­բե­րի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 6։00-ին կա­տա­րո­ւե­ցաւ ե­րե­կո­յեան ժա­մեր­գու­թիւն եւ նա­խա­տօ­նակ Ս. ­Յա­կոբ Մծբ­նա­ցի ­Հայ­րա­պե­տի յի­շա­տա­կին։
­Կի­րա­կի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10։30-ին մա­տու­ցուե­ցաւ ­Սուրբ եւ ան­մահ պա­տա­րագ, որ մա­տու­ցեց ­Յու­նաս­տա­նի ­Թե­մի ­Բա­րե­ջան ա­ռաջ­նորդ ­Գերշ. ­Տէր ­Գե­ղամ Ս. արք. ­Խա­չե­րեան։ ­Խո­րա­նին վրայ սպա­սար­կեց Ա­ռաջ­նոր­դա­կան փո­խա­նորդ ­Հոգշ. Տ. ­Յով­հան­նէս Ծ. վրդ. ­Սաղ­տը­ճեան, ­Պա­տա­րա­գի եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րեց ե­կե­ղեց­ւոյ դպրաց դա­սը ղե­կա­վա­րու­թեամբ ­Տէր ­Դա­նիէլ քհնյ. ­Գա­լօղ­լեա­նի։
­Պա­տա­րա­գին ներ­կայ գտնո­ւե­ցան պե­տա­կան մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ Ա­լեք­սա­տու­պոլսոյ, Ք­սան­թիի, ­Գա­ւա­լա­յի եւ ­Տի­տի­մօ­թի­քո­յի ­Թա­ղա­յին խոր­հուրդ­նե­րու ան­դամ­ներ, ինչ­պէս նաեւ մեծ թի­ւով հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուրդ։
­Պա­տա­րա­գիչ Սր­բա­զան հայ­րը իր քա­րո­զին մէջ նախ անդ­րա­դար­ձաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի նա­խա­լու­սա­ւո­րիչ­նե­րուն՝ Ս. ­Թա­դէոս ու Ս. ­Բար­թո­ղի­մէոս ա­ռա­քեալ­նե­րուն, ո­րոնք Ք­րիս­տո­սի խօսքն ու հա­ւատ­քը բե­րին հայ ժո­ղո­վուր­դին։ Ա­պա Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ այդ հա­ւատ­քը պաշ­տօ­նա­կա­նա­ցուց 301 թո­ւին։
«­Մենք հա­ւատ­քի ժո­ղո­վուրդ դար­ձանք, ո­րով­հե­տեւ ճանչ­ցանք Աս­տու­ծոյ եւ մեր անձն ու կեան­քի նպա­տակ­նե­րը վստա­հե­ցանք Ա­նոր։ Իսկ սուր­բե­րը՝ Աս­տու­ծոյ ու մեր մի­ջեւ միջ­նորդ­ներն են, ո­րոնք կը բա­րե­խօ­սեն Աս­տու­ծոյ մօտ մեր մա­սին։ Եւ մենք որ­պէս ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն, յա­տուկ յի­շա­տա­կու­թեամբ շնոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նենք ա­նոնց։ ­Սուր­բի մը տօ­նը ուխ­տա­ւո­րու­թիւն է եւ ոչ միայն հան­դի­սու­թիւն։ Ուխ­տը միա­ժա­մա­նակ խոս­տում է, որ պէտք է յար­գո­ւի ամ­բող­ջու­թեամբ»։ Սր­բա­զան հայ­րը հաս­տա­տեց, թէ Ք­րիս­տո­նէու­թիւ­նը ապ­րե­լու ու յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քի կրօնք է։ Եւ հայ ժո­ղո­վուր­դը կը սի­րէ ապ­րիլ, ո­րով­հե­տեւ կը հա­ւա­տայ Աս­տու­ծոյ եւ յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քին։ Ա­պա Սր­բա­զան հայ­րը հրա­ւի­րեց բո­լո­րը հա­ւատ­քի զօ­րու­թեամբ նո­րո­գե­լու ի­րենց ուխ­տը։
­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին պա­տա­րա­գիչ Սր­բա­զան հայ­րը կա­տա­րեց Ջ­րօհրհ­նէք եւ ­Մա­տա­ղօրհ­նէք, որ­մէ ետք տե­ղի ու­նե­ցաւ հո­գե­հան­գիստ՝ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ծա­ռա­յած հան­գու­ցեալ կղե­րա­կան դա­սու, դպիր­նե­րու, ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րու եւ բա­րե­րար­նե­րու յի­շա­տա­կին։
