Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան
առաջնորդական հանդիսաւոր ս. պատարագ Աթէնքի մէջ
Ի գիտութիւն մեր հաւատացեալ ժողովրդեան, այսու կը ծանուցանենք, թէ Ուրբաթ, 6 Յունուար 2023-ին, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով, Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդարանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ եւ յաւուր պատշաճի քարոզէ Յունաստանի հայոց թեմի բարեջան Առաջնորդ
ԳԵՐԱՇՆՈՐՀ Տ. ԳԵՂԱՄ
ՍՐԲԱԶԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԽԱՉԵՐԵԱՆ
-Սկիզբ Ս. Պատարագի՝ առաւօտեան ժամը 10-ին։
— Ս. Մկրտութեան Ջրօրհնէք՝ ժամը 12-ին։
2023 տարուան առաջին հանդիսաւոր տօնին, եկեղեցւոյս հոգաբարձութիւնը անհուն սիրով ու կարօտով կը հրաւիրէ իր ծխականները Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստածայայտնութեան նուիրուած զոյգ տօներուն, որպէսզի առիթը ունենանք բոլորս ﬕասին աղօթել աշխարհի խաղաղութեան, հիւանդներու բժշկութեան, Հայաստանի ու Արցախի ապահովութեան համար։
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ,
ՁԵԶԻ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ
ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ
ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