Ամենայն բարեաց աղբիւր Ամենակալ զԱստուած փառաբանելու երախտապարտ զգացումներով, Ամանորի եւ Աստուածայայտնութեան կենսուրախ եւ սուրբ տօներուն առթիւ հայրական սիրով կ՛ողջունենք Յունաստանի Հայոց Թեմի մեր սիրելի ժողովուրդին բոլոր զաւակները։
Ամբողջ տարի մը եւս ապրած ըլլալով` անձնական թէ հաւաքական կեանքի առաւել եւ նոր փորձառութիւն ձեռք ձգած, վառ յոյսրերով եւ ակնկալութիւններով նոր բացուող տարուոյն կը նայինք անցնող տարուան իրագործումներուն, յաջողութիւններուն եւ եւ ինչու չէ նաեւ թերացումներուն, յուսախաբութիւններուն, անկատար մնացած իղձերուն պրիսմակէն, մաղթելով եւ յուսալով որ նոր տարին ըլլայ աւելի լաւ եւ բարեբեր: Նորի գաղափարը եւ զգացումը գրաւիչ է ամէն իմաստով, ինչպէս նաեւ՝ անհրաժեշտ։ Առանց նորին, նորոգութեան, նորոգուելուն՝ չկայ գոյութեան յարատեւութիւն։ Ամէն գոյութիւն՝ էակ թէ առարկայ, նորոգութեան կը կարօտի, այլապէս կը դադրի գոյութիւն ունենալէ։ Աստուածաստեղծ բնութեան էութեան մէջ նորոգութիւնը էական պահանջք է։ Մարդկային մարմինը, կենդանական թէ բուսական աշխարհը բնական եւ յարատեւ ինքնանորոգման բնազդական ընթացքի մէջ են։
Նորի գաղափարը, կարիքը եւ հրամայականը զգալի դարձնողը հինն ու հնութիւնն են։ Եթէ չըլլայ հինը, նորին կարիքը զգալի պիտի չըլլայ։ Պատմութեան հոլովոյթը եւ մարդկային գիտակցութեան մեր փորձառութիւնը ապացուցած են, որ մեր այս բնութիւնը սահմանափակ ու տկար է եւ հետեւաբար՝ փոփոխական եւ անցողական։ Ամէն ինչ փոփոխութեան եւ հոլովոյթի ենթակայ է։ Միւս կողմէ, սակայն, մեր բնութեան սահմանափակ ըլլալու գիտակցութիւնը խթանած է մարդկային պրպտող միտքը դարերու ընթացքին փնտռելու անփոփոխելին, յաւիտենականը. ու պատճառ եւ արդիւնք տեսական տրամաբանութեան հիմքի վրայ, իւրաքանչիւր արդիւնքին պատճառը փնտռելով յանգած է անպատճառ պատճառի գերիվեր էութեան ըմբռնումին՝ Աստուծոյ, որ Արարիչն է բոլոր ստեղծագործութեանց։
Քրիստոս Ծնաւ եւ յայտնեցաւ։
Մարդ արարածը Աստուծոյ ծանօթութիւնը ունեցաւ Աստուծոյ յայտնութիւններուն ընդմէջէն։ Աստուածաշունչը, որուն ընդմէջէն Աստուած ինքզինք յայտնեց մարդուն, Աստուածայայտնութեան հոլովոյթի պատմութիւնն է։ Հին Կտակարանէն սկսելով՝ Աստուած ինքզինք բացայայտեց բնութեան զանազան տարրերով եւ երեւոյթներով, մինչեւ հասաւ ատենը, որ ժամանակի լրումին Աստուած Սուրբ Ծննդեան դէպքով ֆիզիքապէս յայտնուեցաւ մարդոց մէջ։ Աստուածորդին մարդեղացաւ եւ մարդոց մէջ շրջեցաւ։
Սուրբ Ծնունդը Փրկիչի գալստեան Աստուծոյ կողմէ մարդուն կատարած խոստումին իրականացումն է։ Յիսուս Քրիստոսի մարդեղացումով, Աստուծոյ տնօրինած փրկագործական ծրագիրը իր վճռական հանգրուանին մէջ մտաւ։
Քրիստոս շրջեցաւ մարդոց մէջ, քարոզեց, ուսուցանեց եւ Աստուծոյ Արքայութեան հիմքերը դրաւ եւ Աւետարանը դէպի այդ Արքայութեան առաջնորդող մեզի աւանդ թողուց։
Աւետարանը՝ որ Նոր Ուխտի հիմքը կը կազմէ, ուղղեցոյց մըն է յաւիտենական կեանքի։ Աւետարանով մարդը ըմբռնեց յաւտենական կեանքը եւ անոր սկզբունքները։ Այլ խօսքով՝ մարդը կոչուեցաւ նաեւ այս անցաւոր կեանքէն անդին տեսնելու եւ մնայուն յաւիտենական արժէքներու մասին իմանալու։ Մարդը կոչուեցաւ իր սիրտն ու հոգին իրական, անկորնչելի գանձերու մէջ դնելու, երկնային յաւիտենական գանձեր դիզելու ճիգին մէջ ըլլալու, փոխանակ այս անցողական աշխարհի նիւթական հարստութեանց ապաւինելու։ Հետեւաբար, Ս. Ծննդեան տօնին խորհուրդին մէջ կարելի է տեսնել իսկական արժէքներու ճանաչման կամ վերանայման, վերարժեւորման պատգամ։
