Ամանորեան ու տօնական օրերու խոստմնալից եւ յուսադրիչ օրերուն, Յունաստանի հայոց թեմի Ատտիկէի շրջանի երեք եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ, Յունուար 1ին՝ գոհաբանական, Յունուար 5ին՝ Ճրագալոյց, իսկ Յունուար 6ին՝ Յիսուսի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան ցնծալից եւ բարեբաստիկ տօներուն առիթներով։
Կ՚արժէ նշել, որ երկրորդ տարին ըլլալով՝ թեմակալ առաջնորդ սրբազան հայրը՝ Գեղամ Արք. Խաչերեան, գեղեցիկ, այլեւ յուզումնախառն զգացումներով լի, կենարար Աստուծոյ ուղղուած որդիական երախտագիտութեամբ, հին տարիէն դէպի նոր տարին թեւակոխող առաջին ժամերուն՝ փոքր թուով հաւատացեալներու, ինչպէս նաեւ «Ս. Կարապետ» եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին ընկերակցութեամբ՝ եկեղեցի մտաւ ու գոհաբանական աղօթք մատուցանեց կենսապարգեւ Աստուծոյ։
Տարիներու անխախտ աւանդութեան համաձայն՝ 6 Յունուարին, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով, հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը, նպաստաւորուած՝ կլիմայական համեմատաբար բարեխառն կացութենէն, առաւօտեան իսկ ժամերէն, «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» առաջնորդանիստ մայր եկեղեցի փութալով՝ աղօթակից էր դարձած ժամարար հովիւին, որ կ՚առաջնորդէր առաւօտեան ժամերգութիւնը։
Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Ս. Պատարագը մատուցանեց թեմակալ առաջնորդ սրբազան հայրը, առնթերակայութեամբ՝ եկեղեցւոյ հովիւին։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Գարլօ եւ Եղիա սարկաւագներ, իսկ ճաշու գիրքը կարդաց Էմմանուէլ Հացիկեան դպիրը։ Հաւատացեալներու կողքին ներկայ էին նաեւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ բժիշկ Արմէն Տէրեան, թեմի Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Պօղոս Չոլաքեան, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Սերգօ Գույումճեան, այլեւ՝ Գոքինիոյ «Ս. Յակոբ», Ֆիքսի «Ս. Կարապետ» եւ Քալամաթայի «Ս. Նիկողայոս» եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներու անդամները։
Ս. Պատարագի քառաձայն ու ներդաշն երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյս դպրաց դասը, ղեկավարութեամբ՝ դպրապետ Մկրտիչ Գրիգորեանի եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Տիրուհի Գրիգորեանի։
Պատարագիչ առաջնորդ սրբազան հօր՝ Գեղամ Արքեպիսկոպոս Խաչերեանի քարոզախօսութեան բնաբանը առնուած էր Մովսէս Քերթողի գրիչին պատկանող եւ Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան մասին՝ Հայց. Եկեղեցւոյ դաւանաբանութիւնը դրսեւորող «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի» զգլխիչ շարականին յաջորդող տողերէն.