Այս տարի եւս, Գոքինիոյ «Ս. Յակոբ» եկեղեցին նշեց իր անուանակոչութեան տօնը, հաւատացեալներու հոծ մասնակցութեամբ եւ եպիսկոպոսական հանդիսաւոր պատարագով։
Ուրբաթ՝ 13 Դեկտեմբեր 2019ի երեկոյեան ժամը 4ին, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պարէտ քհնյ. Խաչերեան օրհնեց անուանակոչութեան տօնի մատաղի աղը, որմէ ետք Տիկնանց մարմնոյ անդամներն ու հաւատացեալներ սկսան պատրաստութեան աշխատանքներուն։
Նախապէս, Թաղային խորհուրդն ու Տիկնանց մարմինը արդէն լծուած էին տօնի կազմակերպչական աշխատանքներուն, լաւագոյն կերպով պատրաստելու համար երեք օրերու վրայ ընթացող աշխատանքներու եւ տօնախմբութեան շարքը։
Կիրակի՝ 15 Դեկտեմբեր 2019ի, եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ առաւօտեան ժամերգութիւն, որուն յաջորդեց եպիսկոպոսական հանդիսաւոր ս. պատարագ։
Յունաստանի Հայոց թեմի Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, ընդառաջելով Թաղային խորհուրդի հրաւէրին մատուցեց ս. պատարագը, որու քառաձայն երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ դպրաց դասը, խմբավարութեամբ Քերոբ Էքիզեանի, իսկ երգեհոնի վրայ՝ Լիանա Սարեանի։
Թաղային խորհուրդի յղած հրաւէրներով, տօնին ներկայ գտնուեցան հայ աւետարանական համայնքի վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Պօղոս Չոլաքեան, փոխատենապետ Նազար Աւագեան ու անդամներ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգ. Կեդր. վարչութեան անդամ տոքթ. Արմէն Տէրեան, Ազգային վարչութեան նախկին ատենապետ Արա Մանկոյեան, Թեմական Երեսփոխանական ժողովի շրջանի պատգամաւորները, Թաղային խորհուրդներու ու միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ ուխտաւոր ժողովուրդը։ Հարկ է նշել, թէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտները ներկայ եղան եկեղեցւոյ մէջ՝ պատուոյ շարքը կազմակերպելու համար։
Քարոզէն առաջ, օրուան աւետարանը ընթերցուեցաւ աշխարհաբարով։ Ապա պատարագիչ Սրբազան հայրը իր քարոզը սկսաւ «Տէր, զօրացո՛ւր իմ հաւատքս» նշանաբանով։
Անդրադառնալով Աւետարանի այն խիստ պատուէրին, որ մարդիկ պէտք է զգոյշ ըլլան ուրիշներուն գայթակղութեան պատճառ դառնալէ, Սրբազան հայրը շեշտեց, անձնական կեանքի օրինակով նոր սերունդին բարի օրինակ ըլլալու անհրաժեշտութիւնը։ Տարիքի յառաջացման բերումով, շիջող սերունդին հետ պէտք չէ, որ մեր հայկական օճախներէն շիջին նաեւ հայկական շունչն ու ոգին։
«Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնակատարութեան անդրադառնալով, Սրբազան հայրը շեշտեց,, որ անիկա իր մէջ կը պարփակէ ո՛չ միայն սուրբին հանդէպ հաւատքը, այլ նաեւ մեր նախորդ սերունդներուն բարեպաշտ հաւատքը, աւանդական կենցաղակերպը եւ ազգային ոգին, որուն պահպանումը նոր սերունդին մօտ շատ դժուար կը թուի, նկատի առած՝ նոր ժամանակներու կեանքի պայմանները։ Սրբազան հայրը նշեց հաւատքի զօրութեամբ անհնարինը հնարաւոր դարձնելու աւետարանական պատգամը, որ մեր նախորդները Աւետարանին մէջ նշուած անպիտան ծառայի սկզբունքով անսակարկ ծառայութեամբ իրենց կեանքը նուիրեցին ազգին ու եկեղեցիին։
Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ աւանդական մատաղօրհնութիւնն ու հոգեհանգիստը, որմէ ետք՝ երգուեցան «Կիլիկիա» մաղթերգը ու «Մեր հայրենիք» ոգերգը, ապա դպրաց դասն ու ժողովուրդը թափօրով ուղղուեցան եկեղեցւոյ շրջաբակը, ուր Առաջնորդ Սրբազան հայրը յատուկ կերպով շնորհաւորեց դպրաց դասը, երգչախումբը եւ խորանի սպասարկողները ու օրհնեց հաւատացեալ ժողովուրդը։ Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան եկեղեցւոյ գրասենեակէն ներս ընդունեց պաշտօնական անձնաւորութեանց շնորհաւորութիւնները։
Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 8։00ին, «Զաւարեան» կեդրոնի «Զաքարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Յակոբի տօնի պաշտօնական ճաշկերոյթը, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան հօր։ Թաղային խորհուրդի հրաւէրներուն համաձայն, ներկայ գտնուեցան Ազգային Վարչութեան ատենապետ Պօղոս Չոլաքեան, ատենադպիր Թագւոր Յովակիմեան, Ազգ. Կեդր. վարչութեան անդամ տոքթ. Արմէն Տէրեան, Թաղային խորհուրդի եւ Տիկնանց մարմնոյ անդամները, եկեղեցւոյ դպիրներն ու սարկաւագները եւ երգչախումբի անդամները։
Առաջնորդ Սրբազան հօր սեղանի օրհնութենէն ետք, Պարէտ քհնյ. Խաչերեան, խօսք առնելով յանուն Թաղային խորհուրդին ու Տիկնանց մարմնոյ, իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Թեմակալ Առաջնորդի ներկայութեան ու հանդիսապետութեան համար։ Աւելցուց, որ Ս. Յակոբի տօնին Սրբազան հօր մասնակցութիւնը եւ հայրական պատգամը առաւել եւս ներշնչում, քաջալերանք ու հաւատք կը շնորհէ շրջանի ժողովուրդին։ Յայտնեց, թէ Առաջնորդ Սրբազան հայրը, շրջանի հոգեւոր հովիւին հետ մնայուն կապակցութեամբ, մօտէն կը հետեւի Գոքինիոյ եւ շրջակայգի հոգեւոր եւ ազգային աշխատանքներուն։ Շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ նաեւ Ազգային վարչութեան, որ քաջալեր կը հանդիսանայ Թաղային խորհուրդի աշխատանքներուն։
Քահանայ հայրը շնորհաւորեց եկեղեցւոյ Թաղային խորհրդոյ ու Տիկնանց մարմնոյ անդամները, դպրապետը, սարկաւագներն ու դպիրները իրենց եկեղեցանուէր անխոնջ ծառայութեան ու ներդրումին համար։
Ապա, ողջոյնի ու շնորհաւորական խօսքերով հանդէս եկան Ազգային վարչութեան ատենապետը եւ Թաղային խորհրդոյ ատենապետ Սերգօ Արապեան։ Յաջորդաբար, հրաւիրուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան հայրը իր հայրական խօսքը ուղղելու։ Ան ջերմօրէն շնորհաւորեց «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, Թաղային խորհուրդի ու Տիկնանց մարմնոյ անդամները եւ գնահատեց տօնի կազմակերպչական աշխատանքը։ Նաեւ, յատուկ կերպով գնահատեց ու քաջալերեց դպրաց դասի անդամներու ծառայութիւնը։
Թաղային խորհուրդի տնօրինման համաձայն, ճաշկերոյթի ընթացքին յատուկ յուշանուէրներով պատիւի արժանացան եկեղեցւոյ Տիկնանց մարմնոյ վաստակաշատ անդամուհիներ Մարօ Միքայէլեանն ու Այտա Գալայճեանը։ Անոնք շատ երկար տարիներ անձնուէր ու անվերապահ իրենց ծառայութիւնը բերած են ու տակաւին կը շարունակեն բերել եկեղեցւոյ գոյատեւման ու պայծառացման առաքելութեան մէջ։ «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ համար անոնց զոհողութեան ոգին ինքնուրոյն դրոշմը արդէն թողած է յաջորդող սերունդներուն մօտ։ Թաղային խորհուրդի փափաքին համաձայն, Առաջնորդ Սրբազան հայրը յուշանուէրները յանձնեց երկու ազնուական տիկիններուն եւ փոխանցեց նաեւ իր գնահատանքի խօսքը։ Ան յայտնեց, թէ պարգեւատրեալ երկու տիկինները խօսուն վկաներն են օրուան քարոզին ու խորհուրդին։ Անոնք իրենց ծնողներէն ստանալով քրիստոնէական հաւատքը, ծառայեցին ու նուիրաբերեցին ի սէր Աստուծոյ ու ազգին։
Պաշտօնական խօսքերու աւարտին ճաշկերոյթը շարունակուեցաւ տօնական ուրախ մթնոլորտին մէջ։
ԹՂԹԱԿԻՑ