Այսօրուան ներկայ աշխարհը իր ընկերա-քաղաքական հոլովոյթին մէջ արժէքներու վերիվայրումի լուրջ տագնապ կ՛ապրի։ Այսօրուան մարդկային ընկերութեան մէջ, ժողովրդավարութեան, պարզութեան, ազատամտութեան, յառաջդիմութեան պիտակին տակ ամենայն հեշտութեամբ արժէքներու, սկզբունքներու, արժեչափերու անտեսում կը քաջալերուի։ Մակերեսայնացումը նորաձեւութիւն դարձած է եւ աշխարհը հետզհետէ կը տքայ տափակ, աժան եւ անմակարդակ մտայնութեանց եւ կենցաղակերպներու տակ։
Եկեղեցին իր քրիստոնէական նկարագրով կոչուած է այս աշխարհի մէջ մարդը դէպի երկնային, յաւիտենական արժէքներ առաջնորդելու։ Եկեղեցւոյ ուսուցողական առաքելութեան մաս կը կազմէ հաւատացեալներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու աստուածահաճոյ առաքինութեանց եւ կեանքի սկզբունքներու վրայ, որոնք ոչ մէկ իմաստով հնութեան եւ ժամանակավրէպ ըլլալու ենթակայ են։
Ուրեմն, այնքան ատեն որ մեր կեանքը լի է իսկական արժէքներով, գնահատման արժեչափերով եւ անխախտ չափանիշերով, հնութիւնը ոչ մէկ ձեւով տեղ կրնայ գրաւել մեր կեանքին մէջ, եւ մենք կարիքը չենք ունենար նորոգուելու որովհետեւ չէ հինցած որպէսզի նորոգուի։
Աստուածայայտնութեան ճանաչումով է որ մենք առաջնորդուեցանք աստուայային արժէքներու ճանաչման։ Հետեւաբար, մենք կոչուած ենք ոչ միայն ճանչնալու այդ արժէքները, այլեւ յարգելու զանոնք եւ մանաւանդ յարգել յարգալիր ըլլալու սկզբունքը։ Արժէքները մեզմէ իւրաքանչիւրին կամքէն եւ քմայքէն կախեալ չեն։ Մենք պարտաւոր ենք պահելու աստուածային եւ ազգային եւ մարդկային արժէքներն ու սկզբունքները, պատշաճութիւնները, մտածելակերպը։ Եթէ Աստուած իր մարդեղացումով Մարդը յարգեց, հապա որքան մարդը ինք պարտաւոր է յարգելու իր նմանը։ Այս հաւատքով եւ գիտակցութեամբ կը դիմաւորենք նոր տարին, որ կը բացուի ոչ միայն մեզմէ իւրաքանչիւրին կեանքին առջեւ, այլեւ մեր հաւաքական եւ ազգային կեանքին առջեւ։ Ընդունինք մարդեղացեալ Փրկչին Ծնունդը որպէս աստուածային արժէքներու բացայայտում մեր կեանքին մէջ։ Մարդկային մեր կեանքի մակարդակն ու որակը բարելաւելու ընկերա-հոգեբանական փորձագիտութիւնը կը թելադրէ, որ իւրաքանչիւր նոր տարուան սկիզբը, մարդիկ՝ ապագային նկատմամբ լաւն ու բարին ցանկալու տրամադրութեան կողքին, նաեւ յանձնառու ըլլան նոր եւ շինիչ որոշումներ առնելու եւ զանոնք նոր տարպուան ընթացքին իրագործելու։ Թող այս նոր տարուան համար մեր անհատական թէ ազգային կեանքի համար առնուելիք որոշումներուն գլխաւորներուն կարգին ըլլայ մեր կեանքերը եւ գործերը աստուածային, ազգային եւ մարդկային արժէքներով հարստացնելու որոշումը։
Այս հաւատքով եւ ակնկալութեամբ հայրական ջերմ սիրով կ’ողջունենք,
Ատիկէի եւ շրջակայքի մեր ժողովուրդը, որ կազմելով Յունաստանի Հայոց Թեմի կեդրոնական եւ հայահոծ շրջանները, որուն առիւծի բաժինը վերապահուած է կարեւոր դեր խաղալու յունասհայութեան ազգային նկարագրին ու դիմագծին պահպանման մէջ։
Յատուկ կերպով կ՛ողջունենք Թեսաղոնիկէի շրջանի մեր պատուական ժողովուրդի զաւակները, որոնք ի հեճուկս բոլոր դժուարութեանց, արիօրէն կը մաքառին պահելու եւ պահպանելու նախնիներէն աւանդ մնացած ազգային արժէքները։
Հայրական հոգատար պատասխանատուութեամբ կ՛ողջունենք Թրակիոյ հեռաւոր շջրաններուն մէջ ապրող ու իրենց հայկական ինքնութեան ամրօրէն կառչած մնալու վճռակամութեամբ ապրող մեր ժողովուրդի զաւակները:
Աղօթող ենք, որ Սուրբ Ծննդեան խաղաղութեան աւետիսը անգամ մը եւս համակէ համայն մարդկութեան սրտերը եւ աստուածասիրութեան ճամբով մարդասիրութեամբ խաղաղ համակեցութեան հրաւիրելու աշխարհը, Թող Ամենաբարին Աստուած բարին տնօրինէ ի մասնաւորի Հայաստանին, Հայ Եկեղեցւոյ եւ սիրելի յունահայութեան այժմ եւ յաւիտեանս յաւիտենից ամէն։
Օրհնութեամբ
ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ
ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