- «Այսօր երկինքը մեծապայծառ աւետիսով կը ցնծայ, քանի որ երկրի բոլոր արարածները փրկութեան հանդերձ զգեցան»: Սրբազան Հայրը նշեց, թէ Յիսուսի ծնունդը աւետուեցաւ ամբողջ աշխարհին՝ պարզ ու խոնարհ հովիւներուն եւ աստղագիտակ մոգերուն հաւասարապէս, որոնք յաջորդաբար՝ ընդունելով աւետիսը եւ հետեւելով լուսափայլ աստղին, արժանի եղան տեսնել Աստուածորդին, որ երկինքէն երկիր իջած էր փրկելու համար անհունօրէն սիրած, բայց մեղանչումով Աստուծմէ հեռացած, իր արարածները։ Սրբազան Հօր քարոզախօսութեան ընդմէջէն քաղուած միտք բանին այն էր՝ որ Յիսուս Մանուկի ծնունդը մարդ արարածի փրկութեան յոյսն է, յաւիտենական կեանքի ժառանգակից ըլլալու Աստուծոյ անխախտ խոստումն է, այլեւ կնիքը՝ Աստուած-մարդ հաշտութեան։ Այսօր եւս, Աստուծոյ հրաւէրը յղուած է բոլորիս անխտիր։ Հովիւները հրեշակին աւետիսին ի լուր, փութացին դէպի Յիսուս Մանուկը ու երկրպագելով՝ իրենց հաւատարմութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնեցին Անոր, իսկ մոգերը՝ իրենց գիտական հետաքրքրութեան գոհացում տալու համար, անվարան կերպով արտորացին դէպի Բեթղեհէմի Մսուրը եւ խոնահաբար՝ իրենց նուէրները փոխանցելով Յիսուս Մանուկին, հաստատեցին Անոր յաւիտենական թագաւորութեան իշխանութիւնը։
Ս. Պատարագէն անմիջապէս ետք, պատարագիչ Առաջնորդ Սրբազանին ձեռամբ կատարուեցաւ ջրօրհնէքի արարողութիւնը՝ ի յիշատակ Յիսուս Քրիստոսի մկրտութեան, որ մեկնակէտն էր իր երկրաւոր առաքելութեան, խաչի ճանապարհին եւ զոհաբերութեան ու վերջապէս մարդ արարածի մեղքերու քաւութեան եւ փրկութեան։ «Առաքելոյ աղաւնոյ» շարականի երգեցողութեամբ, ինչպէս նաեւ դարաւոր միւռոնի հեղմամբ շարունակուող արարողութեան ընթացքին, խաչը ջուրին մէջ թաթխուեցաւ, ապա՝ ջուրէն հանուելով տրուեցաւ խաչի կնքահօր՝ պատանի դպիր Արթին Աքսարէլեանին, որ խորհրդաբար, իր այդ պաշտօնով, կը ներկայացնէր՝ Յորդանան գետի մէջ Յիսուսը մկրտող Յովհաննէս Մկրտիչը։ Սրտագրաւ այս արարողութեան ներկայ գտնուող հաւատացեալ ժողովուրդը եւս, ինքնաբուխ ձայնակցութեամբ, իր մասնակցութիւնը բերաւ «Ամէն. ալէլուիա, ալէլուիա, ալէլուիա» խանդավառ օրհներգի Խմբային կրկներգին։
Աւարտին, եկեղեցւոյ դպրաց դասին կողմէ խմբերգուած «Կիլիկիա» հայրենաբաղձ երգին ու հայրենիքի յաղթապանծ քայերգին ունկդրութենէն ետք, դպրաց դասը, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան նուիրուած «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի» շարականի երգեցողութեամբ, առաջնորդ սրբազանը ուղեւորեց դէպի ազգային առաջնորդարանի դահլիճը, իսկ ներկայ հաւատացեալները, յատուկ սրուակներու մէջ օրհնուած ջուր առնելով՝ իրենք եւս առաջնորդուեցան դէպի դահլիճ, ուր «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ կանանց յանձնախումբը կազմակերպած էր տօնական կոկիկ հիւրասիրութիւն մը, որ առիթ տուաւ հոն հաւաքուած հայրենակիցներուն՝ Ս. Ծննդեան ու Ամանորեան զոյգ առիթներով զիրար շնորհաւորելու եւ առողջութեան ու գործերու յաջողութեան, ինչպէս նաեւ բարեբեր տարի մը ունենալու մաղթանքներ փոխանակելու։
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ։
Ձեզի եւ մեզի մեծ Աւետիս։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Ս. Ծնունդ եւ Ջրօրհնէք՝ Աթէնքի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցւոյ մէջ
Ս. Ծնունդ եւ Ջրօրհնէք՝ Աթէնքի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցւոյ մէջ
Ս. Ծնունդ եւ Ջրօրհնէք՝ Աթէնքի առաջնորդանիստ «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» մայր եկեղեցւոյ մէջ