Անց­նող շա­բա­թա­վեր­ջին, ­Գո­մո­թին­նի Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ նշո­ւե­ցաւ Ս. ­Յա­կո­բի ա­նո­ւա­նա­կո­չու­թիւ­նը: Ար­դա­րեւ, Ուր­բաթ, 8 ­Դեկ­տեմ­բե­րի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մեր­գու­թեան յա­ջոր­դեց ա­ղօրհ­նէք եւ ոչ­խար­նե­րու զե­նում, ո­րոնց­մէ ետք մա­տա­ղի պատ­րաս­տու­թիւն՝ մին­չեւ ե­րե­կո­յեան ուշ ժա­մե­րը: ­Յա­ջորդ օ­րը, ­Շա­բաթ ե­րե­կո­յեան, ժա­մը 7:30-ին, ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ժա­մեր­գու­թիւն, նա­խա­գա­հու­թեամբ ­Յու­նաս­տա­նի թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Գերշ. Տ. ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեա­նի: Ա­ւար­տին սրտի խօսք ար­տա­սա­նեց Սր­բա­զան հայ­րը: Ան նկա­տել տո­ւաւ, որ կը տօ­նենք սուր­բի մը տօ­նը ո՛չ միայն ա­նոր կեն­սագ­րու­թիւ­նը սոր­վե­լու, այլ նաեւ ծա­նօ­թա­նա­լու ա­նոր գոր­ծե­րուն եւ ապ­րե­լու ա­նոր օ­րի­նա­կով: «Ապ­րինք Ս. ­Յա­կո­բի օ­րի­նա­կով եւ ըլ­լանք հա­ւատ­քի մարդ, կամ­քի տէր մարդ», Սր­բա­զան հայ­րը շեշ­տեց` ա­ւելց­նե­լով, որ հե­տաքրք­րու­թեան աշ­խար­հը փո­խո­ւած է մեր ժո­ղո­վուր­դի կեան­քին մէջ, եւ մեր ժո­ղո­վուր­դը նա­հան­ջի մէջ է, սա­կայն մենք կը փոր­ձենք միաց­նել մեր ազ­գա­յին, հո­գե­ւոր ու մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թիւ­նը: Ա­ւար­տին Տ. ­Յով­հան­նէս Ծ. Վրդ. ­Սաղ­տը­ճեան ե­կե­ղեց­ւոյ ըն­տա­նի­քին ա­նու­նով շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Սր­բա­զան հօր եւ մե­ծա­պէս գնա­հա­տեց դպրաց դա­սի ան­դամ­նե­րուն կա­տա­րու­մը:
­Շա­բաթ ե­րե­կո­յեան ժա­մը 8:30-ին ուխ­տա­ւոր հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դը ­Գո­մո­թի­նիի սրա­հին մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ սի­րոյ սե­ղա­նին, հիւ­րըն­կա­լու­թեամբ ­Գո­մո­թի­նիի թա­ղա­կա­նու­թան։ ­Կի­րա­կի, 10 ­Դեկ­տեմ­բե­րի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10:30-ին, ­Գո­մո­թի­նիի Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ս. եւ ան­մահ պա­տա­րագ՝ նա­խա­գա­հու­թեամբ ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի բա­րե­ջան ա­ռաջ­նորդ ­Գերշ. Տ. ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեա­նի, ա­ռըն­թե­րա­կա­յու­թեամբ ­Յու­նաս­տա­նի թե­մի ա­ռաջ­նոր­դա­կան փո­խա­նորդ ­Յով­հան­նէս Ծ. վրդ. ­Սաղ­տը­ճեա­նի եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէիի հո­գե­ւոր հո­վիւ Ե­ղեա աբղ. ­Մալ­խա­սեա­նի։ ­Ներ­կայ էին շրջա­նի պե­տա­կան մար­մին­նե­րը, թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը եւ շրջա­նի հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դը։ ­Ներ­կայ ժո­ղո­վուր­դին ուղ­ղո­ւած իր քա­րո­զին մէջ, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը ը­սաւ, որ դա­րեր շա­րու­նակ մեր ժո­ղո­վուր­դը եր­կիւ­ղա­ծու­թեամբ նշած է Ս. ­Յա­կոբ Մծբ­նայ հայ­րա­պե­տին տօ­նը` ա­ւելց­նե­լով, որ թէ­կուզ պատ­մու­թեան մէջ յստակ չէ ա­նոր ծա­գու­մը, սա­կայն մեր ժո­ղո­վուր­դը 4-րդ ­դա­րէն մին­չեւ այ­սօր զինք կը դա­ւա­նի որ­պէս հայ եւ որ­պէս յաղ­թող ու քաջ սուրբ մը: Սր­բա­զա­նը դի­տել տո­ւաւ, թէ մեր ժո­ղո­վուր­դը հա­մո­զո­ւած է, որ իր պաշ­տած սուր­բը ան­կաս­կած ի­րեն հա­մար Աս­տու­ծոյ մօտ բա­րե­խօս կը մնայ` ա­նոր փո­խան­ցե­լով իր իղ­ձերն ու բաղ­ձանք­նե­րը:
«Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ ա­նո­ւա­նա­կո­չու­թեան ա­ռի­թով, Ս. ­Յա­կո­բը յի­շե­լով մենք ալ մեր սրտին իղ­ձե­րը ի­րեն կ­՚ուղ­ղենք` խնդրե­լով, որ մե­զի հա­մար ինք բա­րե­խօս ըլ­լայ Աս­տու­ծոյ մօտ եւ կեան­քի պա­տա­հար­նե­րուն դի­մաց իր օ­րի­նա­կով մենք ալ ջա­նանք ըլ­լալ յաղ­թող», շեշ­տեց Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը: ­Շա­րու­նա­կե­լով իր խօս­քը, ան նկա­տել տո­ւաւ, որ մեր կեան­քին մէջ բազ­մա­թիւ ա­ւան­դու­թիւն­ներ եւ ա­ւանդ­ներ հաս­տա­տո­ւած են նա­խորդ սե­րունդ­նե­րուն կող­մէ եւ հարց տո­ւաւ, թէ ար­դեօք մե­րօ­րեայ կեան­քին մէջ զա­նոնք ո՛ր­քա­նով պա­հած ենք եւ ա­նոնք ո՛ր­քա­նով կ­՚առն­չո­ւին մեր կեան­քին, այդ բո­լո­րով ինչ­պէ՛ս կը փոր­ձենք զօ­րա­նալ, սրբու­թիւն բե­րել մեր կեան­քին հա­մար, յաղ­թա­նակ տա­նիլ բո­լոր այն ե­րե­ւոյթ­նե­րուն դէմ, ո­րոնք ան­դա­դար կը ձգտին ա­ղա­ւա­ղել քրիս­տո­նէա­կան եւ ազ­գա­յին մեր նկա­րա­գի­րը: Սր­բա­զան ­Հայ­րը կոչ ուղ­ղեց` այդ նո­ւի­րա­կան ա­ւանդ­նե­րը պա­հե­լու եւ զա­նոնք ա­նա­ղար­տօ­րէն փո­խան­ցե­լու սե­րուն­դէ սե­րունդ: Անդ­րա­դառ­նա­լով Ս. ­Յա­կո­բին կեան­քին, Սր­բա­զան հայ­րը յայտ­նեց, որ մեր ժո­ղո­վուր­դը զինք կը յի­շէ իբ­րեւ այն անձ­նա­ւո­րու­թիւ­նը, որ ժո­ղո­վուր­դին մօտ հա­ւատք ամ­րաց­նե­լու հա­մար յա­ռա­ջա­ցած տա­րի­քին ա­ռան­ձինն փոր­ձեց բարձ­րա­նալ Ա­րա­րատ լե­րան գա­գա­թը եւ ­Նո­յեան տա­պա­նէն մաս­նիկ մը բե­րել եւ զայն ժո­ղո­վուր­դին ներ­կա­յաց­նել որ­պէս հա­ւատ­քի փաստ: Եզ­րա­փա­կե­լով իր խօս­քը` Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը յոր­դո­րեց սրբու­թեամբ վա­րել մեր կեան­քը, որ­պէս­զի հա­րա­զա­տօ­րէն կա­րե­նանք տես­նել այն հո­րի­զո­նը, ուր պար­տինք հաս­նիլ իբ­րեւ ժո­ղո­վուր­դի մը զա­ւակ­ներ, որ տա­կա­ւին ան­կա­տար իղ­ձեր եւ ի­տէալ­ներ ու­նի: Ան նշեց, որ մեր զօ­րու­թիւնն ու մե­ծու­թիւ­նը կը կա­յա­նան մեր իս­կու­թեան մէջ, հա­րա­զա­տօ­րէն ապ­րե­լով մեր հա­ւատ­քը, մեր ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թեամբ եւ սուր­բե­րուն ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ: ­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին կա­տա­րո­ւե­ցաւ մա­տա­ղօրհ­նէք եւ ջրօրհ­նէք:
Այ­նու­հե­տեւ «­Փո­սի­տո­նիօ» ճա­շա­րա­նին մէջ մա­տու­ցո­ւե­ցաւ սի­րոյ սե­ղան` նա­խա­գա­հու­թեամբ Սր­բա­զան հօր եւ ներ­կա­յու­թեամբ յոյն պե­տա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու, Թ­րա­կոյ շրջա­նի ժո­ղո­վուր­դին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ուխ­տա­ւոր­նե­րուն եւ ­Գո­մո­թի­նիի հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին: Ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­կա­նու­թեան ա­տե­նա­պետ պր. Ս­տե­փան ­Մատ­թէո­սեան ներ­կա­նե­րուն բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց։ Ան նաեւ շնոր­հա­կա­լա­կան խօսք ուղ­ղեց բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք սա­տա­րե­ցին տօ­նախմ­բու­թեան ա­ռի­թով տա­րո­ւած աշ­խա­տանք­նե­րուն: Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­վիւ Տ. ­Յով­հան­նէս Ծ. վրդ. ­Սաղ­տը­ճեան բա­ցատ­րեց մէկ­տե­ղու­մին նպա­տա­կը, որն է` տէր դառ­նալ մեր նախ­նի­նե­րուն կտա­կած ժա­ռան­գին, վե­րա­նո­րո­գել մեր ուխ­տը` ե­կե­ղեց­ւոյ ծա­ռա­յե­լու, նաեւ` մեր ազ­գի յա­ւեր­ժա­կան գո­յու­թեան եւ լի­նե­լու­թեան հա­մար: ­Գո­մո­թի­նիի միօ­րեայ վար­ժա­րա­նի ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը, տի­կին ­Ռու­զան­նա ­Զօհ­րա­պեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ, ներ­կա­յա­ցուց փունջ մը հայ­րե­նա­սի­րա­կան բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներ եւ մշա­կու­թա­յին միու­թեան ե­րի­տա­սարդ­նե­րը հան­դէս ե­կան ազ­գա­յին պա­րե­րով։ ­Գո­մո­թի­նիի Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ դպրաց դա­սը, ղե­կա­վա­րու­թեամբ` Տ.­Դա­նիէլ քհնյ. ­Գա­լող­լեա­նի ներ­կա­յա­ցուց հո­գե­ւոր եւ ազ­գա­յին եր­գեր: ­Յա­ջոր­դա­բար, եր­կար տա­րի­ներ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­կա­նու­թեան ան­դամ եւ ­Գո­մո­թի­նի մշա­կու­թա­յին միու­թեան ա­տե­նա­պետ տիար ­Պետ­րոս ­Մել­քո­նեան պա­տո­ւոյ գիր ստա­ցաւ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­կա­նու­թեան կող­մէ՝ առ ի ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն իր կա­տա­րած ե­կե­ղե­ցա­կան-ազ­գա­յին եւ մշա­կու­թա­յին քա­ռաս­նա­մեայ գոր­ծու­նէու­թեան։ ­Սի­րոյ սե­ղա­նին եզ­րա­փա­կիչ խօս­քը ար­տա­սա­նեց Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը, որ գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նեց այն մա­սին, թէ մեր ժո­ղո­վուր­դին զա­ւակ­նե­րուն մէջ տա­կա­ւին հա­ւատ­քը կ­՚ապ­րի, եւ այդ հա­ւատ­քին շնոր­հիւ մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն եւ մեր կա­ռոյց­նե­րուն մէջ ան­հատ­ներ կա­մա­ւո­րա­բար կը գոր­ծեն, որ­պէս­զի մենք մեր նկա­րա­գի­րով շա­րու­նա­կենք մեր կեան­քին ըն­թաց­քը: Ան գնա­հա­տեց ե­կե­ղեց­ւոյ մեծ ըն­տա­նի­քին տա­րած աշ­խա­տան­քը` ե­կե­ղեց­ւոյ պայ­ծա­ռու­թեան հա­մար:
Նշենք, որ ճաշկերոյթի ընթացքին Գոմոթինիի միօրեայ վարժարանի աշակերտները, ինչպէս նաեւ Մշակութային միութեան պարախումբերու անդամները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին պարուսոյց տիկ. Ռուզանա Զոհրապեանին, իրեն նուիրելով փունջ մը ծաղիկ եւ շնորհակալական գիր։
Տօնախմբութեան առիթով, Հայ Գթութեան Խաչի Գոմոթինիի մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպեց հայկական ճաշերու եւ իրերու պազար, որուն ընդառաջեց շրջանի ժողովուրդը եւ գնահատեց խաչուհիներու ժրաջան աշխատանքը։

ԹՂԹԱԿԻՑ