Ա­ւար­տին, դպրաց դա­սը թա­փօ­րով մը ուղ­ղուե­ցաւ ե­կե­ղեց­ւոյ սրահ, ուր միաս­նա­բար եր­գեց «­Կի­լի­կիա», ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Յու­նաս­տա­նի ո­գերգնե­րը ու ստա­ցաւ Սր­բա­զան հօր օրհ­նու­թիւ­նը։
­Պա­տա­րա­գէն ետք ժա­մա­նեց ­Գո­մո­թի­նիի ­Փան­տե­լէի­մոն ­Մետ­րա­պո­լի­տը։ Ան հա­մայն­քին ազ­գա­յին սրա­հին մէջ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր շնոր­հա­ւո­րեց Ս. ­Յա­կո­բի տօ­նին առ­թիւ, ինչ­պէս նաեւ հո­գե­ւոր հո­վիւ­նե­րուն ու ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դին մաղ­թեց յա­ջո­ղու­թիւն։
Ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թե­նէն ետք, սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Հայ Գ­թու­թեան ­Խա­չի «Է­րե­բու­նի» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան պա­զա­րը։
­Կէ­սօ­րո­ւան ժա­մը 2։30-ին տե­ղի ու­նե­ցաւ տօ­նի ճաշ­կե­րոյ­թը քա­ղա­քի պան­դո­կի մը ճա­շաս­րա­նին մէջ։ Սր­բա­զան հայ­րը նախ օրհ­նեց սե­ղա­նը, ա­պա ­Յով­հան­նէս Ծ. վրդ. ­Սաղ­տը­ճեան խօսք առ­նե­լով՝ յա­նուն ­Գո­մո­թի­նիի ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դին բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց ներ­կա­նե­րուն եւ անդ­րա­դար­ձաւ հայ ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ւան­դու­թեանց ու սո­վո­րու­թեանց, ո­րոնք կա­րե­ւոր մէկ մաս­նիկն են հայ ժո­ղո­վուր­դի գո­յու­թեան ու գո­յա­տեւ­ման։
­Ճաշ­կե­րոյ­թի ըն­թաց­քին, հայ­կա­կան միօ­րեայ վար­ժա­րա­նի ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը, գլխա­ւո­րու­թեամբ ու­սուց­չու­հի տիկ. ­Ռու­զան­նա ­Զոհ­րա­պեա­նի, ներ­կա­յա­ցուց գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գիր մը։ Մ­շա­կու­թա­յին միու­թեան պա­րա­խում­բը ներ­կա­յա­ցուց հայ­կա­կան պա­րեր։
­Միու­թեան «Է­րե­բու­նի» երգ­չա­խում­բը հան­դէս ե­կաւ 3 եր­գե­րով ղե­կա­վա­րու­թեամբ ­Դա­նիէլ քհնյ. ­Գա­լօղ­լեա­նի։
­Տիկ­նանց միու­թիւ­նը պատ­րաս­տած էր շատ գե­ղե­ցիկ տօ­նա­կան զար­դա­րանք­ներ, ո­րուն հա­սոյ­թը պի­տի յատ­կա­ցո­ւէր կա­րի­քա­ւոր ե­րե­խա­նե­րուն։
­Յայ­տա­գի­րի ա­ւար­տին Սր­բա­զան հայ­րը իր խօս­քին մէջ նշեց հա­յե­րէն լե­զո­ւի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը եւ ե­րե­խա­նե­րու դպրոց յա­ճա­խե­լու եւ մեր ա­պա­գայ սե­րուն­դի դաս­տիա­րա­կե­լու մա­սին՝ ե­կե­ղեց­ւոյ, միօ­րեայ վար­ժա­րա­նի եւ մշա­կու­թա­յին միու­թեան ճամ­բով։

ԹՂԹԱԿԻՑ